Թիւ 189 - ԵՐԿՐՈ՛ՐԴ ՊԱՏԻՒ

 

Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժեղացման կամ տկարացման բազկերակը, ինչպէս որ մեր նախորդ խմբագրականով դիտել կու տայինք, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարժումը եւ յատկապէս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող անոր ֆութպոլը, իրաւա՛մբ, նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնչերակը։ Որքան առողջ եղած է այդ շնչերակը, որքան թարմութիւն, կենսունակութիւն եւ յաջողութիւն ապահոված է ան, այնքան առոյգ եւ կայտառ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական հոյակապ շարժումին շնորհիւ, աքսորէն եւ անապատէն կիսամեռ վերադարձած հայ պատանիներէն քանինե՜ր որբանոցի, ցեխոտ դաշտի կամ պարզապէս թաղի մը խուլ անկիւններուն մէջ, ֆութպոլի գնդակի մը ետեւէն վազելով՝ գտած են վերապրելու իրենց կամքը, յաղթանակելու գեղեցիկ հրճուանքը եւ առողջ ու ամուր հաւաքականութիւն մը կերտելու սեփական գաղտնիքը։

Մարզական նոյն շունչին իբրեւ արդիւնք, մեր ժողովուրդը ինչպիսի՛ խանդավառութեամբ փութացած է կանաչ դաշտեր՝ խաղերու եւ յաղթանակներու գեղեցկութեան ետեւ ողջունելու համար ջրվիժումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգիին կենսունակութեան, գաղտնիքին, որ աշխարհասփիւռ գաղթական ժողովուրդի մը զաւակներէն կը պատրաստէ հայրենակերտ պողպատեայ սերունդներ, ու անոնց կը փոխանցէ հայ ազգային, գաղափարական եւ հոգեկան կեանքի դրօշը։

Հրաշքով չէ ստեղծուած այս երեւոյթը։ Ո՛չ ալ միմիայն յաղթանակներու կապուած ամբոխային խանդավառութեան մը արդիւնքն է ան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարժումին յարատեւ կենսունակութիւնն ու յաջողութիւնը պէտք է փնտռել այլուր։ Նախ՝ շարժումին ինքնուրոյն նկարագիրին եւ մթնոլորտին, ու ապա՝ 80-ամեայ անոր պատմութեան շքեղ էջերուն մէջ։

Արդարեւ, մարզական աշխարհին ծանօթ իրողութիւն է, որ մարզիկի մը մտային եւ ֆիզիքական կարողութիւնները կրնան բնածին կամ ժառանգական ըլլալ, մինչդեռ նկարագիրը մարզիկը ի՛նքն է որ կը կերտէ։ Լաւ նկարագիրը մեծ հարստութիւն է։ Անոր կարենալ տիրանալու համար անհրաժեշտ է ազնիւ աշխատանք եւ զօրաւոր կամք։ Այս խոր համոզումով ալ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարժումին համար մարզանքը անիմաստ մեքենայութիւն է, երբ անոր չþընկերանար բարոյական առաքինութեանց ջամբումը, այլ խօսքով՝ կարգապահութեան, հնազանդութեան, խոնարհութեան, հետեւողականութեան եւ այլ վսեմ յատկութիւններու մշակումը։

Մարզախաղերը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար նպատակ չեն, միջո՛ց են նորահաս սերունդներու նկարագիրը կերտելու, հոգին ազնուացնելու եւ մարմինը զօրացնելու համար։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը հաւատայ, որ անհրաժեշտ է նախ ներքին մարդը կերտել։ Ֆիզիքականը կու գայ աւելի վերջ։ Իրական մարդու կոչումին արժանանալու համար մարզիկներ ամէն բանէ առաջ պարտին ունենալ նկարագիր եւ դիմագիծ, առանց որոնց անկարելի է որ անոնք ծառայեն իրենց միութեան առաջադրած նպատակներուն։

Յատկապէս մեր օրերուն, երբ կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ մարդոց խօսքն ու գործը, կենցաղն ու ընթացքը դիմակաւորուած են, երբ մարդիկ օրուան եւ պահանջի համեմատ դերեր ու կեցուածքներ կը փոխեն, Հ.Մ.Ը.Մ. չի կրնար հետեւիլ աշխարհի Բարեկենդանի դիմակաւոր խեղկատակ բեմադրութեան։ Ընդհակառակն, մարզական իր սքանչելի մթնոլորտին հրայրքով, ան կը ջանայ հակառակին փաստերը տալ, այնպէս մը որ՝ մարզիկներուն միջեւ փոխանակուած «եղբայր» բառը ունենայ իսկական խորք, իրերօգնութիւնն ու յարգանքը ըլլան մնայուն տրամադրութիւններ, իսկ բարոյական ըմբռնումներու կիրարկումը դառնայ հրամայական պահանջ։ Ա՛յս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն գլխաւոր նպատակը, որ, իբրեւ սրբազան աւանդ, փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։

Արդ, 80-ամեակի սերունդը, այսօր, իր նախորդ սերունդներուն պատիւ տալէ եւ անոնց աւանդին տէր կանգնելէ այլ ընտրանք չունի։ Այլապէս, ան ինքզինք դէմ յանդիման կրնայ գտնել շահախնդիր, անպարկեշտ եւ նիւթապաշտ մարզաշխարհի մը բարդ տագնապներուն։ Տագնապներ, որոնք կա՛մ կը փոքրանան եւ մարզական միութիւններու համար դիւրին լուծելի հարցերու կը վերածուին եւ կամ՝ կը բարդանան եւ նոյնինքն միութիւններու սեփական նկարագիրին եւ դիմագիծին կը սպառնան։

Իսկ այսօրուան արհեստավարժ մարզաշխարհին մէջ, յանուն սկզբունքներու եւ բարոյականութեան, անկարելի է որ կարգ մը տագնապներ փոքրանան…։

Տարածենք