Թիւ 267-268 - ՁԵԶՄՈՎ ԱՊՐԻՆՔ

 

Ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով միայն կարելի է աչքէ անցընել «Մարզիկ»ի միացեալ այս թիւը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական աշխոյժ կեանքի ու մթնոլորտի արձագանգներ կը փոխանցէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն։

Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քանի մը սերունդ, ահաւասիկ, ձեռք-ձեռքի տուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը կ’ընդունին արժանավայել կերպով, միութեան պաշտօնաթերթին ի նպաստ ձեռնարկ կը կազմակերպեն յաջողութեամբ, Նաւասարդեան խաղեր կþիրականացնեն, միջ-մասնաճիւղային բանակում կը կատարեն եւ դեռ՝ մասնաճիւղերու մէջ եռուն գործունէութիւն կþունենան։ Իսկ այս բոլորը Մ. Նահանգներու նման երկրի մը մէջ, ուր հայ մնալը եթէ քաջութեան հոմանիշ է, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ըլլալը եւ գործելը հերոսութեան համազօր կրնայ նկատուիլ։

Շրջանը կը ձգէ տպաւորութիւն իսկական «մրջնանոց»ի մը, ուր ամէնէն համեստ «մրջիւն»էն մինչեւ «թագաւոր»ը իրենց յատուկ արժէքն ու տեղը ունենալով հանդերձ՝ կ’աշխատին առողջ պահել «մրջնանոց»ը, ուր սերունդներ ապրած են, կ’ապրին ու պիտի ապրին՝ այնքան ատեն որ կþապրի հայ ժողովուրդը։

Ուրախալի է շրջանին մէջ տեսնել Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարբեր սերունդներու տղաք ու աղջիկներ, որոնք իրենց հպարտ ճակատներով, հայութեան արժէքներով լեցուն հոգիով ու աչքերով Հ.Մ.Ը.Մ.ին կու գան իբրեւ մարզիկ թէ սկաուտ, զաւակ թէ ծնողք։

Մեծ է երէց սերունդին երախտիքը շրջանէն ներս։ Բազմաթիւ խոնարհ առաջնորդներ եկած ու անցած են շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերէն։ Այսօր, անոնք ծնողներ են, հայրեր ու մայրեր, թերեւս ալ՝ մեծ հայրեր ու մեծ մայրեր, սակայն անոնք կը շարունակեն նիւթապէս ու բարոյապէս թեւ ու թիկունք կանգնիլ միութեան համահայկական թէ տեղական կարիքներուն։ Յարգա՛նք արժանաւորաց։

Յարգա՛նք նաեւ միջին սերունդի ներկայացուցիչներուն, անոնց՝ որոնք մօտիկ անցեալի հարուստ ներշնչումներով այսօր միութենական գործունէութեան յարմար մթնոլորտ եւ միջավայր ստեղծած են։ Պատնէշի վրայ են։ Իրենց գործերով ու հեռանկարներով նորանոր յաջողութիւններու կ’առաջնորդեն շրջանը։

Իսկ ինչ խօսք հազարաւոր այն փոքրերուն, կրտսեր մարզիկներ թէ սկաուտներ, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն մէջ հասակ կը նետեն խանդավառ ու հաւատաւոր մթնոլորտի մէջ, պաշտպանուած հայեցի դաստիարակութեան վահանով, ձուլուած՝ հայ ժողովուրդի, եկեղեցւոյ, հայրենիքի եւ իտէալներու անկորնչելի սրբութիւններով։

Արդար գոհունակութեամբ մը պէտք է ընդունիլ, որ անոնք են մեր ապագան եւ յաւերժութիւնը մարմնաւորող քաջարի դրօշակակիրները, անոնց խիտ ու խրոխտ շարքերուն կ’երթայ մեր ցնծութիւնը, անոնց ժպիտը պայծառ ու գօտեպնդիչ ուժ է մեզի՝ դժնդակ մեր պայմաններուն ու դժուարին կացութիւններուն մէջ։

Անոնց աչքերուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ուխտը կայ, անոնց բերաններուն մէջ իրենց անուններէն աւելի երկու մեծ անուններ կան.- Հայաստան ու հայութիւն։

Անոնց սրտերուն մէջ անթեղուած է կրակը մեր պատմութեան, քանի անոնց հոգիներն ու մտքերը հերկուած են մեր ազգային հարուստ ժառանգութեամբ։

Ա՛յս է իսկական Հ.Մ.Ը.Մ.ը, երեք սերունդ միեւնոյն յարկին տակ, քով-քովի, ներդաշնակ գոյակցութեամբ։ Իսկ այս բոլորը ապրեցնողը, այս բոլորին աղբիւրը յաւիտենական հայութիւնն է, որ գիտէ այսքան գործի դիմաց խոնարհիլ ու կրկնել՝

- Ապրի՛ք տղաք, ձեզմով ապրինք մենք։

Տարածենք