Հ․Մ․Ը․Մ․Ի ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը շրջաններու ներկայացուցիչներուն հետ իր տեսաժողովները եզրափակելով, Շաբաթ, 2 Մայիս 2020-ին երկու տեսաժողովներ գումարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Թիֆլիսի Մեկուսի Վարչութեան ներկայացուցիչին հետ։
Տեսաժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը եղբայրներ, Համաշխարհային Սկաուտական շարժման Եւրասիոյ տարածաշրջանի կոմիտէի նախագահ եղբ․Բագրատ Եսայեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Աւստրալիոյ Շար...