Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Գ. ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Գ. լիագումարի նիստերը գումարեց 2-4 Դեկտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ։
Լիագումարը կեդրոնացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն վրայ, որոնք տեղի պիտի ունենան 19-29 Յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան։ Ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Սոյն ձեռնարկներուն համար արդէն իսկ յառաջացած են անհրաժեշտ յանձնախումբեր, որոնք իւրաքանչիւրը իր ծիրին մէջ արդէն իսկ աշխատանքի լծուած է եւ ծրագիրները կազմած` օժանդակելու 100-ամեակի աշխատանքներու կազմակերպման ու գործադրութեան։
Միութեան 100ամեակի ծրագիրներն են.-
- Երեք յիշարժան վայրերէ փոխադրուած ջահերով ջահավառում Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ապա` ծառատնկում։
- Դրօշակի բացման արարողութիւն Ծիծեռնակաբերդի մէջ։
- Միութեան 100-ամեակին նուիրուած՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակում։
- Եռաբլուր այցելութիւն եւ ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգեհանգիստ։
- Միութեան հիմնադիրներու քանդակներու բացում։
- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ պաշտօնական տողանցք «Հանրապետութեան» հրապարակը։
- Գիտաժողով։
- Ցուցահանդէս։
- «Վահան Չերազ»ի արձանի բացում Կիւմրիի մէջ։
- Նախկին խմբապետներու համախմբում։
- Պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի մէջ։
- Միութեան թանգարանի յուշամատեանի հրատարակութիւն։
- Յաղթանակի ճաշկերոյթ։
Միութեան 100-ամեակի զանազան բնոյթով տօնակատարութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն մէջ, 2018 տարուան ընթացքին, իսկ գլխաւոր ձեռնարկները՝ Նոյեմբեր 2018-ին։ Որոշ շրջաններ արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակել։
Լիագումարը քննարկեց ու արծարծեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները։ Բանակումը տեղի պիտի ունենայ 19-28 Յուլիս 2018-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան։ Բանակումը նուիրուած է միութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակներուն ու կը նախատեսուի 1000 եւ աւելի տարազաւորներու մասնակցութիւն։ Կեդրոնական Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ իրագործելի շինարարութիւններու պարագան` աննախընթաց մեծ թիւով մասնակիցներու հիւրընկալութեան համար։
Լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ միութեան շրջաններուն առնչուող մանրամասնութիւններուն եւ անհրաժեշտ որոշումներ կայացուց այդ ուղղութեամբ։ Ուրախութեամբ անդրադարձաւ նոր մասնաճիւղեր ու միաւորներ հիմնադրելու կարելիութիւններուն, որոնք պիտի իրագործուին 2018 տարուան ընթացքին։
Լիագումարը մանրամասնօրէն քննարկեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած՝ Յուլիս 2017-ին կայացած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցեցան 1250 մարզիկներ ու պատասխանատուներ։ Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատեց, որ հայկական իրականութեան ու պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրելի է կատարուած իրագործումը` թէ՛ կազմակերպական եւ թէ մասնակցութեան իմաստով։ Քննարկուեցաւ մարզական պատասխանատուներու յատուկ համագումարի կայացման առաջարկը, որ իբրեւ անհրաժեշտութիւն, պիտի փոխանցուի յառաջիկայ Կեդրոնական Վարչութեան։
Լիագումարը քննարկեց եւ վաւերացուց միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամը ըլլալով գումարուելիք «Երիտասարդական համագումար»ը, որ ծրագրուած է կայացնել Մարտ 2019-ին։ Սոյն համագումարը կը միտի լսել միութեան շարքերուն մէջ գործած ու գործող երիտասարդները, քննարկել ապագային նոր ծրագիրներ եւ առիթ տալ, որ ո՛չ տարազաւոր ու ո՛չ մարզիկ երիտասարդները իրենց ներդրումը ունենան միութեան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մէջ։
Լիագումարը ծանրացաւ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը ստեղծելու կարելիութիւններուն վրայ։ Առաջարկը խորապէս քննելէ եւ անոր զանազան կարելիութիւնները ստուգելէ ետք, որոշուեցաւ միութեան 100-ամեակին առիթով ստեղծել Հ.Մ.Ը.Մ.ի անձեռնմխելի հիմնադրամը (Endowment fund), Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Լիագումարը ուրախութեամբ անդրադարձաւ միութեան նոր կայքին (www.homenetmen.org) աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանական բաժիններուն։
Արհեստագիտական Տեղեկատուութեանց նորութիւններուն հետ քայլ պահելու առաջարկներ ու ծրագիրներ վաւերացնելով, Կեդրոնական Վարչութիւնը նոր թափ պիտի տայ խիստ անհրաժեշտ յառաջխաղացքներուն։ Շեշտը դրուեցաւ ընկերային ցանցերու միջոցով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը ծանօթացնելու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան եւ զայն շարունակելու կարեւորութեան վրայ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր առցանց տեղադրած լուրերուն ստեղծած հետաքրքրութեան։ Քննարկուեցան պաշտօնաթերթին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ արդիականացման կարելիութիւնները։
Լիագումարը քննարկեց մօտիկ ապագային իրագործելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերու առցանց վաճառքի (online shop) մանրամասնութիւնները եւ վաւերացուց զանոնք։
Իր լիագումարին ժամանակ, Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան 300 նորագիրներու երդման արարողութեան, որ կու գայ աւելի եւս հարստացնելու եւ ամրապնդելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքները Հայաստանի մէջ։
Աւարտին, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց կոչ ուղղել միութեան շարքերուն ու համակիրներուն, որպէսզի խիտ շարքերով 19-29 Յուլիս 2018-ին ներկայ գտնուին Հայաստան, արժանավայել կերպով տօնակատարելու մէկ դարեայ միութեան 100-ամեակը։
«ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»
Երեւան, 9 Դեկտեմբեր 2017
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ