Թիւ 274 - ՃՇԴԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

 

Միշտ կրկնուած, բայց անտեսուած բառ մըն է ճշդապահութիւնը։ Յատկապէս միութենական տարեշրջանի փակման այս օրերուն, ճշդապահութեան անհրաժեշտութիւնը հասարակաց պահանջի կը վերածուի հրապարակային մեր բոլոր ձեռնարկներուն յաջողութեան համար։

«Հայկական ժամադրութիւն» բացատրութիւնը առածի կարգ անցած է այլեւս եւ ազգային նկարագիր դարձած։ Թերթերու մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնները, ձեռնարկներու ժամին վերաբերեալ, միշտ թերահաւատութեամբ կ’ընդունուին։ Մինչեւ իսկ եթէ մասնաւոր հոգածութեամբ մը շեշտուած ըլլայ «Ճիշդ» մակդիրն ալ։ Մեր հանդիսականները ուշացած ըլլալու փոյթը չեն ունենար բնաւ։ Կը շարժին դանդաղօրէն, վստահ որ սրահին դռները բաց պիտի գտնեն իրենց դիմաց։

Իրաւ թէ անիրաւ, մեր հասարակութիւնը ճանչցուած է իբրեւ ժամանակի եւ ժամադրութեան արժէքը անտեսող հաւաքականութիւն։ Ոչ միայն հաւաքաբար, այլեւ՝ անհատական կեանքով ու յարաբերութիւններով։

Ճշդապահութեան դէմ մեղանչողները իրենց պարտազանցութիւնը կþարդարացնեն պատճառաբանելով թէ իրենց կամքէն աւելի մեր կեանքի պայմաններն են պատասխանատուն շատ անգամ. սեփական ակումբի կամ սրահի չգոյութիւն, լրացուցիչ յարմարութիւններու պակաս, տեղերու հեռաւորութիւն, ճամբու խճողում եւ այլն։

Այս բոլորը ընդունելով հանդերձ, չենք կրնար սակայն մեր ուսերէն նետել յանցանքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ճշդապահութեան գիտակցութիւնը ամէն բանէ առաջ նկարագիրի հետ կապուած յատկութիւն մըն է։ Բնաւորութեան, ըմբռնումի եւ դաստիարակութեան հարց է։

Ինչ օգուտ ունի ամէնէն սուղնոց ժամացոյցը կրել եւ, սակայն, ժամադրութիւն յարգել չգիտնալ։ Ինչ կարեւոր է «ժամանակը ոսկի է» ըսել եւ, սակայն, ոսկիին արժէքը չգիտնալ։

Ճշդապահութիւնը յառաջադէմ ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան յատկանշական արտայայտութիւններէն մէկն է։

Յառաջդիմած ընկերութիւններու մէջ, ժամանակը հեւասպառ վազք մըն է, վայրկեանները հաշուուած եւ հակակշռուած են եւ որեւէ գործի յաջողութիւն պայմանաւորուած է ժամանակի լաւ օգտագործումով։

Իրենք զիրենք յարգող հաստատութիւններ կամ միութիւններ խստապահանջ բծախնդրութեամբ մը ժողովուրդին կը պարտադրեն ճշդապահութիւն։ Երբ անոնք որեւէ ձեռնարկ կազմակերպեն, մարդիկ իրարանցումի կը մատնուին՝ որոշեալ ժամուն սրահէն ներս իրենց տեղերը գրաւելու համար, նոյնիսկ հեռաւոր տեղերէ գալով։ Կարգապահութեան հսկողները, առանց անձի եւ հանգամանքի խտրութիւն դնելու, ներկայացողներուն առջեւ կը փակեն դռները, եթէ անոնք ուշացած ըլլան։

Ճշդապահութեան վարժեցնելու միակ ձեւն է ասիկա։ Որեւէ յատկութիւն ձեռք կը բերուի հետեւողական ճիգով եւ գործնական քայլերով։ Անգամ մը որ վարժութիւն ձեռք բերուի, ճշդապահութիւնը կը դառնայ ո՛չ թէ հոգեկան տառապանք, այլ՝ բարիք ու վայելք։

Մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս կարգապահ է եւ օրէնքի տրամադրութիւնները յարգող։ Լաւագոյն արդիւնքները ձեռք բերելու համար կը բաւէ որ մեր ձեռնարկներու կազմակերպիչները նախ իրե՛նք գիտակցին ճշդապահութեան արժէքին եւ ապա զայն պարտադրեն ժողովուրդին։

Հաւաքաբար ձեռք բերուած այս կրթութիւնը հետզհետէ կը դառնայ նաեւ անհատական նկարագիր, ինչ որ այնքան թանկագին յատկութիւն մըն է՝ մեր առօրեայ կեանքը դիւրացնելու եւ արդիւնաւորելու համար։

Տարածենք