ՔՈՐՈՆԱՅԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ԶՈՀԵՐԸ

 

Քորոնայի համաճարակը կը շարունակէ աշխարհի տարածքին «հնձել» միլիոնաւոր մարդոց կեանքեր։ Համաճարակը ամէնուրեք է, վարակակիրներն ու մահերը՝ նոյնպէս։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ անմասն չեն Քորոնայի վտանգէն։ Վարակակիրներու մեծ մասը կ’ապաքինի եւ շուտով անձնական ու միութենական բնականոն կեանքին կը վերադառնայ։ Կը պատահին նաեւ պարագաներ, որոնց հանդէպ ճակատագիրը անխնայ կ’ըլլայ։

Անցնող ամիսներուն արձանագրուեցան նման երեք պարագաներ, որոնք չկարողացան յաղթահարել Քորոնայի դէմ իրենց պայքարը եւ, դժբախտաբար, հրաժեշտ տուին այս կեանքին։

Արդարեւ, 16 Օգոստոսին, Հալէպի մէջ մահացաւ սկաուտական աշխատանքներու մեծ երախտաւոր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեանի տիկինը՝ քոյր Քնար Ֆուռունճեան-Քէօշկերեանը։ Չորս օր ետք, 20 Օգոստոսին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը գուժեց իր նախկին փոխ ատենապետին եւ սկաուտական աշխատանքներու վաստակաշատ անդամին՝ եղբ. Արմիկ Պաղտասարեանի մահը։ Իսկ 6 Սեպտեմբերին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի «Ուստան»՝ եղբ. Լեւոն Ալթունեանը, որ Լիբանանի ֆութպոլի 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու «հսկաներու խումբ»ին խմբապետն էր։ Անոր մահուան համար ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ ցաւակցեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշէմ Հայտարին։

Յայտնենք, որ նախապէս Քորոնայի համաճարակին զոհ գացած էին երկու այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւս՝ եղբ. Զոհրապ Ջուլհաճեան Սթոքհոլմէն (1 Ապրիլին) եւ քոյր Ռուբինա Ղազարեանց Հայաստանէն (31 Մայիսին)։

Տարածենք