Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

Սգակիր բարեկամներ,

Հ․Մ․Ը․Մ․ական քոյրեր եւ եղբայրներ,

Դժուար է այն պահը, երբ հարազատներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերջին հրաժեշտ տալու սիրելիի մը, որ առյաւէտ կը բաժնուի իրենցմէ։

Կը փորձեն գտնել մխիթարութեան եւ սփոփանքի խօսքեր, որոնք, քաջ գիտենք, որ անպայման պիտի չմխիթարեն եւ չսփոփեն մեզ, երբ հեռացողը իր ետին ձգած է բազմամեայ վաստակ, միութենական հարուստ  Շար...

2021-01-15 |

ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

 

Ուրբաթ, 14 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան եւ վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան ատենապետ  Շար...

2021-01-14 |

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ` Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 10 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 6 Յունուարին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային գործիչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգւոյն։

Հոգեհանգստեան  Շար...

2021-01-10 |

ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻՆ

 

Ուրբաթ, 8 Յունուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին հրաժեշտը՝ ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, որուն աւարտին, յետ մահու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ եղբօր շնորհուեցաւ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Յընթացս յուղարկաւորութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Հայրապետ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին  Շար...

2021-01-08 |

«Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՖՈՆՏ»

 

Առ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով ստեղծուած է յատուկ ֆոնտ մը, որուն կանոնագրութիւնն ու աշխատանքի եղանակը կը մշակուին շուտով։

Այս առիթով, Մկրտիչեան ընտանիքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, եղբօր յուղարկաւորութեան առիթով կատարուելիք նուիրատուութիւնները հասցէագրուին այս ֆոնտին՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով  Շար...

2021-01-07 |

ՄԱՀԱԶԴ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան երկար տարիներու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական`

ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2021-ին։

Ցաւակցագիրները փոխանցել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին՝ office@homenetmen.org

  Շար...
2021-01-06 |

ՓԱՐԻԶԻ ԻՍԻ ԼԷ ՄՈՒԼԻՆՈՅԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՝Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 ԹՈՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆ, ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂՈՐԱՅՔ ԿԸ ԲԱԺՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ

 

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ. 7.5 թոն սննդեղէն, հագուստներ եւ դեղորայք բաժնեց լիբանանահայ ընկերային կարիքաւոր պարագաներու։ Օժանդակութիւնը տրամադրեց Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի քաղաքապետութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով իր կատարած մարդասիրական օգնութեամբ։

Արդարեւ, քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի նախաձեռնութեամբ եւ փոխ քաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի գլխաւորութեամբ, Պէյրութի պայթումէն անմիջապէս ետք, Իսի  Շար...

2020-12-21 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՍՐԱՀԸ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄՈՍԻԿ ՍԵՔԼԵՄԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

 

Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Արցախեան նորօրեայ պատերազմին նահատակուած բոլոր հերոսներուն եւ ի մասնաւորի՝ հալէպահայ երեք կամաւոր հերոսներու՝ Յարութ Բանոյեանի, Մովսէս (Մոսիկ) Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի Շուշիի մէջ նահատակութեան քառասունքին հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

Արարողութենէն ետք, շրջանէ մը ի վեր Վիեննա  Շար...

2020-12-20 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 39-րդ տարի, Թիւ 418-419

 

 

- 102-ամեակի պատգամ- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն

- Խմբագրական- Փրկելու համար կորսուած, չապրուած մանկութիւնը

- Փառք նահատակաց- Արցախեան պատերազմի Հ.Մ.Ը.Մ.ական տասը նահատակներու յիշատակին

- Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»-ը ի սպաս՝ Արցախի համահայկական կռիւին

- Արցախի նիւթով առցանց հանդիպում

- Հաղորդագրութիւն- Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն

- Արցախէն գաղթած պատանիներու կիրակնօրեայ հաւաքներ Երեւանի մէջ

- Արցախի հետ, հայութեան համար (Ձեռնարկներ, ցոյցեր, զօրակցութիւն,  Շար...

2020-12-18 |

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ

 

Կիրակի, 13 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ֆռըն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. վերջին հրաժեշտը տուաւ միութենական 70 տարուան ծառայութեամբ այս աշխարհէն մեկնած եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեանին։

Եղբօր յուղարկաւորութեան եւ թաղման ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ եղբօր երկար տարիներու գործակիցներ։

Այս առիթով վաստակաշատ եղբօր բարեմասնութիւնները  Շար...

2020-12-13 |

ԳՈՅԺ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ

ԵՂԲ․ ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2020-ին, Պէյրութ։

  Շար...
2020-12-11 |

ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՐՏԱՍՈՒԵԼ, ՊԷՏՔ Է ԵՐԳԵԼ ԱՆՈՆՑ ՀԵՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄԸ

 

Հալէպ ծնան, Շուշի մարտնչեցան եւ իրենց վերջին հանգիստը Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ գտան։

Հայութեան համահայկական կռիւին երեք նահատակներն են անոնք՝ եղբայրներ Յակոբ Աստարճեանը, Մոսիկ Սեքլեմեանը եւ Յարութ Բանոյեանը։ Երեք քաջարի մասնակիցներ հալէպահայութեան պաշտպանութեան գործին եւ երեք նուիրեալ անձնազոհներ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։

Երեք եղբայր, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ու գաղափարական երեք աննման տղաք, որոնք ծնան ու  Շար...

2020-11-22 |

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

 

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր, 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտ Քիլիճեանի եւ շրջանի մասնաճիւղերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Սանտրա Վարդանեանի հետ, որ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախեան պատերազմին ընթացքին եւ յաջորդող հանգրուանին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ անոնց  Շար...

2020-11-21 |

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

 

 

Հայրենիքի պաշտպանութեան զոհասեղանին ընծայաբերուած հերոսներու շարքին իր անունը արժանաւորապէս արձանագրեց եղբ. Արտակ Իշխանեանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամն ու անոր եռանդուն նուիրեալը։

Խիզախ, խրոխտ ու անբասիր եղբ. Արտակը ազգային-միութենական մեր արժեհամակարգին եւ արժանապատուութեան հաւատարիմ՝ մայր հողին համար տուաւ իր ամէնէն թանկագինը, ապացուցելով որ միայն հայրենասիրութեամբ կարելի է սերունդներու հայրենիք պահել  Շար...

2020-11-19 |

ՅԱՂԹԱՆԱԿԱԾ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՅԱՒԵՐԺԱՑԱՒ

 

(Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ցաւակցագիրը՝ նահատակ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանի ընտանիքին)

Հայրենիքը փնտռելու համար այս օրերուն պէտք է երթալ Եռաբլուր, ուր կը հանգչին մեր ազգի «լաւագոյն տղերքը», որոնց շարքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեր արի ու պարտաճանաչ սկաուտ եղբ. Արմէն Առուստամեանը։ Եղբայր մը, որ իր դաւանած երդումը՝ «Ծառայել հայրենիքիս», սեփական կեանքի գնով ի գործ դրաւ  Շար...

2020-11-18 |
Displaying 181 to 195 (of 393 news)

Տարածենք