ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 10-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան 7.30-ին, Պէյրութի արուարձաններէն Զալքայի «Ուորուիք Սթոն 55» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, պաշտօնական հիւրերու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ անցեալի անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու, Լիբանանի մասնաճիւղերու վարչական եւ խմբապետական կազմերու, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովին մասնակից 22 շրջաններու ներկայացուցիչներու։

 

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐԸ

Հանդիսութեան իրենց ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը պատուեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախարար Ճորճ Պուչիքեան, նախկին նախարարներ Աւետիս Կիտանեան եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Ալպէր Պալապանեան եւ Յակոբ Հաւաթեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Նելլի Վէքիլեան, Հ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեան եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան։    

 

ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով։

Բացման բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոյր Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան։ Ան ըսաւ, որ միջ-դիւանական խորհրդաժողովները ընթացք առած են 1985-ին եւ այնուհետեւ չորս տարուան յաջորդականութեամբ տեղի ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւններու քառամեայ գործունէութեան կիսուն, արժեւորելու համար առաջին երկու տարուան աշխատանքները եւ հունաւորելու համար յաջորդ երկու տարուան ծրագիրները։

Քոյրը նշեց, որ միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երկու տարի առաջ՝ 2020-ին, որովհետեւ նախորդը կատարուած էր 2016-ին, Կիպրոս։ Սակայն, քորոնայի համաճարակին ծանօթ պատճառներով յետաձգուեցաւ այս թուականին։ «Ի դէպ, Լիբանանի շրջանը երկրորդ անգամն է, որ կը հիւրընկալէ միջ-դիւանական խորհրդաժողով։ 21 տարի առաջ, 2001-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերու օրերուն, ան հիւրընկալած է միջ-դիւանական 5-րդ խորհրդաժողովը», ըսաւ ան։

Շարունակելով, քոյրը նկատել տուաւ, որ «2001-էն 2022 շատ բան փոխուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Լիբանանի եւ աշխարհի պատմութեան մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեծցած է թիւով ու որակով։ Լիբանանի շրջանը կրած է Մայրիներու երկրին ահաւոր ցնցումները, իսկ մեր հայրենիքն ու աշխարհը անցած են ծանր փորձութիւններու ընդմէջէն։ Հետեւաբար, այս խորհրդաժողովին գումարումը Լիբանան, այսօր, այս պայմաններուն մէջ, յատուկ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան համար, որուն նստավայրը եւ դիւանը կը գտնուին այստեղ»։

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Յաջորդ խօսքը արտասանեց խորհրդաժողովի հիւրընկալ շրջանի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հայկ Թապագեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց աշխարհի չորս ծագերէն Լիբանան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչներուն եւ յայտնեց, որ «Մարզական աշխարհէն ներս երբ սկսած են տիրել նիւթականն ու արհեստավարժութիւնը, երբ կազմակերպական աշխատանքները կը պահանջեն աւելի մեծ զոհողութիւններ, պարտաւոր ենք ծրագրել նոր միջոցներ ու կարելիութիւններ, շարունակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի երթը՝ նորօրեայ ջահակիրներով ու նուիրեալներով, վահան դառնալու համար սփիւռքեան պայմաններու մէջ ապրող հայութեան դիմագրաւած ճերմակ ջարդին»։

Եղբ. Թապագեան շեշտեց, որ ժամանակն ու պայմանները տկարներուն չեն խնայեր։ Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր 10 մասնաճիւղներով, իր անդամակցած Ողիմպիական Կոմիտէով եւ 11 ֆետերասիոններով, կը շարունակէ գործել՝ հակառակ բազում դժուարութիւններու, երբեմն անկարելին կարելի դարձնելով, Լիբանանը հարուածող տնտեսական ամենավատ կացութեան մէջ։ «Տարիներու վրայ երկարող քաղաքական վերիվայրումները, քորոնան, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումն ու տնտեսական տագնապները ապրեցանք ու կ’ապրինք, սակայն իրերայաջորդ պատասխանատուներու թափած ճիգերով, որոնք անսակարկօրէն տուին իրենց ժամանակէն, մտքէն, հոգիէն ու սրտէն, բարձր մնաց ու կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը։ Ոտքի՛ ենք, ու ոտքի պիտի մնանք», եզրափակեց ան։

 

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հանդիսութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Իր պատգամին սկիզբը, եղբայրը նկատել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն, քորոնայի համաճարակին ստեղծած անշարժութիւնը եւ Միջին Արեւելքի ընկերա-քաղաքական ծանր պայմանները իրենց լուրջ հետեւանքները ունեցան մեր ազգային կեանքին եւ կառոյցներու գործունէութեան վրան։ Բոլորս ապրեցանք դժուարին պահեր, սակայն երբեք չկորսնցուցինք մեր կամքն ու հաւատքը՝ կառչած մնալու մեր արժէքներուն եւ անխափան շարունակելու մարդակերտման ու հայակերտման մեր աշխատանքները։

Եղբ. Նաճարեան յայտնեց, որ «Իբրեւ հաւաքական կեանքի կարեւոր դերակատար ու մասնակից, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս ապրեցաւ դժուարին պահեր, ունեցաւ կորուստներ եւ դժուարութիւններ, բայց 104-ամեայ իր փորձառութեամբ ան շարունակեց իր առաքելութեան ջահը բարձր պահել։ Առանց յանձնուելու կացութեան, Հ.Մ.Ը.Մ. յանձնառու մնաց իր հիմնադիրներու տեսլականին գործադրութեան, անսակարկ կերպով նուիրուելով պատանի ու երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան վեհ գործին, ամէնուրեք պատրաստելով տիպար քաղաքացիներ եւ հայեր։ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ եւ իր բոլոր կարողութիւններով լծուեցաւ հայ կեանքի կազմակերպման գործին»։

Ընթացք առնող միջ-դիւանական խորհրդաժողովին մասին խօսելով, եղբ. Նաճարեան նշեց, որ խորհրդաժողովը կոչուած է քննելու միութեան ներկայ իրավիճակը, լսելու շրջաններու դժուարութիւնները, անցնող երեք տարիներուն միութեան աշխատանքները եւ իրագործումները եւ յառաջիկայի գործունէութիւններու մանրամասնութիւնները, մասնաւորաբար արժեւորելու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Յուլիսին, երիտասարդական համագումարը եւ շատ սպասուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը, 2023֊ի ամրան։

Իսկ թէ ինչո՞ւ խորհրդաժողովի կազմակերպման համար նկատի առնուած է Լիբանանը, եղբ. Նաճարեան հաստատեց. «Կեդրոնական Վարչութիւնը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ կազմակերպելով կ’ուզէ շեշտել հայրենիքի կողքին Սփիւռքի եւ յատկապէս Միջին Արեւելեան գաղութներու եւ այս պարագային՝ Լիբանանի առանձնայատուկ դերը համահայկական մեր ծրագիրներուն մէջ։ Միջին Արեւելեան գաղութները, մանաւա՛նդ Լիբանանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար եղած են ու կը մնան կազմակերպական եւ գաղափարական ուժի անսպառ աղբիւրներ, որոնց պէտք է գուրգուրալ ամէն գնով, կարելի բոլոր միջոցներով», ընդգծեց ան։

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ

Հանդիսութեան փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան։ Ան ուրախութեամբ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքին անդամները եւ մաղթեց, որ նուիրեալ աշխատանքով աւելի եւս ծաղկի Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որպէսզի մեր ժողովուրդի կարիքներէն բխած տեսակաւոր աշխատանքներն ու հեռանկարները իրողապէս հասնին իրենց պսակումին։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ ինք պարտականութիւնը ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրական օրհնութիւնը եւ սրտագին ողջոյնները փոխանցելու խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։ «Բոլորդ ալ գիտէք, որ Վեհափառ Հայրապետը այս տարի մեր ուշադրութիւնը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, որպէսզի հաւաքական ճիգով առաջքը առնենք մեր կեանքէն ներս յառաջացած ակներեւ շեղումներուն։ Անցնող անկումային քանի մը տարիներուն, եւ Արցախեան ու Հայաստանեան տխուր իրադարձութիւններու հետեւանքով, շատ բան խախտեցաւ մեր առօրեային մէջ։ Արդարեւ, ընդհանուր նահանջի հոգեբանութիւն մը սկսաւ բոյն դնել բոլորին սրտերուն մէջ», յայտնեց Առաջնորդը եւ շարունակեց.  «Սփիւռքի տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը բոլորիս կը թելադրէ նոր հոգածութեան արժանացնել մեր համահայկական վիճակը եւ վերադասաւորել մեր աշխատանքները, որպէսզի մեր զաւակներուն կեանքը դարձեալ ուղղուի դէպի վերելք»։

Շահէ Արք. նաեւ շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը հաւաքելու փորձ պէտք է կատարենք։ Գլխաւորաբար հայ երիտասարդութիւնը շարժումի մէջ պահենք, որպէսզի սփիւռքահայ մեր կեանքը դարձեալ ոգեւորուի։ «Բարեբախտաբար նոր սերունդը լաւ կը ճանչնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը,- ընդգծեց Սրբազանը,- կը լսէ անոր ձայնը, կը հետեւի անոր կանչին։ Ուստի, հանրանուէր ու բեղուն ծառայութիւն կը սպասէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն։ Ի սրտէ կը մաղթենք, որ ան շարունակէ ըլլալ մեր երիտասարդութեան ժամադրավայրը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր կարգին, իբրեւ համահայկական կառոյց, շարունակէ իր նպաստը եւ մասնակցութիւնը բերել հայ աշխարհի ինքնութիւնը պահող ու պաշտպանող համահայկական մեր ճիգերուն», ըսաւ ան։

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ ԵՒ 104-ԱՄԵԱԿԻ ՏԵՍԱՆԻՒԹԸ

Այս առիթով կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. քոյր Կասիա Էճիտեան նուագեց տուտուկով, իսկ եղբ. Գօգօ Առնելեան՝ սաքսոֆոնով։ Ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 104-ամեայ երթը ներկայացնող տեսերիզ մը, որ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էր այս խորհրդաժողովին համար։

Դիմատետրի էջով աշխարհին ուղղակի սփռուող փակման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։

Հանդիսութեան յաջորդեց պաշտօնական հիւրասիրութիւն։

 

 

 

Տարածենք