Թիւ 185 - ԶՕՐԱՑՆԵ՛ՆՔ ՀԻՄԸ՝ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

 

Ըսուած է իրաւամբ, թէ բարեպաշտ քրիստոնեայ ըլլալու համար անպայման խաչուելու կարիքը չկայ, իսկ մեր վարժարաններու մարզական կեանքին ծանօթանալու համար՝ մարզանքի դասապահերու ներկայ գտնուելու պէտքը չկայ։ «Նամակը կը հասկցուի իր վերնագրէն», իսկ աշակերտական մարզական կեանքը՝ մարզական ընդհանուր կեանքէն։

Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, հայ մարզական կեանքի փայլուն ներկայացուցիչներէն շատերը մեր վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ անոնց շունչին տակ հասակ առած շրջանաւարտ ուսանողներն էին։ Իսկ այսօր, մեր վարժարաններն ու մարզանքի ուսուցիչները հեռուէն հեռու միայն կը թուին մարզական կեանքի հետեւողներ ըլլալ։ Բացառութիւնները միշտ յարգելով, ցաւալի է հաստատել, որ 20-րդ դարու վերջին տարիներուն, մեր վարժարաններուն մէջ մարզանքի հանդէպ նուազ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, քան այն ինչ որ երէկ, 20-րդ դարու առաջին տարիներուն կը ցուցաբերուէր Պոլսոյ եւ հայկական գաւառներուն մէջ։

Այս անտեսումը արդեօք կարելի՞ է բացատրել անով, որ մարզական միութիւններ կրնան այդ պակասը լրացնել, մինչդեռ կրթական մարմիններուն գործը աշակերտութեան հոգեմտաւոր կրթութեամբ զբաղիլն է միայն։

Ոմանք կ’առարկեն, թէ մեր վարժարաններու դասապահերը այնքան խճողուած են, որ կարելիութիւնը չկայ աշակերտութեան մարզանքի դասապահեր յատկացնելու։ Ուրիշներ մինչեւ իսկ աւելորդ պերճանք կը նկատեն մարզանքը վարժարաններէն ներս։

Յստակացումի համար կ’արժէ հաստատել, որ մարզական միութիւններ ի վիճակի չեն մեր վարժարաններու բազմահազար աշակերտներուն ֆիզիքական դաստիարակութեամբ զբաղելու։ Մարզական միութիւններ կը զբաղին մասնագիտական (յաճախ նաեւ՝ արհեստավարժ) կարգ մը խաղերով միայն, որոնք կրնան բոլորին ճաշակները չգոհացնել։

Միւս կողմէ, դասապահերու խճողման եւ աշակերտութեան բեռնաւորուած ըլլալու պարագան եւս արդարացուցիչ չի կրնար թուիր, այլ ընդհակառակն՝ անիկա յաւելեալ պատճառ մը պէտք է նկատուի աշակերտութիւնը զանազան ձեւի մարզանքներով ու խաղերով գէթ պահ մը դուրս բերելու դասերու ճնշիչ մթնոլորտէն, որպէսզի ան կազդուրուած ձեւով շարունակէ իր մտային մարզանքներն ու վարժութիւնները։

Նմանօրինակ յստակացում մը պէտք է կատարել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մարզանքը աւելորդ պերճանք կը նկատեն վարժարաններէն ներս։ Առանց խաղի ու մարզանքի, աշակերտներ կը նմանին վանդակի մէջ դրուած թռչուններու, որոնք ի վերջոյ կը դատապարտուին երգելու եւ թռչելու իրենց կարողութիւնը կորսնցնելու եւ խամրելու։ Մինչդեռ արթնամիտ, ուշիմ ու առողջ աշակերտութիւն ունենալու համար, մտքի եւ հոգիի դաստիարակութեան չափ կարեւոր է ֆիզիքական  դաստիարակութիւնը։

Հետեւաբար, ժամանակն է այլեւս, որ կրթական պատասխանատուներ դադրին մարզանքը իրենց «խորթ զաւակը» նկատելէ եւ, յատուկ կերպով մշակուած ծրագիրի մը հիմամբ, մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան, կրթական մեր համակարգին մէջ արժանի տեղը տան անոր։ Իբրեւ երկրորդ քայլ, ասոր կրնայ հետեւիլ մարզանքի նոր ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ անոնց տեւական որակաւորման ծրագիրին մշակումը, որովհետեւ հրապարակի վրայ եղող եւ հազիւ ձեռքի մը մատներով համրուող ուսուցիչները յաւիտենական չեն, եւ երբ օր մը անոնք հեռանան իրենց ասպարէզէն, ի՞նչ կրնայ ըլլալ արդեօք մարզանքի ուսուցչութեան ճակատագիրը մեր վարժարաններէն ներս։

Այսօր շատեր հաւանաբար կրնան հաշուել մեր վարժարաններու աշակերտութեան թիւը, սակայն ո՞վ կրնայ ճշդել թիւը նոյն վարժարաններու մարզանքի որակաւոր ուսուցիչներուն, որոնք կրնան իր բաղձալի բարձունքին հասցնել աշակերտական մարզական կեանքը։ Մտածուա՞ծ է արդեօք այս մասին։ Կամ եթէ նոյնիսկ մտածուած է, արդեօք սոսկում չէ՞ առթած այդ թիւին հրապարակումը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթըն վերջերս կատարեց ուշագրաւ հաստատում մը, երբ դիտել տուաւ, որ «Մեծ մարդիկը անոնք չեն, որոնք մեծ գործեր կը կատարեն, այլ՝ անոնք են, որոնք մեծ թիւով մարդոց մեծ գործեր կատարել կու տան»։ Իսկ մարզական մեր կեանքը իր հիմէն՝ աշակերտական մարզական կեանքէն վերանորոգելու եւ վերաշխուժացնելու համար, մենք արդեօք որքա՞ն մեծ մարդոց կարիքը ունինք…։

 

Տարածենք