Թիւ 240 - ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ

 

Կեանքը պայքար է, ըսուած է իրաւամբ: Անդուլ եւ անողոք պայքար, ծնունդէն մինչեւ մահ:

Պայքարը սակայն միայն նիւթական բնոյթ չունի: Ճիշդ է, որ հանրութեան աչքին կեանքի պայքարին մէջ յաջողողները շատ յաճախ անոնք են, որոնք շատ դրամ կը շահին, փայլուն դիրքերու կը տիրանան, ազդեցութիւն ձեռք կը ձգեն եւ վայելքի լայն կարելիութիւններ կ’ունենան: Բայց այս չէ միակ ու բուն յաղթանակը կեանքի պայքարին:

Մարդիկ կրնան նիւթապէս նախանձելի դիրքեր չունենալ եւ իրենք զիրենք յաջողած զգալ՝ իրենց գաղափարներուն իրականացման ճամբուն վրայ: Կարեւորը անձին ու նկարագիրին անխաթար պահպանումն է:

Հոն ուր պայքար կայ, ուրեմն կան նաեւ թշնամիներ, որոնք տեւական յարձակումներ կը գործեն պայքարողը անձնատուութեան մղելու համար: Կեանքի պայքարին պարտադրած պարտութիւնն ալ ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ հոգեկան ու բարոյական անձնատուութիւն մը, որմէ մարդու մը նկարագիրը դուրս կու գայ այլափոխուած, խաթարուած եւ վնասուած:

Յաղթական է ան, ով որ տեղի չի տար, գիտէ մաքառիլ անընկճելի ոգիով եւ զանազան ակնկալութիւններով չի զոհեր իր խիղճն ու տեսակէտները:
Ամէնէն դժուար բանն է ասիկա մարդկային կեանքի ելեւէջին մէջ, որովհետեւ նկարագրին վրայ յարձակող ուժերը շատ անգամ ծպտուած կը ներկայանան եւ գրաւիչ փորձութիւններու ամբողջ շարք մը կը լարեն մարդոց դէմ: Մարդոց իրական արժանիքը պէտք է փնտռել նման փորձութիւններու յաղթահարման մէջ:

Այսօր, քիչ է թիւը անոնց, որոնք ճշմարտութեան, արդարութեան եւ պարկեշտութեան ի խնդիր գիտեն պայքարիլ, որովհետեւ բարոյական նման արժէքներու համար պայքարը սեփական անձէն վեր, գաղափարական ու անշահախնդիր պայքար է, որ անմիջական, շօշափելի օգուտներ չ’ապահովեր պայքարողին, ընդհակառակն՝ շատ յաճախ վնաս ու թշնամանք կը պատճառէ անոր:

Բարեբախտաբար, սակայն, միշտ ալ գտնուած են ու կը գտնուին իրենց սկզբունքները որեւէ բանի չզոհող գաղափարական մարդիկ, «մտածումով, խօսքով եւ գործով մաքուր» անձեր: Ու որքան ալ փոքրաթիւ ըլլան անոնք՝ կը մնան կեանքը գեղեցկացնող ու իմաստաւորող տարրեր:

Հ.Մ.Ը.Մ., ահա, աւելի քան երեք քառորդ դարէ ի վեր սկաուտական եւ մարզական երկճիւղ գործունէութեան ճամբով պայքարի լծուած է յանուն բարոյականի եւ նկարագիրի անխաթար պահպանման, յանուն մարդկային վսեմ արժէքներու: Հ.Մ.Ը.Մ.ի պայքարը գերազանցօրէն գաղափարական է եւ իր յաղթական վախճանին հասնելու համար ամէն բանէ առաջ գաղափարական մարդիկ կը պահանջէ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդ տուող դէմքերը եւ անոր առաջին դրօշակիրները իրենց անձով ու նկարագիրով յետնորդ սերունդներուն ժառանգ փոխանցեցին իսկական գաղափարապաշտ մարդու տիպարը, որմէ ներշնչուիլ պէտք է գիտնալ տագնապի ու փորձութեան պահերուն:

Չի բաւեր այս կամ գաղափարին ժառանգորդը ըլլալ, որովհետեւ գաղափարները ինքնին վերացական արժէքներ են եւ մինչեւ որ միս ու ոսկոր չկապեն, մինչեւ որ իրենց գործնական արտայայտութիւնները չունենան՝ ակօս չեն բանար մեր կեանքին մէջ:

Լաւ սերմնցուն լաւ ձեռքերու պէտք է յանձնուի, որպէսզի չխաթարուի եւ չտարտղնուի պատահական հովերէ: Որքան քարքարուտ է հողը, այնքան դժուար է սերմնացանին աշխատանքը: Իսկ հարկ չկայ շեշտելու, որ սերունդներու դաստիարակութեան ենթահողը ամէնէն ապերախտներէն ու ժլատներէն է: Ահա թէ ինչու միշտ կը պահանջուի յաւելեալ ճիգ ու զոհողութիւն:

Ու նաեւ՝ անշահախնդիր եւ գաղափարապա՛շտ մարդ- այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան հրամայական պահանջը, ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկային ու ապագային համար:

Տարածենք