ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅՈՎ ՆՇԵՑԻՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ 39-ԱՄԵԱԿԸ

 

Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերու մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան:

Եղբ. Արթիւր Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը եւ նշեց, որ Լիզպոնի անձնազոհները պահանջատէր հայութեան համար կը մնան յարատեւ պայքարի ուղեցոյց եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուսանելի օրինակ։ ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներ մեծցած եւ դաստիարակուած են այն բոլոր արժէքներով, որոնց համար իրենց սեփական կեանքը զոհեցին Արան, Սագօն, Վաչէն, Սիմոնը եւ Սեդրակը։ Հայութիւնը Երեւանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը կը խոնարհի Լիզպոնի հինգին յիշատակին դիմաց եւ ամէն տարի 27 Յուլիսին կը վերանորոգէ անոնց ուղին շարունակելու իր յանձնառութիւնը:

Իր կարգին, Համբիկ Սասունեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայ կեանքին մէջ։ Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ հարստութիւն է։ Ինք հպարտ է, որ պատանեկութեան ՀՄԸՄ-ական եղած է։ ՀՄԸՄ-ը դպրոց մըն է, որմէ միշտ շատ բան ունին սորվելիք մեր պատանի-երիտասարդները:

Համբիկ Սասունեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները եւ օրուան խորհուրդին մասին արտայայտուելով յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարերու իր պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է շատերու տիրապետութեան, բայց շնորհիւ իր պայքարի ոգիին, ազգութիւնը պահած է հաւատքով, լեզուով, աղօթքով, մշակոյթով եւ զէնքով։ Այսօր եւս մեր հայրենիքը կը գտնուի դժուար պայմաններու մէջ,- շարունակեց Համբիկ Սասունեան,- որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին պատասխանատուներ, որոնց համար հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը անիմաստ բաներ են, անոնք պատրաստ են զիջելու եւ պարտուելու, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը, ծառայութիւնը, քաջութիւնը եւ արժանապատուութիւնը:

Իր պատգամին աւարտին, Համբիկ Սասունեան հաստատեց, որ հայրենիքը եւ ազգը կը պահուին խիզախներով, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչները կը գտնուին այս սրահին մէջ՝ տղաք, որոնք իրենց պայքարի ներշնչումը առած են Լիզպոնի տղոց գերագոյն նուիրաբերումի օրինակէն։ Անոնք ունին պայքարի բացառիկ կամք եւ զոհաբերութեան մեծ պատրաստակամութիւն։ Լիզպոնը կը մնայ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պատուաբեր եւ հպարտաբեր մէկ դրուագը, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ Լիզպոն ծնած ժողովուրդին եւ անոր գաղափարական ու ՀՄԸՄ-ական զաւակներուն։ Փառք Լիզպոնի հերոսներուն եւ խոնարհում անոնց անմոռանալի յիշատակին, շեշտեց Համբիկ Սասունեան:

Երեկոյին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան առաջարկով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը մարզախաղերու ոսկէ մետալներով պատուեց 19 «խիզախներ»՝ Արցախեան վերջին պատերազմին մասնակից ՀՄԸՄ-ականներ.- Յարութ Դերիկլեան, Էտկար Մկրտչեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարին Աւագեան, Սարգիս Գայմագամեան, Սարմէն Սաֆարեան, Հայկ Յակոբեան, Եդուարդ Էլբակեան, Անդրանիկ Աբոյեան, Արտաշէս Յակոբեան, Արտակ Ռէյվազեան, Դաւիթ Իսրայէլեան, Անուշաւան Հայրապետեան, Էրիկ Նորոյեան, Գարիկ Միքայէլեան, Արման Գալստեան, Սահակ Յակոբեան, Արթիւր Միրզախանեան եւ Գագիկ Այվազեան:

Երեկոն խանդավառեցին «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթը եւ յեղափոխական երգերու երգիչ Սուրէն Աճէմեան:

Տարածենք