Թիւ 217 - ՄԻ՛ՇՏ ԿԱՐԴԱԼ

 

Ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան բարձրութիւնը կարելի է հաստատել ընթերցասիրութեան անոր չափանիշով։ Նոյնն է պարագան անձի մը, ընտանիքի մը կամ հաւաքականութեան մը համար։ Թերթէ, գիրքէ եւ գրականութենէ զուրկ ընտանիքներէն ներս հասակ նետող սերունդը կը նմանի առանց ջուրի, լոյսի եւ ջերմութեան աճող այն բոյսին, որ առհասարակ անպէտք է եւ անօգուտ։

Գիրքերը հոգեկան հարստութիւններու շտեմարան են, իմաստութեան խտացում եւ մտքի սնունդ։

Գիրքերը ուսման եւ կրթութեան լաւագոյն ուսուցիչներն են, մարդոց բովանդակ գիտցածը, խորհածն ու հասկցածը ներկայացնող։

Չկայ որեւէ ազդակ, որ պատկերասփիւռին եւ համացանցին չափ, թերեւս ալ աւելի՛, այնքան խոր ազդէ ու նկարագիր յղկէ՝ որքան կարդացուած գիրքերը։

Աշխարհի գրեթէ բոլոր հանճարները, մեծամեծներն ու հերոսները գիրքերու իրենց վրայ ձգած ներշնչումի եւ տպաւորութեան ազդեցութեան տակ գործող մարդիկ եղած են։ Գիրքերը անոնց ներշնչած են գեղարուեստի եւ ստեղծագործութեան, հերոսութեան եւ նուիրումի ոգի։

Ուսման, զարգացման, հոգիի եւ նկարագիրի ազնուացման ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է ընթերցասիրութիւնը։ Լաւապէս դաստիարակուած մարդ ըլլալու համար անհրաժեշտ է ընթերցասէր ըլլալ։

Միջնակարգ կամ երկրորդական վարժարաններէ կեանքի ասպարէզ նետուող սերունդին համար յատկապէս՝ ընթերցասիրութիւնը էական է ու անհրաժեշտ։

Կարդալու չափ դիւրին ժամանց եւ օգտակար հաճոյք չկայ։ Երեկոյեան, աշխատանքէն վերադարձին, յոգնած եւ ուժասպառ, ականջները քաղաքին աղմուկով եւ շուկայիկ խօսակցութիւններով լեցուած, աչքերը փոշիով եւ տգեղ երեւոյթներով կուրցած, հոգիները ապրուստի հազար ու մէկ հոգերով սրտնեղած, կազդուրուելու, հանգչելու եւ ինքնամփոփուելու համար պէտք ունին կարդալու։

Կարդալը մոռցնել կու տայ առօրեայ տաղտուկը եւ աւելի կարեւորը, կը կոփէ մարդոց միտքը, հոգին եւ նկարագիրը։ Ամէնօրեայ կարդալը անզգալաբար ամէն օր բան մը կþաւելցնէ մարդոց ծանօթութեան վրայ, ու բարոյական օգուտին հետ, նիւթական օգուտ մըն ալ կրնայ ապահովել անոնց, իբրեւ գործաւոր կամ գործի մարդ։

Գիրքերը կը նմանին հարթիչ գլաններու։ Անոնք կը չքացնեն շատ մը վատ սովորութիւններ, ունակութիւններ եւ մեզի կու տան ընկերային, հոգեկան եւ նկարագիրի կազմութեան էական ստորոգելիներ։

Կանոնաւոր, հանգիստ եւ ընտրովի կարդալը մեծագոյն ազդակը կրնայ ըլլալ հաճոյքի, ինքնազարգացման եւ առաքինի նկարագիրի կազմութեան համար։

Չի բաւեր սակայն միայն կարդալ եւ ուսումնասիրել, հարկ է նաեւ մեր կարդացածը գործադրել, տեսականը փորձել գործնականացնել։

Կարդալ, մի՛շտ կարդալ։

Արհեստի, ընտանեկան թէ ընկերային կեանքի մէջ յաջողելու, միութեան մէջ ինքզինք արժեցնելու, պատկանած միջավայրին օգտակար դառնալու, ազգին եւ հայրենիքին ծառայելու լաւագոյն միջոցներէն է կարդալը։

Որքա՜ն ճոխ եւ բովանդակալից է գիրքերու աշխարհը։

Ու եթէ մեր նորահաս սերունդը կարդալը մնայուն վարժութեան վերածէ, որքա՜ն կը փոխուի ընտանեկան-ընկերային, ազգային-միութենական մեր կեանքը։

Տարածենք