Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Ա. ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

11-15 Օգոստոս 2022-ին, Forest Club բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի սկաուտական խմբապետական առաջին դաստիարակչական բանակումը, մասնակցութեամբ 20 խոստմնալից արի-արենոյշներու։

Այսպէս, բանակումին առաջին օրը, Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2022-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին հաւաքուեցանք Ստեփանակերտի հրապարակ, «Արմենիա» պանդոկի դիմաց, ուրկէ ճամբայ ելանք դէպի Forest Club բանակավայր։ Ճամբան հանդիպեցանք թիւ 2 դպրոց, ուրկէ առինք սկաուտական գաւազաններն ու պարանները։

Բանակավայր հասնելէ ետք, բանակողները առաւելաբար սկաուտները, զբաղեցան վրանները լարելով, իսկ արենոյշները՝ խոհանոցի դասաւորումով։ Բանակումի ամբողջ տեւողութեան մեզի հետ մնաց խոհարար մը, որ օրը-օրին ճշդապահութեամբ եւ սիրով կատարեց իր պարտականութիւնները։

Կէսօրին, ճաշելէ ետք, մասնակիցները բաժնուեցան երեք խմբակներու (Բազէ, Առիւծ եւ Արծիւ), ապա տեղի ունեցաւ վրաններու բաժանումը, ուր տեղաւորուելէ ետք, բոլորը զբաղեցան բանակավայրի մաքրութեամբ։

Քիչ մը հանգիստէ ետք յստակացան գիշերուան հերթապահներու եւ պահակներու ցուցակներն ու իրենց պահակութեան ժամերը։ Կատարուեցաւ այնպիսի դասաւորում, որ բոլոր բանակողներն ալ ամէն գիշեր պահակութիւն կատարեն, տարբեր ժամերու։

Ապա, մասնակիցներուն բացատրուեցաւ դրօշակի իմաստը, դրօշակի արարողութեան կարեւորութիւնը, իմաստը եւ զայն գործածելու ձեւերը։

Նոյն օրուան երկրորդ դասախօսութիւնը խարոյկ պատրաստելու եւ վառելու, ինչպէս նաեւ խարուկահանդէս կազմակերպելու ձեւերն ու զայն իրականացնելու կարեւորութեան մասին էր։

Երեկոյեան, ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ բանակումին առաջին խարուկահանդէսը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց բանակողներուն մօտ։ Բանակողները վայելեցին պատմական սամովարով պատրաստուած համադամ թէյը։ Ժամը 11-ին քնանալու ժամն էր, սակայն բանակողները այնքան ոգեւորուած էին, որ ամբողջ գիշեր չքնացան։

Բանակումին երկրորդ օրը, Ուրբաթ, 12 Օգոստոսը եղաւ չափազանց հետաքրքրական. առաւօտեան զարթնում, լուացուիլ, մարզանք, վրաններու մաքրութիւն, դրօշակի արարողութիւն, նախաճաշէն եւ վրաններու քննութենէն ետք, բանակողները աշխուժութեամբ աշխատանքի անցան։

Օրուան առաջին դասախօսութիւնը պահակութեան մասին էր (իմաստ, կարեւորութիւն, փոխանցման ձեւ, ապահովութիւն...), ապա փոքր հանգիստ, խաղ ու կանչէ ետք, ապագայ մեր խմբապետական կազմը վերաքաղ մը կատարեց հետախուզական նշաններու եւ այնուհետեւ երկու խումբի բաժնուած՝ կատարեց անոնց գործնականը, որուն անհամբեր կը սպասէին։ Արշաւէն ետք, երկու խումբերը քով-քովի եկան, բաղդատական կատարեցին դրուած եւ բացայայտուած հետախուզական նշաններուն շուրջ եւ արդիւնքը գոհացուց բոլորը։

Կէսօրուան ճաշէն եւ հանգիստէն ետք, բանակողները զրուցեցին խմբապետի մը յատկութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին եւ կենդանի օրինակներով ընդգծեցին իւրաքանչիւր կէտի կարեւորութիւնը։

Կէսօրէ ետք, խարուկահանդէսի ծրագիրին պատրաստուելէ եւ խարոյկի համար փայտ հաւաքելէ ետք, օրուան վերջին դասախօսութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառոյցին մասին էր, որուն մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան մասնակիցները (Կեդրոնական, Շրջանային, մասնաճիւղի եւ մեկուսի մասնաճիւղի վարչութիւններու ընտրութիւն, աշխատանքային տարիներ, պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ)։

Դրօշակի արարողութենէն եւ ընթրիքին ետք, տեղի ունեցաւ օրուան աշխատանքի արժեւորում։ Բոլոր մասնակիցներն ալ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան օրուան յայտագիրին մասին եւ ամբողջական նկատեցին զայն։ Եզրափակիչ աշխատանքը բոլորին սիրելի խարուկահանդէսն էր, զոր հետաքրքրական նորութիւններով կատարեցին խմբակները։

Ժամը 11-ին հանգում։ Օրուան հերթապահն ու պահակները անցան իրենց պարտականութիւններուն, իսկ մնացեալները՝ վրան։ Բանակումի երկրորդ օրն ալ յաջողութեամբ աւարտեցաւ։

Բանակումին երրորդ օրը, մթնոլորտին ամբողջովին ընտելացած՝ ապագայ խմբապետները աւելի ինքնավստահ ու համարձակ կատարեցին օրուան յայտագիրը։

Սովորական աշխատանքներէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան հրաւէրով, կէսօրին բանակավայր այցելեց Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախարարութենէն տոքթ. Տիգրան Ղազարեան եւ դասախօսեց նախնական բուժօգութեան մասին։

Բժիշկը մեծ համբերութեամբ եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ մարդոց արտակարգ իրավիճակի եւ անկէ դուրս գալու միջոցներուն մասին, կեդրոնացաւ զանազան տեսակի թունաւորումներու եւ անոնց բուժման միջոցներուն մասին, խստօրէն թելադրելով ինքնաբուժում չկատարել։ Ան նաեւ ներկայացուց մարդու մարմնի համակարգին զանազան բաժինները, ինչպէս նաեւ գործնական աշխատանքներ կատարեց Շտապ օգնութիւն կանչելու, պատգարակ պատրաստելու եւ հիւանդը հիւանդանոց փոխադրելու միջոցներու մասին։ Ան յատկապէս շեշտեց առանց բժիշկի խորհուրդին դեղորայք չտալ ոեւէ հիւանդի։ Բժիշկը թուարկեց նաեւ այն բոլոր անհրաժեշտ դեղերն ու նախնական օգնութեան օգտակար իրերը, որոնք տեղ պէտք է գտնեն բուժօգնութեան պայուսակին մէջ։

Կէսօրին ճաշելէ եւ հանգստանալէ ետք, խմբակները, շարունակեցին իրենց ձեռային աշխատանքները։

Յետմիջօրէին, ընդհանուր վերաքաղ մը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին ցարդ փոխանցուած գիտելիքներու մասին, որուն ոգեւորութեամբ մասնակցեցան ներկաները։ Ապա, դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ սկաուտական բանակումներու կարեւորութեան, տեսակներուն, գործադրութեան եւ անոնց իրագործելի յայտագիրներու մասին։ Այնուհետեւ շարունակուեցաւ օրուան յայտագիրը, խարուկահանդէսի ծրագիրի պատրաստութիւն եւ խարոյկի համար փայտ հաւաքել։

Շաբաթ առաւօտեան բանակավայր այցելեց եւ բանակումի աշխատանքներով հետաքրքրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եղբ. Արա Պուլուզեան, իսկ կէսօրէ ետք՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, որ հետեւեցաւ նաեւ սկաուտական գիտելիքներու վերաքաղին։

Դրօշակի արարողութենէն եւ ընթրիքէն ետք, տեղի ունեցաւ օրուան աշխատանքի արժեւորում։ Բոլոր մասնակիցներն ալ գոհունակութեամբ արտայայտուեցան օրուան յայտագիրին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բանակումի կազմակերպման եւ անոր ընթացքին ներկայացուած օգտակար նիւթերուն համար։

Օրուան աշխատանքը եզրափակուեցաւ բոլորին սիրելի խարուկահանդէսով, որ աւելի հարուստ էր իր յայտագիրով՝ քան նախորդ օրերունը։ Այնուհետեւ, բանակավայրի ապահովութիւնը ստանձնեցին օրուան հերթապահներն ու պահակները։

Կիրակի, 14 Օգոստոսը բանակումին վերջընթեր օրն էր։ Յաւելեալ աշխուժութիւնը մեծապէս զգալի էր բանակավայրին մէջ։ Բանակողները առաւել պատրաստակամ, առաւել օրէնքին գիտակից աշխատանք ցուցաբերեցին։ Թէեւ եղանակը շատ տաք էր, սակայն քիչ մը ազատ ժամերը երկարաձգելով, օրուան աշխատանքները ընթացան կանոնաւոր։ Այսպէս, առաւօտեան զարթնումէն եւ անոր յաջորդող սովորական աշխատանքներէն ետք, զրոյց-դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ սկաուտական բարեւի մասին (իմաստն ու տեսակները), անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բանակումներու մասին, յիշեցուեցան անոնց տեսակները, ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը։

Յայտնենք, թէ բանակողներուն գրաւոր տրամադրուած էին իրենց ցարդ սորված սկաուտական գիտելիքները։ Օդի տաքութեան պատճառով, կէսօրուան ճաշէն ետք հանգիստի ժամը երկարաձգուեցաւ, որպէսզի ապագայ մեր խմբապետները առիթը ունենան գէթ ընթերցելու իրենց տրամադրուած սկաուտական գիտելիքները։

Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական գիտելիքներու զարգացման մրցում։ Բանակողները բաժնուեցան չորս խմբակներու։ Արդար ըլլալու համար, խմբակներու բաժանումը կատարուեցաւ վիճակաձգութեամբ։ Հարցումներուն ընդհանուր արժէքը 50 նիշ էր։ Թիւ 1 եւ 2 խմբակները ապահովեցին 49/50-ի վրայ, իսկ թիւ 3 եւ 4 խմբակները՝ 48/50։

Խարուկահանդէսին համար փայտ հաւաքելէ եւ խարուկահանդէսին յայտագիրին պատրաստուելէ ետք, տեղի ունեցաւ բանակումին պաշտօնական փակումը։ Երեկոյեան, դրօշակի փակման արարողութիւնը եղաւ բաւական տպաւորիչ։ Բանակողները բանակումի շապիկով, իսկ անցեալի սկաուտները սկաուտական տարազով մասնակցեցան արարողութեան։ Մեծ լրջութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւնը, որմէ ետք ընկերական ուրախ մթնոլորտի մէջ, սկաուտական գիտելիքներու մրցումի մասնակիցներուն յանձնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հանգուցեալ ատենապետ եղբ. Օննիկ Պէրպէրեանի կողմէ տրամադրուած սկաուտական նուէրները։

Դրօշակի տպաւորիչ արարողութենէն եւ ընթրիքէն ետք, երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանակումին վերջին խարուկահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեան, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Ժիրայր Շահիկճանեան եւ Արա Պուլուզեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեան, Երեւանէն հիւրաբար Պորիս Յովհաննիսեան եւ Սարմէն Սաֆարեան։

Բանակումին սկիզբը խօսելու համարձակութիւն չունեցող շատ մը քոյր-եղբայրներ բաւական համարձակութիւն ձեռք բերած էին։ Խարոյկին հանդիսավարութիւնը կատարեցին քոյրեր Աննա Խալատովա եւ Վիկա (Վիքթորիա) Մկրտչեան։ Հրամցուեցան մեներգներ, թատերական պատկեր եւ խմբերգներ։ Խրախուսական ելոյթներ ունեցան եղբ. Արա Պուլուզեանն ու եղբ. Դաւիթ Գրիգորեանը։

Ժամը 11-ին վերջ գտաւ խարուկահանդէսը։ Բանակումին վերջին գիշերը ըլլալով, բանակողներուն առիթ տրուեցաւ մնալու խարոյկին շուրջ, մանաւանդ կէս գիշերէն ետք։ 15 Օգոստոսը կը նշէր քոյր Վիկա Մկրտչեանի տարեդարձը, քոյրը 13-ը աւարտելով կը դառնար 14 տարեկան։ Ծնողները, նախապէս առնուած արտօնութեամբ, կէս գիշերը հազիւ անց, կարկանդակով եւ զովացուցիչով այցելեցին բանակավայր։ Ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեցինք քոյր Վիկային տարեդարձը, մաղթելով անոր ուրախ, երկար ու առողջ տարիները։

Այնուհետեւ, բանակողները անցան իրենց պարտականութեանց։ Տարեդարձի ուրախ մթնոլորտով եւ կարգապահօրէն անցաւ նաեւ բանակումին չորրորդ օրը։

Երկուշաբթի, 15 Օգոստոսը դժուարին եւ յուզումնալից օր էր։ Չորս օրեր բնութեան ծոցին մէջ, վրաններու տակ ապրելէ ետք, իրենց երկրորդ տունը դարձած գեղեցիկ բանակավայրը պիտի քանդուէր։ Առաւօտեան մարզանքէն, նախաճաշէն եւ անձնական իրերու հաւաքումէն ետք, վրանները քանդուեցան, բանակավայրը մաքրուեցաւ։ Դրօշակի ձողէն վար առնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը ծալելու ձեւը սորվեցանք, միասնաբար ընդհանուր ակնարկ մը նետեցինք բանակումի անցուդարձերուն վրայ, ապա բանակողներուն առիթ տրուեցաւ իրենց տպաւորութիւնները արձանագրելու թուղթի վրայ եւ յանձնելու պատասխանատուին։ Կէսօրին, ուրախ տրամադրւթեամբ վերադարձանք տուն։

Տարածենք