Թիւ 369 - ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՈՒՆԻՆ…

 

«Ներկայի երիտասարդները չունին անցեալի երիտասարդներուն գաղափարապաշտութիւնն ու զոհողութիւնը», կը հաստատէինք մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկուն մէջ (թիւ 365-366)։ Հաստատումը լայն արձագանգ կը գտնէր ընթերցողներու մօտ եւ տեղի կու տար այլատեսակ մեկնաբանութիւններու։ «Ինչ որ ցանես այն կը հնձես» կը գրէր մէկը, «առիթը տուէք որ գործեն» կ’ընդգծէր մէկ ուրիշը։

Երեւոյթը նոր չէ։ Առաջին անգամը չէ որ նոր սերունդը կը մեղադրուի ազգային-միութենական գործունէութեան հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութեան եւ խանդավառութեան պակասին համար։ Հայրերու եւ որդիներու ընթացիկ պայքարին մէկ արտայայտութիւնն է այս։ Բայց, անշուշտ, միայն այդ չէ։

Այսօրուան երիտասարդութիւնը, անկասկած, շատ աւելի հաշիւը գիտցող, գործնական ու կենցաղասէր է, քան զգացական թռիչքներով ապրող եւ անհաշիւ զոհողութեան ընդունակ գաղափարապաշտ հիները։

«Արտաքին երեւոյթներէն պէտք չէ խաբուիլ,- կ’առարկեն նորերը,- երբ գործի ժամը գայ՝ կը տեսնէք թէ ինչե՜ր կրնայ ընել նոր սերունդը»։

Երեւոյթներէն անդին, հարցը լուրջ է եւ ունի իր պատճառները, որոնք կը կարօտին խոր քննութեան։ Երբ պատճառները փնտռելու սկսինք, մեր ուշադրութիւնը ամէնէն առաջ կը սեւեռի դաստիարակութեան հարցին վրայ, որ ամէնէն շօշափելին է։

Դաստիարակութեան դերը կարեւոր է եւ ոչ ոք կրնայ ժխտել, բայց դաստիարակութիւնը առանձինն բաւարա՞ր է հարցին էութիւնը բացատրելու համար։ Իսկ դուրսի մթնոլո՞րտը, մեզ շրջապատող պայմաննե՞րը…

Ծանօթ են հաճոյասիրութեան եւ նիւթապաշտութեան այն տրամադրութիւնները, որոնք առաւել կամ նուազ չափով վարակած են միջազգային երիտասարդութիւնը։ Մերինները կղզիի մէջ չեն ապրիր։ Անոնք արտաքին աշխարհին հետ կենդանի շփում եւ կապ ունին ամէն օր ու ամէն վայրկեան։ Տակաւին չ’արժեր խօսիլ յոռի բարքերու եւ բարոյական այլասերումներու տեսակաւոր երեւոյթներու մասին, որոնք իրենց աւերները կը գործեն քիչ մը ամէն տեղ։ Բնական է, որ հայ երիտասարդութիւնն ալ տարուի նման հոսանքներով, հեռանալով իր արմատներէն ու պարպուելով իր արժէքներէն։

Պէտք է իրատես ըլլալ եւ ամէն ինչի պատճառը անպայման չփնտռել ներսը, մեր մէջ, մեր ազգային-միութենական կեանքին ու դաստիարակութեան կապուած դժուարութիւններուն մէջ։ Անոնք դեր ունին, բայց անոնց կողքին կան նոյնքան կարեւոր այլ իրականութիւններ։

Կեանքը եւ գործը կը հասունցնեն այն սերմերը, զորս կրթական թէ միութենական պատասխանատուներ կը ցանեն նորերու հոգիներուն մէջ։ Իսկ երբ կեանքի պայմանները աննպաստ կ’ըլլան սպասուած ծաղկումին համար, ու երբ կենդանի գործն ալ երբեմն կը բացակայի, պէտք չէ զարմանալ թէ ինչո՛ւ երիտասարդութեան մէջ կը պակսի գաղափարապաշտութիւնն ու զոհողութիւնը։

Առանց բացառութիւնները նկատի առնելու, խօսքը մեծամասնութեան մասին է։ Տարիները որքան թաւալին, ցաւը այնքան աւելի պիտի խորանայ, որովհետեւ հայ երիտասարդը աւելի ու աւելի պիտի սկսի նմանիլ իր շուրջի միւս երիտասարդներուն։ Ու նմանութիւնը այս պարագային միայն արտաքինով եւ հագուստ-կապուստով պիտի չըլլայ, այլեւ՝ հոգիով, մտածելակերպով ու աշխարհայեացքո՛վ։

Տարածենք