Թիւ 416-417 - ԴԺՈՒԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

 

Բոլորին նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս անցնող ամիսներուն անցաւ Քորոնայի համաճարակի դժուար քննութենէն։ Քորոնան յեղաշրջեց մարդկային կեանքը, ընկերային յարաբերութիւններն ու ազգային-միութենական առօրեան։ Քորոնայէն վերջ կեանքը չի նմանիր Քորոնայէն առաջուան կեանքին։

Սկսած ենք ապրիլ առցանց քաղաքակրթութեան օրերը, մեր ետին ձգելով համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջանը, որ աշխարհը վերածած էր մեծ գիւղի, իսկ ժողովուրդները՝ գիւղի բնակիչներուն։ Այժմ գիւղ գրեթէ գոյութիւն չունի։ Բնակիչներ չկան։ Աշխարհագրութիւնը իր տեղը զիջած է ցանցային աներեւոյթ ոստայնին, ուր բնակիչները Zoom-ի, WhatsApp-ի, Google meet-ի եւ կամ Microsoft team-ի սովորական թիւեր են։ Կեանքը առաւելաբար կ’ընթանայ անոնց ճամբով, ժամանակի եւ միջավայրի անցեալէն տարբեր մօտեցումներով։

Կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր դիմացողը խելացին չէ, զօրաւորը չէ, այլ՝ ան որ կրնայ ընտելանալ օրուան փոփոխութիւններուն։ Ան, որ քսակի հարստութենէն աւելի մտքի հասունութիւն ունի։ Յարմարող է, ճկուն եւ ստեղծագործ։

Հ.Մ.Ը.Մ. անցաւ համաճարակի քննութենէն եւ անգամ մը եւս փաստեց, որ ան կը մնայ բոլոր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ գործելու ատակ միութիւնը, որովհետեւ ամէն հանգրուանի ան գիտէ ինչպէ՛ս իր առաջնահերթութիւնները վերադասաւորել, կացութիւններու պատշաճիլ եւ ըստ այնմ շարքերը կենսունակ պահել։

Համաճարակի օրերուն, առաջնահերթութիւնները փոխուեցան, կարիքները՝ նոյնպէս։ Հարկ եղաւ հասնիլ կարիքաւորին, ծերին եւ հիւանդին։ Անհրաժեշտ դարձաւ տունը «բանտարկուած» անգործ մարդուն աջակիցը ըլլալ, իր բախտին լքուած անտէր ծերունիին կողքին կանգնիլ եւ խնամքի կարօտ պատանիին հոգեմտաւոր սնունդ հայթայթել։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»ը հասաւ բոլորի՛ն. տեղ մը օժանդակութեան ծրարներով սննդեղէն բաշխեց ընկերային անապահով ընտանիքներու, այլուր հաց եւ դեղ հասցուց ծերունիներու, մէկ այլ շրջան օրհնուած մաս բաժնեց եկեղեցի յաճախելու կարելիութենէն զրկուած հաւատացեալներու, իսկ քիչ մը ամէն տեղ դաստիարակչական առցանց ծրագիրներով պատանիները իրեն կապեց եւ ազգային-միութենական առողջ մթնոլորտի մէջ պահեց։

Քորանան անակնկալ էր, ինչպէս բոլորին, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր իր աշխատանքները յառաջ կը տանէր սկաուտական հաւաքավայրերու եւ մարզադաշտերու մէջ։ Ժողովները կը կատարէր ակումբներու, իսկ ընկերային հանդիպումները՝ սրահներու մէջ։ Համաճարակը անկարելի դարձուց այդ բոլորը, հրամայական դարձնելով փոխընտրանքներու որոնումը։

Լուծումը չուշացաւ, որովհետեւ սկաուտական եւ մարզական միութիւն մը ըլլալով հանդերձ, Հ.Մ.Ը.Մ. հարուստ էր արդի արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներուն տիրապետող երիտասարդ տարրերով։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունէր համահայկական իր կառոյցին պատշաճող արհեստագիտական պատասխանատու մարմին, որ դեռ տասնամեակ մը առաջ, ռազմավարական իր ծրագիրին մէջ յատուկ բաժին նախատեսած էր առցանց աշխատանքներու եւ, այնուհետեւ, 2014-ին, գործակցութեան յուշագիր մը կնքած էր համաշխարհային «Կուկըլ» ընկերութեան հետ՝ արհեստագիտական անոր ծառայութիւններէն օգտուելու համար։

Այնպէս որ, արհեստագիտական «զէնքերը» պատրաստ էին։ Պատրաստ էին նաեւ զանոնք օգտագործողները։ Անակնկալի գործօն չէր մնացած։ Ահա թէ ինչո՛ւ, համաճարակի առաջին օրէն Հ.Մ.Ը.Մ. շատ դիւրին եւ արագ կարողացաւ իր գործունէութիւնը փոխադրել առցանց հարթակ, պահելով ոգին՝ փոխելով ձեւն ու միջոցները։

Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել միութեան անցնող ամիսներու առցանց գործունէութեան զանազան երեսներուն վրայ, հաստատելու համար, որ համաճարակի նախազգուշական աշխատանքներէն մինչեւ հետեւանքներու դէմ պայքարը, Ապրիլեան եւ Մայիսեան ոգեկոչումներէն մինչեւ Շուշիի ազատագրման տօնախմբութիւնները, մայրերու եւ հայրերու օրուան նշումները, եւ դեռ՝ ընկերային տեսակաւոր առցանց ծրագիրները ինչքա՜ն ուշագրաւ եւ կարեւոր նորութիւններ բերին միութեան։ Ինչքա՜ն խանդավառութիւն ստեղծեցին իրենց շուրջ։

Ու զարմանալի չէ, որ ընկերային հեռաւորութեան օրերուն, ժամանակի եւ տարածութեան բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի առցանց աշխատանքները յաջողեցա՛ն իրարու մօտեցնել աշխարհի չորս ծագերուն ապրող քոյրերն ու եղբայրները, շնորհիւ անբացատրելի այն կապուածութեան, ջերմութեան եւ հարազատութեան, որոնցմով ամերիկահայն ու սուրիահայը, ֆրանսահայն ու լիբանանահայը, աւստրալահայն ու հայրենի հայը կը դառնան անքակտելի մէ՛կ ամբողջութիւն։

Կը դառնան մէ՛կ եւ միեւնոյն նպատակի նուիրեալներ, գիտակից՝ իրենց կոչումին եւ հաւատարիմ՝ նախորդներու առաքելութեան, մկրտուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական նոյն աւազանին մէջ եւ կնքուած ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան միեւնոյն դրոշմով։

Այս արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ պատմութեան մեծագոյն դասն է. իւրաքանչիւր քննութենէ դուրս գալ նո՛ր փորձառութեամբ եւ նո՛ր յաջողութեամբ, քիչ մը աւելի զօրացած եւ շատ աւելի հայացած։

Քորոնայի քննութեան արդիւնքն ալ տարբեր չէր կրնար ըլլալ։
Ու չեղա՛ւ։

Տարածենք