Թիւ 386-387 - ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ

 

Մէկ օրէն միւսը կարելի չէ պատասխանատու ըլլալ եւ հաւաքականութեան մը ճակատագիրը տնօրինել։ Աշխարհի բոլոր օրինագիրքերը մէկու մը պատասխանատուութիւն վստահելու համար կը սահմանեն տրամաբանական ժամանակ։ Ի վերջոյ, թեկնածուն պէտք է ճանչնայ իր ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը, գիտնայ իր ընելիքը, ծանօթանայ իր դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն եւ ըստ այնմ պատրաստ ըլլայ զանոնք դիմագրաւելու։

Պատասխանատուութիւնը կեցուածք է, խօսք է ու գործ է։ Ու այս բոլորէն առաջ՝ որոշ ապահովութիւն ներշնչող սեփական անձի օրինակ է, որ երկար տարիներու փորձառութեան, զոհաբերութեան եւ անշահախնդրութեան հարազատ ու համոզիչ վկան կրնայ ըլլալ։

Պատասխանատուութիւնը սակարկութիւն չի ճանչնար։ Կէս կատար կամ ժամանակաւոր պատասխանատուութիւններ չեն կրնար ըլլալ։ Մարդ կա՛մ լիիրաւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ կամ երբեք չի ստանձներ։ Կարելի չէ պատասխանատուութեան դիրքերու վրայ ըլլալ եւ անպատասխանատու ընթացք ունենալ, ծոյլ ու անտարբեր ըլլալ։ Կարելի չէ պատասխանատու մարմիններու մէջ ըլլալ եւ գործելու անընդունակ ըլլալ, անկամ ու անկար ըլլալ։ Իրաւունքի եւ պարտաւորութեան հասկացողութեան մէջ, պատասխանատուն ունի յաւելեալ պարտաւորութիւններ՝ քան հասարակ մահկանացուն։ Չէ՞ որ ան յաւելեալ փորձառութիւն, գիտութիւն եւ հմտութիւն ունի իր ստանձնած գործին մէջ։ Եթէ չունի այդ բոլորը՝ պէտք չէ ըլլայ պատասխանատու, իսկ եթէ ունի՝ պէտք չէ զլանայ իր գիտցածը այլոց տրամադրութեան տակ դնելու՝ վասն հաւաքական գործի յաջողութեան։

Պատասխանատու մարդը քաջ կ’ըլլայ։ Ան չի վարանիր ընդունելու իր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները։ Յաջողութիւնները կը վերագրէ հաւաքականութեան, իսկ ձախողութիւնները՝ իր անձին, որ գլխաւոր պատասխանատուն է տուեալ գործին։ Ձախողութիւններէն ուսանելի դասեր կը քաղէ ան՝ ապագային չկրկնելու համար զանոնք։

Պատասխանատու մարդը չքմեղանքներ չի փնտռեր իր ձախողութիւններուն համար։ Ամէնէն դիւրին ձեւն է այդ պատասխանատուութենէ խուսափելու համար։ Ո՛չ ալ ժամանակի եւ միջավայրի պայմանները յանցաւոր կը գտնէ ան իր անճարակութիւնը արդարացնելու համար։ Պատասխանատուի իր հանգամանքով ան պարտաւոր է սկիզբէն այդ բոլորը նկատի ունենալ, նախապատրաստուիլ եւ ըստ այնմ քայլեր առնել։ Ուշացած մարգարէութիւնները օգտակար չեն կրնար ըլլալ այս պարագային։

Պատասխանատու ըլլալու համար անպայման պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարիքը չկայ։ Հաւաքական մեր կեանքին մէջ բոլորը կոչուած են պատասխանատու ըլլալու իրենց կեցուածքերուն եւ արարքներուն։ Վա՜յ անոնց, որոնք պատասխանատուութեան զգացումէ կը հրաժարին, երբ վարչական պարտաւորութիւններէ հեռու կը մնան։ Վա՜յ նաեւ անոնց, որոնք իրենց պատասխանատու ըլլալը կը յիշեն, երբ միայն վարչական աթոռներ կը վայելեն։

Պատասխանատու մօտեցումը կեանքի ընթացք է, ապրելու ոճ է, մտածելու ձեւ է, զոր մարդիկ իրենց մէջ կ’ունենան, պէ՛տք է ունենան, գիտակցական իրենց կեանքի առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը, այն օրը, երբ այս անգամ իրենց անշնչացած մարմինը պատասխանատու կերպով կը գրկէ այն դրօշը, որուն ծառայած էին անոնք իրենց կենդանութեան եւ որուն համար կ’արժէր ապրիլ ոչ թէ մէկ, այլ հազա՛ր պատասխանատու կեանք։

Տարածենք