ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ծրագիրներու նախապատրաստութեան ծիրէն ներս, 21 Ապրիլ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան միութեան 100-ամեակի ձեռնարկները, որոնք 2017-ի ամրան Երեւանի մէջ ընթացք կ’առնեն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերով եւ իրենց լրումին կը հասնին 2018-ի ամրան Բիւրականի մէջ կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումով եւ Երեւանի մէջ նախատեսուած 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւններով։

Տարածենք