Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՔՈՅՐ ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆ

 

26-29 Մայիս 2022-ին, աշխատանքային այցելութեամբ մը Յորդանան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Ան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 104-ամեակին առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի մեկուսի շրջանի կազմակերպած տօնակատարութեան եւ հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի վարչութեան եւ խմբապետական կազմին հետ։


Անկախութեան 104-ամեակը ճաշկերոյթով մը նշուեցաւ Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2022-ի երեկոյեան։ Քոյր Օրտողլեան փոխանցեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը։
Ամման այցելութեան ընթացքին քոյր Օրտողլեան հանդիպում մը ունեցաւ մեկուսի շրջանի նորընտիր վարչութեան հետ։ Հանդիպումին քննարկուեցան շրջանը յուզող հարցերը, դժուարութիւնները եւ զանոնք յաղթահարելու կարելիութիւնները։ Քոյր Օրտողլեան վարչութեան փոխանցեց, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակելու, որպէսզի շրջանը վերաշխուժանայ։ Ան նաեւ թելադրեց, որ մասնակցին Կեդրոնական Վարչութեան բոլոր աշխատանքներուն, որոնք իրենց կարգին կը նպաստեն շրջանին եւ անոր ծրագիրներուն։


Խմբապետական կազմին հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան սկաուտութեան առնչուող հարցեր` շրջանի սկաուտներու թիւը, տարիքային բաժանումները, աստիճանաւորական քատրերու եւ խմբապետներու պատրաստութիւնը, սկաուտական յայտագիրները, նոր անդամներ ներգրաւելու կարելիութիւններն ու միջոցները։

Տարածենք