Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ
16 Նոյեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձին օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը յայտարարեց կազմակերպումը լուսանկարչական մրցանքի մը, որուն պայմանները կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Ա) Լուսանկարչական մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն վեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ ոչ-Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։
Արհեստավարժ լուսանկարիչներ չեն կրնար մասնակցիլ սիրողական նկարիչներու համար նախատեսուած այս մրցանքին։
Բ) Լուսանկարչական մրցանքին թեման է՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի առօրեան»։ Հետեւաբար, Շար...