ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՈՒ ՎԵՀԱՆՁՆ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

 

Դժուար է ընդունիլ, որ անակնկալօրէն մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուած է մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Ներսէս Ճուպանեան։

Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ եւ քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ։

Սակայն, ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ Մայիս 28-ի առիթով` 29 Մայիսին, Պուրճ Համուտի մարզադաշտի պատուոյ թրիպիւնին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Մայիսեան շքեղ փառատօնին սկսելէն քանի մը վայրկեան առաջ, երբ բոլոր ներկաներուն սրտերը կը տրոփէին պարծանքի, հրճուանքի, յուզմունքի եւ հետաքրքրութեան խառն զգացումներով, մեզի հետ գտնուող եւ երկու վայրկեան առաջ սիրալիր մեզի բարեւած, մեզի հետ  համբուրուած եւ մեզ շնորհաւորած եղբայր Ներսէսին սիրտը պիտի դադրէր տրոփելէ։

Այո՛, ըսի` մեզմէ միա՛յն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ ան։ Արդարեւ, եղբայր Ներսէսին բաժանումը իր միութենական եղբայրներէն ու քոյրերէն, մահուան պատճառած սովորական բաժանում մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ, քանի որ անոր ոգին ու շունչը միշտ ներկայ են մեզի հետ ու յաւերժ ներկայ պիտի մնան` Ներսէս Ճուպանեանի մեզի աւանդած յստակ պատգամին ու խորիմաստ կտակին ընդմէջէն։

Օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ օժտուած էր միութեան գաղափարախօսութիւնն ու տեսլականը իր շուրջիններուն յստակօրէն փոխանցելու կարողութեամբ։ Այդ մէկը ան կը կատարէր ո՛չ քարոզներով, ո՛չ ալ լորձնաշուրթն դասախօսութիւններով (հակառակ անոր որ այդ կարողութիւնն ալ ունէր), այլ՝ իր համեստ օրինակով, գործելաոճով ու մտերմիկ զրոյցներով։

Հաճելի զրուցակից էր ան։ Իրեն հետ ժողովական ըլլալը, աշխատիլն ու նոյնիսկ սեղանակից դառնալը անպայման դաստիարակիչ ու դարբնող անդրադարձ ունէին։ Կեանքի դէպքերն ու դրուագները սուր աչքով դիտելու եւ ապա զանոնք յարմար առիթներով հետաքրքրական ոճով պատմելու յատուկ շնորհն ու ձիրքը ունէր ան։ Իւրաքանչիւր պատմուածքի եւ զրոյցի ընդմէջէն կրնար կեանքի իմաստն ու բարձր արժէքները ամփոփող` դաստիարակիչ եզրակացութեան ու խրատի մը յանգիլ։

Ծառայութեան ոգիի հոմանիշ եղած է Ներսէս Ճուպանեան։ Անտեսելով վարչականի կամ նոյնիսկ ատենապետի իր հանգամանքը` միշտ թեւերը սոթտած, համեստօրէն աշխատանքի կը լծուէր ու իր ազնիւ օրինակով իր շուրջիններն ալ կը խանդավառէր ու զուարթօրէն գործի կը լծէր։

Վերոյիշեալ բոլոր յատկութիւններուն համար, 21 Յունուար 2012-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի ակումբի «Ժան Ապաճեան» սրահի բացման հանդիսութեան ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զինք արժանաւորապէս պատուեց միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով։

Եղբայր Ներսէս նաեւ գլխագիր ՄԱՐԴ էր։ Տիպար ամուսին, որ իր ակնյայտ կնամեծարութեամբ իր շուրջ գտնուող ամոլներուն բարի օրինակ կը ծառայէր։ Գուրգուրացող եւ հոգատար հայր մը, որուն շօշափելի փաստը անոր զաւակներուն քաղաքակիրթ եւ ազնիւ նկարագիրի տէր ըլլալն է։ Յարգալիր ու սիրող աներ մը, իր թոռնիկները պաշտող եւ իրենց համար ամէնէն թանկագինը անգամ զոհող մեծ հայր մը։ Իր շուրջիններուն հետ` մեծ թէ փոքր, յարգանքով վերաբերող ու բոլորին բարիք ցանկացող անձ մըն էր։

Այո՛, ՄԱՐԴ էր։

Սկզբունքային եւ հայրենասիրական հարցերու մէջ անզիջող, պահանջկոտ ու հաստատամիտ էր։ Թերութիւններ սրբագրել միտող անոր նկատողութիւնները միշտ ալ կառուցողական եւ դրական ձեւով կ՛արտայայտէր` հաճելի եւ զուարթ ոճ գործածելով ու հայրական գուրգուրանքն ու ջերմ զգացումները տիրական դարձնելով։

Սիրելի՛ եղբայր Ներսէս,

Դուն` Հ.Մ.Ը.Մ.ի համալսարանէն ու կեանքի փորձաքարերէն յիշատակութեամբ շրջանաւարտ, քու օրինակելի ու վեհանձն միութենականի եւ գլխագիր ՄԱՐԴու կեցուածքովդ, քու համեստ ու յարգալիր, մանաւա՛նդ խանդավառ, յարատեւ եւ առոյգ գործունէութեամբդ միշտ պիտի մնաս քեզ ճանչցողներուն, հետդ աշխատածներուն, քու ներկայութիւնդ վայելածներուն եւ հետդ ժողովական եղածներուն, նաեւ անոնց ընդմէջէն` յաջորդող միութենականներուն կողմնացոյցը, որ զանոնք պիտի առաջնորդէ ու բարձրացնէ դէպի տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի անսակարկ ու անշահախնդիր կազմաւորում եւ վեհագոյն տեսլական։

Եղբա՛յր Ներսէս,

Ինչպէս կեանքդ, այնպէս ալ մահդ սովորական չեղաւ։ Ասդենական կեանքին վերջին հրաժեշտ տուիր քու սիրած ու պաշտած միութեանդ ամէնէն յատկանշական տօնակատարութեան խանդավառ մթնոլորտին մէջ` շրջապատուած քեզ իսկապէս սիրող ու յարգող Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց թէ երիտասարդ քոյր-եղբայրներովդ։ Հայութեան տրոփող սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի մէջ սիրտդ դադրեցաւ տրոփելէ, եւ մաքուր ու ջինջ հոգիդ սաւառնեցաւ բարձրերը` մեկնելու դէպի անդենական, ուրկէ պիտի հետեւիս մեզի թէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց տողանցքը դիտելու եւ անոնց խրոխտ քայլերուն ի տես խանդավառուելու եւ միեւնոյն ատեն յուզուելու առիթը չունեցար այս տարի։ Ամբողջ կեանք մը ճիգ չխնայեցիր հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունն ու կոչումը բարձր պահելու, Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան  ուրախ մթնոլորտի մէջ ալ բարձրացաւ հոգիդ` երթալու դէպի յաւերժութիւն։

Քեզ ու քու օրինակելի տիպարդ անկարելի է մոռնալ։    

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ։

ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ

Տարածենք