Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՐՄԱՒԻՐԻ «ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱՐԿԷՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի սկաուտական կեդրոնին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Մայիս 2020-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեանի, Հ.Ս.Շարժումի եւրոասիական տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ. Բագրատ Եսայեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի ատենապետ քոյր Նարէ Խլղաթեանի, նահատակ Վարդան Բախշեանի մօր՝ Այտա Բախշեանի, քրոջ՝ Աննա Բախշեանի, մասնաճիւղի նախկին խմբապետներու եւ ներկայ անդամներու։

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան եւ մասնաճիւղի ատենապետ քոյր Նարէ Խլղաթեան։

Յայտնենք, որ սկաուտական կեդրոնը կը կառուցուի Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբ մը եղբայրներու բարերարութեամբ։

Նկարները՝ եղբ. Կարէն Թորոսեանի

Տարածենք