Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԼՄԵԼՈՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ Կ’ԱՌՆԵՆ

 

Հակառակ աշխարհը հարուածող Քորոնա ժահրին։ Հակառակ նաեւ ժահրի համաճարակին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը, երկար ծրագրումէ եւ պատրաստութենէ ետք, անցնող շաբաթներուն սկսաւ իր նոր կեդրոնի շինարարական աշխատանքներուն։

1996-ին Հոլանտայի համանուն քաղաքին մէջ հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը այսօր կը հաշուէ 170 անդամներ եւ 90 սկաուտներ ու մարզիկներ։ Մասնաճիւղը ունի երէցներու եւ պատանիներու ֆութպոլի խումբեր, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի աղջկանց խումբեր, պատմինթընի եւ փինկ-փոնկի մարզիկ-մարզիկուհիներ։ Եռամսեայ դրութեամբ ան կը հրատարակէ «Ճրագ» թերթը (տեսնել կայքէջին «Լրատու» բաժինին «Շրջ. հրատարակութիւններ» ենթաբաժինը)։

Ցարդ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մասնաճիւղը իր գործունէութիւնը կը կատարէր վարձու սրահներու մէջ, զուրկ՝ ժողովական եւ բացօթեայ աշխատանքներու յարմարութիւններէ։

Այժմ մասնաճիւղը գնած է 6000 քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը, որուն վրայ ծրագրած է կառուցել 550 քառ. մեթր տարածութեամբ շէնք մը, որ պիտի օգտագործուի համայնքի բոլոր կառոյցներուն կողմէ՝ մեծապէս նպաստելով շրջանի նորահաս սերունդի բազմակողմանի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման նուիրական աշխատանքին։

Նկարները խօսուն վկայութիւնը կը կազմեն մեծ յանդգնութեամբ ճամբայ ելած շինարարական այս կարեւոր աշխատանքին, որ ազգային կարեւոր եւ արդիական օճախ մը պիտի ըլլայ կեդրոնական Եւրոպայի սրտին մէջ։

Տարածենք