Թիւ 312 - «ՀԱՆԴԵՐՁ ԸՆՏԱՆԵՕՔ»

 

Բնականէն տարբեր պայմաններու մէջ կ’ապրինք ընդհանրապէս, հայրենիքէն դուրս, հին թէ նոր Սփիւռքի գաղութներուն մէջ։ Ուրիշներ մեր շուրջ կեանքի ու հացի առօրեայ պայքար կը մղեն, մինչդեռ մենք այդ պայքարին հետ միասին եւ անկէ առաջ՝ մեր ազգային գոյութեան, ինքնութեան եւ արժէքներուն պահպանումով կը տագնապինք։

Կրկնակի պատասխանտուութիւն է, ուրեմն, իւրաքանչիւր հայ մարդու պարտականութիւնը. նախ ապահովել օրական իր ապրուստը, ապա՝ չկորսնցնել իր ազգային դիմագիծը։

Հացի եւ գաղափարի այս երկու պայքարները եթէ չներդաշնակուին իրարու՝ կրնար խորտակել զիրար։ Մէկուն բացարձակ տիրապետութիւնը կրնայ վնասակար ըլլալ միւսին։ Միայն անձնական բարօրութիւն ստեղծելու ճիգն ու աշխատանքը անխուսափելիօրէն կ’անտեսէ ազգային մտահոգութիւնները։ Փոխադարձաբար, երբ մէկը «ոտքով-գլուխով» հանրային գործերու մէջ կը նետուի, իր բոլոր ուժերը միութենական աշխատանքներու կը նուիրէ, անպայման երեսի վրայ կը մնան իր տան ու ընտանիքին կարիքները։

Մեր իրականութեան մէջ չեն պակսիր նուիրեալներ, գաղափարի «խենթ»եր, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս կը սիրեն զոհուիլ ազգային կամ միութենական նպատակներու։ Անշուշտ, թիւով քիչ են նմանները։ Եւ ամէն մարդէ կարելի չէ սպասել, որ առաքեալ ու հանրային գործիչ ըլլայ։ Բայց ամէն հայ պարտաւորութիւնը ունի անհրաժեշտ չափով մը դուրս գալու իր կաշիէն, իր շահերու նեղ շրջանակէն եւ ապրելու հասարակաց մտահոգութիւններով։ Ա՛յս է որ կ’ակնկալուի մեր ժողովուրդի անդամներէն, մեծ թէ փոքր, այր թէ կին։

Այլ ժողովուրդներու ազգային, մարզական ու մշակութային կեանքը կ’ընթանայ պետական ղեկավարութեամբ։ Անոնք կը վայելեն պետական պիւտճէի բարիքները եւ ամբողջ նախարարութիւններու մասնագէտ անձնակազմերու հոգածութիւնը։ Մեր պարագային, երբ Հայաստան տակաւին ցանկալի այդ հանգրուանին չէ հասած, ընդհակառակն՝ շատ յաճախ ա՛ն Սփիւռքի իր զաւակներէն կ’ակնկալէ նման մօտեցում, ստիպուած ենք «հանդերձ ընտանեօք» զօրաշարժի ենթարկուելու, որովհետեւ առանձին ենք եւ սեփական մեր ուժի փրկութենէն դուրս այլ ընտրանք չունինք։

Հետեւաբար, հայ կեանքի բնականէն տարբեր պայմանները կը թելադրեն բնականէն տարբեր զոհողութիւններ։ Ահա թէ ինչու, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր զաւակներուն ապագան մտածելով հանդերձ, պիտի մտածէ նաեւ իր ազգին ապագային մասին։

Թիւով փոքր եւ նիւթական կարելիութիւններով համեստ հայը կարողացած է դարեր տոկալ իր հաւատքի ուժով եւ գաղափարի աւիշով։ Մեր նախորդները նախ Երազին ու Գաղափարին ետեւէն վազած են, յետոյ՝ ապրուստին։ Կամ առնուազն իմաստութիւնը ունեցած են երկուքը այնպէս մը իրարու ներդաշնակելու, որ մեր ազգին չորս հազարամեայ «Ծիրանի ծառը» միշտ դալար մնայ, հակառակ իր ստացած ծանր հարուածներուն։

Այս տրամաբանութեամբ, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ իր ժողովուրդի գոյամարտի ռազմիկներէն մէկն է պայքարի ճակատներուն վրայ։ Այս է պատճառը նաեւ, որ մեր մայրերն ու քոյրերը եւս հիմնական դեր ունին կատարելիք ազգային-միութենական գործերու մէջ։

Հաշտեցնել հացն ու գաղափարը՝ «հանդերձ ընտանեօք» գործի նետուելով- ահա փրկարար սկզբունքը, որուն պիտի հետեւինք, եթէ կ’ուզենք որ տնտեսապէս առողջ ընկերութիւն մը ունենալով հանդերձ, ազգային առողջ զգացումներու տէր հաւաքականութիւն մը ունենալ։

Այս արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90ամեակի մեծագո՛յն մարտահրաւէրն է։

Տարածենք