Թիւ 421 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄԸ (ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

   Ով որ չտեսաւ միութեան դրօշով պատուած դագաղը, կրնայ ենթադրել, որ ան մեկնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս կամ շրջան եւ ուր որ է շուտով կը վերադառնայ։

Ով որ գլխահակ չմասնակցեցաւ ժողովրդային յուղարկաւորութեան իր սուգին, կրնայ հաւատալ միայն իր ժամանակաւոր բացակայութեան։

Իսկ ով որ գերեզմանատան մէջ չլսեց «Յառաջ նահատակ»ով իրեն տրուած վերջին պատիւը, ինչպէ՜ս ընդունի որ յաւերժ քուն մտած է ան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը չկա՜յ այլեւս։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներուն պիտի չտեսնենք զինք։ Պիտի չլսենք իր պատգամները, պիտի չխրախուսուինք իր կեցուածքներով, պիտի չվայելենք իր մագնիսական ներկայութիւնը։

Ուրեմն, լռութի՞ւն է հիմա…

Բայց ո՞վ ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ կորուսեալը կը սիրէր լռութիւնը, կը սիրէր սուգն ու վիշտը, կրնար ապրիլ անցեալի յիշատակներով եւ յուշերով միայն։ Լռութիւնն անգամ իմաստ եւ արժէք ունէր իրեն համար։ Չէ՞ որ քանի՜-քանի՜ անգամներ ան ժողովականներ հրաւիրած էր յոտնկայս լռութեան՝ յարգելու համար միութենական երախտաւորի մը յիշատակը։ Չէ՞ որ քանի՜-քանի՜ առիթներով ան վայրկեան մը լռութեամբ գլուխ խոնարհել տուած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին թէ Եռաբլուրի անմահներու շիրիմներուն, ազգին նահատակները պատուելու համար։

Ո՛չ, լռութիւն չէ հիմա։

Հիմա ինք կը խօսի իր գործերով եւ պատգամներով։ Աւելի ճիշդ, իր գործերն ու պատգամները խօսիլ կու տան իր մասին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին, Հ.Մ.Ը.Մ.-հայ ժողովուրդ անքակտելի կապին մասին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հայրենիք ամուր կապուածութեան մասին եւ այն բոլոր արժէքներուն մասին, որոնց ջատագովը եղաւ ան՝ իր բովանդակ կեանքին ընթացքին։

Սահման ու ժամանակ չճանչցաւ իր կեանքը։ Իր ապրած աշխարհագրութիւնը ընդգրկեց այն բոլոր քաղաքներն ու երկիրները, որոնց վերեւ անմար մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի արեւը։ Իր անցուցած ժամանակը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար ապրուած օրը, օրե՛րը։ Այդպէս է, որ ան կեանքը լեցուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար ծրագրելով, կազմակերպելով, գործելով եւ գործերուն ընդմէջէն տեւաբար դասեր քաղելով։

Ու հիմա, ինչ որ մնացած է իրմէ՝ այդ դասերն են, որոնք իբրեւ մնայուն յուշարար մեզի կը թելադրեն, որ՝ «Հ.Մ.Ը.Մ. սոսկ մարզական կամ սկաուտական շարժում մը չէ եղած ու պիտի չըլլայ։ Հանրային իմաստով յանձնառութիւն զարգացնող, ազգային առումով ինքնաճանաչում սերմանող եւ գաղափարական խորքով նուիրում ջամբող ընտանիք է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ տարիներու հարուստ փորձառութեամբ արժանացած է իր ժողովուրդին հոգածութեան եւ վստահութեան»։ Իսկ ինք եղաւ այդ հոգածութեան եւ վստահութեան արժանաւոր մէկ ներկայացուցիչը։

Ինքն է, որ հայ կեանքի բարձրագոյն բեմերէն ու ամպիոններէն բազմիցս կրկնեց. «Այսօր որբեր չկան, սակայն որբացած գաղութներ կան։ Ու Հ.Մ.Ը.Մ. պատնէշի վրայ է։ Հայ երիտասարդութիւն կը համախմբէ, հայեցի դաստիարակութեան միջավայր եւ մթնոլորտ կը ստեղծէ։ Սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով երիտասարդները ձուլման վտանգէ կը փրկէ, հայութեան եւ Հայաստանին կը կապէ»։ Այս գիտակցութեամբ ալ ան գործեց անդուլ եւ անվհատ, գաղութէ գաղութ շրջելով, ամէնուրեք Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ երիտասարդութիւն համախմբելով եւ ատենապետութեան 12 տարիներուն միութեան մասնաճիւղերուն թիւը 90-էն 111-ի բարձրացնելով։
Դիւրին չեղաւ աշխատանքը, իր բառերով՝ «Սփիւռքի մէջ հայը հա՛յ պահելու, իսկ Հայաստանի մէջ տիպար քաղաքացիներ կերտելու» Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտականութիւնը։ Դիւրին չեղաւ, բայց նաեւ անկարելի՛ չեղաւ, որովհետեւ ան աշխատանքի նշանաբան ունեցաւ «Արժանի ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կոչումին եւ անպայման ըսելիք եւ ընելիք ունենալ մեր կեանքին մէջ, մեր գաղութներուն եւ մեր նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Անտարբերութիւն, ծուլութիւն եւ անհոգութիւն ներելի չէ։ Արտօնելի՛ չէ։ Ամէն մարդ հարկ է իր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենայ եւ իրեն վստահուած գործը լաւագոյնս կատարէ՝ անձնական նախասիրութիւնները եւ շահերը մէկ կողմ դրած»։

Այսպէս մտածեց ու գործեց եղբայր Գառնիկ, հիմնական մտասեւեռում ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական հզօրանքը՝ միութեան համահայկական կառոյցին տեւական ընդարձակումը, արդիականացումը, հզօրացումն ու ճառագայթումը, խորապէս համոզուած, որ «Կազմակերպական որակ պահելու համար անհրաժեշտ են բարեփոխութիւններ։ Անհրաժեշտ է քննել, թէ վարչական մեր գործելաձեւերը որքա՞ն կը պատշաճին մեր այսօրուան պայմաններուն։ Որքա՞ն գործնական են մեր ժողովական կեանքի դասաւորումները, ներգրաւելու համար երիտասարդ սերունդի կարողականութիւնը, իրապաշտ եւ գործնական մօտեցումը, այդ հսկայ ներուժը»։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերջին քառորդ դարու ամէնէն տիրական դէմքը հսկայ ջանքեր ի գործ դրաւ միութիւնը կազմակերպական նոր որակով օժտելու համար։ Ներքին իմաստով ան գրաւը դրաւ երիտասարդութեան վրայ, իսկ արտաքին իմաստով ան աշխատեցաւ նիւթաբարոյական առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովել կազմակերպական կարեւոր ծրագիրներու յաջողութեան համար։

Երիտասարդութիւնը եղաւ իր սրտին մօտիկ, իսկ ինք՝ միշտ երիտասարդութեան հետ, երիտասարդութեամբ շրջապատուած։ Հաւատաց, որ «Երիտասարդներ շատ բան կրնան ընել մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար։ Անհրաժեշտ է միայն կազմակերպուիլ, աւելի շատ քով-քովի ըլլալ եւ մեր ապրած քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եռանդ եւ շարժում ստեղծել»։ Փաստ է, որ իր գլխաւորած Կեդրոնական Վարչութիւնները առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեցին երիտասարդական համագումար, հովանաւորեցին համաեւրոպական երիտասարդական խորհրդաժողով, իսկ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներն ու մարզախաղերը վերածեցին երիտասարդական մէկական տօնի, միութենական խանդավառութեան եւ ազգային ոգեւորութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւններով։

Ու եթէ ներքին ճակատը ամրացաւ շարքերու երիտասարդականացման ընթացքով, մեծ եղաւ արտաքին ճակատին նիւթաբարոյական նպաստը այդ ընթացքին յաջողութեան։ Ասոր լաւագոյն դրսեւորումը հանդիսացաւ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն միութեան հանդէպ ցուցաբերուած պետական ամբողջական զօրակցութիւնը Հայրենիքի մէջ եւ ժողովրդային անսահման աջակցութիւնը Սփիւռքի մէջ, անկախ՝ քաղաքական, գաղափարական, տեղական-տեղայնական ամէն նկատառումէ։

Առաջնահերթութիւններուն առաջնահերթը, հետեւաբար, եղաւ ու մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական կառոյցին հզօրացումը՝ մարդկային, նիւթական, յարաբերական եւ արհեստագիտական կարելի բոլոր միջոցներով, որպէսզի ան շարունակէ՝
«Սերունդներ դաստիարակել, կրթել եւ մեծցնել։
«Մարզախաղեր կիրարկել, բայց մարզախաղերէ առաջ մարզական ազնիւ ոգի փոխանցել իր տղոց ու աղջիկներուն։
«Սկաուտութիւն կատարել, բայց սկաուտութենէ առաջ պարկեշտ մարդը եւ ազնիւ քաղաքացին կերտել իր արի-արենոյշներէն։
«Վարչական աշխատանք կատարել, բայց ատկէ առաջ վարչական տղոց ազգային կրթութիւն եւ պահանջատիրական ոգի փոխանցել»։

Այս էր իր պատգամը, կազմակերպական հզօրանքի գլխաւո՛ր նպատակը, քաջ գիտնալով, որ «Հ.Մ.Ը.Մ. առաքելութիւն մը ունի մեր կեանքին մէջ։ Ծառայութիւնն է անոր առաքելութիւնը, նուիրումն է անոր դերակատարութիւնը»։

Իր անվերադարձ մեկնումէն ետք, հիմա այս պատգամը կը հնչէ շատ աւելի բարձր եւ, իբրեւ թանկագին աւանդ, կը փոխանցուի գալիք սերունդներուն, որպէսզի անոնք ապրին այս խօսքերով, խօսքերը վերածեն գործերու, իսկ գործերով կենդանի պահեն յիշատակը անզուգական Մարդո՛ւն, Հայո՛ւն եւ Միութենականի՛ն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մէջ ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ անունը արձանագրեց գլխագիր տառերով։

Տարածենք