ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համա-ՀՄԸՄ-կան 11-րդ մարզախաղերուն վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով։
Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով։ Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու Շար...