ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Թ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 28 Օգոտսոսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Գահիրէի «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մը մեկնարկը տրուեցաւ համա-ՀՄԸՄական խմբապետական Թ. համագումարին, որ կ’երկարի մինչեւ Կիրակի, 1 Սեպտեմբեր։
Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Աշոտ Եպս Մնացականեան, Եգիպտոսի թեմի եւ Երուսաղէմի պատրիարքական կառավարիչ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Հայաստանի Հանրապետութեան Եգիպտոսի մօտ հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, թեմական ժողովի ատենապետ Գէորգ Երզնկացեան, ՀՅԴ Եգիպտոսի Առանձնակի կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ Շանթ Կապէեան, հրաւիրեալներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի եւ սկաուտական կորիզի անդամները, ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի անցեալի եւ ներկայի վարչականներ եւ համագումարի մասնակից 24 շրջաններու 38 խմբապետ-խմբապետուհիներ։
ՀՄԸՄ-«ԱՐԱՐԱՏ»Ի
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Եգիպտոսի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Լեւոն Դելփեան։ Ան իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը յայտնեց համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 9-րդ համագումարին Եգիպտոսի մէջ կազմակերպման համար եւ նկատել տուաւ, որ ուշագրաւ է համագումարին երիտասարդ տարրերու մասնակցութիւնը, ինչ որ մեծ յոյս կը ներշնչէ ՀՄԸՄ-ի հայանուէր գործունէութեան ծաւալման համար։ ՀՄԸՄ ունի լաւ պատրաստութեամբ, առողջ եւ հմուտ տարրեր, որոնք միշտ պատրաստ են շարունակելու իրենց նախորդներուն գործը, շեշտեց ան։
Եղբ. Լեւոն Դելփեան յայտնեց, որ համագումարին կազմակերպումը կը զուգադիպի Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ի հիմնադրութեան 110-ամեակին։ Մեկուսի շրջանը Սփիւռքի տարածքին մարզական-սկաուտական գործունէութիւն ծաւալած երկրորդ հնագոյն կեդրոնն է Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-«Կամք»էն ետք։ Դելփեան այս առիթով գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանին հանդէպ գաղութի ազգային մարմիններուն եւ ժողովուրդին ցուցաբերած մնայուն աջակցութիւնը եւ յաջողութիւն յայտնեց համագումարի աշխատանքներուն։
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՈՂՋՈՒՆՈՂ
ԽՕՍՔԵՐՈՒ ՏԵՍԵՐԻԶԸ
Ապա, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր համագումարի մասնակիցներուն իրենց ողջոյնի խօսքերը կը փոխանցէին համա-ՀՄԸՄական բանակումներու նախկին ընդհանուր խմբապետներ։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Եղբայրը նշեց, որ «Սկաուտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար պարզապէս կիրակնօրեայ հաւաք կատարող, տողանցք, արշաւ եւ բանակում իրականացնող տարազաւորներու խումբ մը չէ։ Սկաուտութիւնը ամէն բանէ առաջ Քիփլինկի բնութագրած ապագայ մարդը պատրաստող շարժում մըն է, ուր պատանիներ մարմնի, մտքի եւ հոգիի առողջութեամբ կը պատրաստուին գալիքին մարդկային ու ազգային պատասխանատուութիւններ ստանձնելու»։
Եղբայրը նաեւ շեշտեց, որ «Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, սուր անհրաժեշտութիւնը կայ Հայաստանի մէջ քաղաքացիական իր պարտաւորութիւններուն գիտակից, Սփիւռքի մէջ ազգային իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնող հայ մարդ ունենալու։ Իսկ սկաուտութիւնը այն իտէալ միջավայրն է, որուն առողջարար մթնոլորտին մէջ, կարելի է լաւագոյնս կերտել նման մարդիկ, հայե՛ր, որոնք իրենց պատրաստութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ նուիրումով կը զատորոշուին բոլորէն եւ կը դառնան մեր կեանքին անհրաժեշտ թթուածինը ներարկող ուժեր»։
Ապա, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական համագումարներու դերակատարութեան մասին արտայայտուելով, եղբ. Խաչերեան հաստատեց. «Միութեան համագաղութային կառոյցի վերածուելէն մինչեւ օրս կատարուած են 8 համագումարներ, որոնք անպայման նորութիւն մը, յառաջդիմութիւն մը բերած են ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն։ Արդիականութիւն՝ սկաուտական հաւաքներու եւ յայտագիրներու, փոփոխութիւն՝ դասագիրքերու եւ մանկավարժական մօտեցումներու, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ տեւական թարմութիւն՝ հայեցի դաստիարակութեան ժամանակակից եւ ազդու ծրագիրներու»։
Շարունակելով, եղբ. Խաչերեան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ «համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Թ. խմբապետական համագումարը կոչուած է ճշդելու, թէ հայ կեանքի այս տագնապալի օրերուն, ո՞ւր պիտի ուղղուի եւ ինչպէ՞ս պիտի ուղղուի ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը։ Հիմնական ի՞նչ նպատակներ հետապնդելով եւ այդ նպատակներուն հասնելու ի՞նչ միջոցներ որդեգրելով»։
Իր խօսքին աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց Գահիէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»ի հիմնադրութեան 110-ամեակը եւ յայտնեց, որ «Գահիրէն յատուկ տեղ ունի ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութենէն առաջ ստեղծուած մարզական-սկաուտական կեդրոն, իբրեւ եգիպտահայ աթլեթիք մրցումներու կազմակերպիչ եւ իբրեւ հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու մնայուն դարբնոց»։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Այնուհետեւ խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան։ Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու ՀՄԸՄ-ական կարողացած է իրեն յաջորդող սերունդներուն անհատականութիւնը ձեւաւորել, եւ այդ առումով ՀՄԸՄ-ը պատմութեան մէջ արձանագրուած է ո՛չ միայն իբրեւ կազմակերպութիւն, այլ՝ իբրեւ ազգային կեանքի մէջ շօշափելի ներկայութիւն ունեցող միութիւն։ Միութիւն, որ սփիւռքեան իր իրավիճակէն դուրս գալով կարողացած է կարեւոր ներկայութիւն դառնալ նաեւ Մայր Հայրենիքի մէջ, որովհետեւ իրեն խնամքին յանձնուած սերունդները դաստիարակած է հայրենիք տեսնելու, հայրենիք ունենալու, եւ ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ գործելու տեսլականով։
Մնացականեան եպս. իր խօսքը ՀՄԸՄ-ի պատասխանատու պաշտօն ստանձնած խմբարետ-խմբապեհուհիներուն ուղղելով ըսաւ. «Այսօր մեր հայ իրականութիւնը այնպիսի կացութեան մէջ կը գտնուի, որ անհրաժեշտ է նոր սերունդին մէջ արթնցնել ազգայինը-հայրենասիրականը, որովհետեւ համաշխարհային այլասերումը, ազգային արժէքներու ոտնահարումը իր ճանկերը հասցուցած է մինչեւ մայր հայրենիք, ուր եւս կը տեսնենք ազգակործան գործունէութիւններ։ Հետեւաբար,- շեշտեց Սրբազանը,- այսօր ձեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի ո՛չ միայն բարձրանալ եւ բարձրացնել, այլ՝ ձեր պատասխանատուութեան յանձնուած իւրաքանչիւր փոքրիկի հոգիին մէջ արթնցնել ազգայինը, բարձրացնել զայն անտարբերութենէ, բարձրացնել այն բոլոր վնասակար երեւոյթներէն, որոնց մէջ կրնան խեղդուիլ ազգայինը, մշակութայինը, պատմականը, ապագայ հպարտ հայ անհատ դառնալու կարելիութիւնը։ Արդ, ո՛չ միայն հայրենասիրութիւն սերմանեցէք, այլ՝ դարձէք հայրենասիրութեան ամենավառ օրինակը։ Ո՛չ թէ հանգամանք հաստատեցէք, այլ՝ դարձէք յարգանքի եւ սիրոյ այն օրինակը, որ ձեր ետեւէն քալող իւրաքանչիւր փոքրիկ իրեն տեսնէ ո՛չ թէ իբրեւ ապագայ ղեկավար, այլ՝ իբրեւ հայրենիքին ծառայող անհատ, հայրենիքին ծառայող հաւաքականութեան մէկ միաւոր, հայրենիքին համար նուիրուած զինուոր»։
Խօսքին աւարտին, Մնացականեան եպս. իմաստութիւն մաղթեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի կարենայ ո՛չ միայն դիմագրաւել իրեն սպառնացող մարտահրաւէրները, մեր երկրին անկախութեան պահպանման վտանգները, այլեւ՝ հայ անհատի գոյութիւնը վտանգող, ազգային արժէքներ կրող, պատմութեան վառ գիտակցութեամբ ապրող, մշակոյթի կառչած հայու մարդու ապագան հարցականի ենթարկող դժուարութիւնները։
Առաջնորդին խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գահիրէի «Արարատ» Մեկուսի շրջանի եւ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական Վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով։
Պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն։
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Յայտնենք, որ համագումարը իր նիստերուն սկսաւ պաշտօնական բացումէն առաջ, Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10-ին, դրօշակի յատուկ արարողութեամբ, որուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, սկաուտական կորիզի պատասխանատուներէն եղբ. Աւօ Տէրվիշեան։ Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Աշխարհը կ՚ընթանայ դէպի անհատապաշտութիւն, նիւթապաշտութիւն, ընկերային անապահովութիւն եւ մեքենապաշտութիւն, մինչդեռ ՀՄԸՄ-ը կը թիավարէ այս բոլորին դէմ, կը դիմանայ ու կ՚ուռճանայ քանակով ու որակով, հինգ ցամաքամասերու վրայ պահելով նորահաս հայ սերունդներուն ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը»:
Եղբ. Տէրվիշեան իր խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով ըսաւ. «Խմբապետ-խմբապետուհիներ, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ը ուղեցոյց ունենալով, ձեր աշխոյժ ներկայութեամբ պատրաստ եղէք կերտելու ՀՄԸՄ-ի երթը շարունակող նոր «կամաւոր բանակ»ներ, որոնք պիտի գործեն հայապահպանումի առաքելութեամբ, կառչած մնալով միութեան հիմնադիրներուն հաստատած «Առողջ միտքը՝ առողջ մարմինին մէջ» սկզբունքին:
Դրօշակի արարողութենէն ետք, Չորեքշաբթի, 28 եւ Հինգշաբթի, 29 Օգոստոսի առաւօտեան եւ յետմիջօրէի նիստերով համագումարին մասնակիցները քննեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը հետաքրքրող կազմակերպական, կանոնագրային, դաստիարակչական եւ քարոզչական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք հանգամանօրէն ներկայացուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ քոյր Թալին Օրտողլեանի, եղբայրներ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեանի, Յակոբ Խաչերեանի, Վահէ Թանաշեանի, Վիգէն Աւագեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան թեքնիք աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Շանթ Տէմիրճեանի կողմէ (յառաջիկային կը ներկայացնենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ)։