Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

 

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան եւ վստահութեան համար։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նաեւ զեկուցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներուն մասին՝ խնդրելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց աւելի քան մէկ դարեայ գործունէութիւն ծաւալած միութեան երթը՝ շեշտելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոչ միայն մարմնակրթական միութիւն մըն է, այլեւ՝ սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայկական ինքնութիւնը ամրապնդող տարածք մըն է։


Աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսին յանձնեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն յուշանուէրը։

Տարածենք