Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՃԻՒՆԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ 65-ԱՄԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

 

Թղթակից
ՃԻՒՆԻ

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 25 Մարտի երեկոյեան ժամը 6-ին տեղի ունեցաւ բացումը մասնաճիւղին 65-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու ցուցահանդէսին, ձեռամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Հրայր Խաչատուրեանի, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշի եւ ցուցահանդէսի նկարներու հեղինակ եղբ. Րաֆֆի Եսայեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ննջեցեալներու անմառ յիշատակը։ Բացման խօսքը արտասանեց եղբ. Գէորգ Գազանճեան, որ մեծապէս գնահատեց եղբ. Րաֆֆի Եսայեանի կատարած հսկայական աշխատանքը: Ան եղբայրը նմանցուց ռազմաճակատ ուղղուող այն զինուորին, որուն ուսէն անպակաս կ’ըլլայ «հրացանը»` լուսանկարչական գործիքը։ Եղբ. Եսայեան մնայուն կերպով ներկան է մասնաճիւղին բոլոր ձեռնարկներուն եւ լուսանկարչութիւնը կը կատարէ անձնական նախաձեռնութեամբ եւ ոչ թէ արհեստավարժութեան նպատակով, այլ` միութենական ոգիով:
Ապա, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Ներսէս Ճուպանեան արաբերէնով արտասանեց վարչութեան խօսքը: Ան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմութեան` շեշտելով սկաուտական եւ մարզական գործունէութեան 65 տարուան ընթացքը: Ան իր խօսքը փակեց նշելով, որ 65 տարի առաջ հիմնեցինք, 65 տարի գործեցինք եւ 65 տարի եւս պիտի գոյատեւենք»: Իր խօսքին աւարտին, եղբ. Ճուպանեան հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետները եւ Ճիւնիի քաղաքապետը, որպէսզի վարչութեան կողմէ այս առթիւ պատրաստուած յուշանուէրը յանձնեն եղբ. Եսայեանին:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ շրջեցան ցուցադրուած լուսանկարներուն շուրջ, որոնց մասին եղբ. Եսայեան ներկայացուց լայն բացատրութիւններ։

Տարածենք