ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 42-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ «ՏԻՊԱՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ»…

 

Թղթակից
ԿԼԵՆՏԷՅԼ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Նաւասարդեան 42-րդ մարզախաղերու «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» հռչակած է տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը, նկատի ունենալով տասնամեակներու վրայ երկարող անոր նուիրումը՝ այս մեծ կազմակերպութեան:

Եղբ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան վեց տարեկանին անդամակցած է իր ծննդավայր Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումին, նախ՝ իբրեւ գայլիկ, ապա հասած է Պէյրութի մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին, 1970-ականներուն: Դարձեալ իր ծննդավայրին մէջ, ան եղած է պասքեթպոլի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Կամք» խումբի մարզիկ:

Իր խմբապետութեան տարիները զուգադիպած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կազմակերպութեան վերածման շրջանին: Այդ օրերուն, եղբ. Ենիգոմշեան մաս կազմած է միութեան սկաուտական առաջին կանոնագիրը մշակող յանձնախումբին: Ան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ ընդհանուր բանակումներու եւ խորհրդաժողովներու, միաժամանակ մաս կազմելով Կեդրոնական Վարչութեան մէկէ աւելի յանձնախումբերու:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկզբունքներուն ջերմօրէն փարած, եղբ. Ենիգոմշեան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս գործնապէս ստանձնած է պատասխանատուութիւններ՝ վարչութիւններու թէ զանազան յանձնախումբերու մէջ: Իր նախասիրած աշխատանքին բնագաւառը եղած է նոր սերունդի դաստիարակութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան կարեւոր ներդրում ունեցած է միութեան ռազմավարական ծրագրաւորումի աշխատանքներուն:

Շահէ Ենիգոմշեան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ Ներկայացուցչական եւ Պատգամաւորական Ժողովներու: Ան հեղինակ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին բազմաթիւ յօդուածներու՝ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին թէ հայկական այլ թերթերու մէջ:

«Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին արժանացման առիթով, տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան ըսաւ. «Խոր հաւատք ունիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նկատմամբ, ու ինծի համար պատիւ է այս տիտղոսին արժանանալը: Հ.Մ.Ը.Մ.ը, շնորհիւ իր աշխարհատարած կառոյցին, մեծ դեր ունեցած է հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան մէջ: Մեր աշխատանքին դաշտը շա՛տ աւելի ընդարձակ է, միաժամանակ, սակայն, ունինք չօգտագործուած հսկայական ներուժ, զոր անհրաժեշտ է գործի լծել՝ ի հարկին նոր ուղիներ որոնելով ու նմանօրինակ առաքելութեան կոչուած կազմակերպութեանց հետ գործակցելով»:

Տարածենք