ARMENIAN AIRWAYS ԻՐ ՕԴԱՆԱՒԵՐԷՆ ՄԷԿԸ Կ’ԱՆՈՒԱՆԷ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՂԲ. ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

 

26 Փետրուար 2022-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղին համար, որուն նահատակ սկաուտներէն եղբ. Գրիգոր Ղազարեանի անունով անուանակոչուեցաւ Armenian Airways օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը։

Անուանակոչութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ նահատակ սկաուտին ծնողքին եւ մասնաճիւղի սկաուտ քոյր-եղբայրներուն։

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, օդանաւային ընկերութեան ներկայացուցիչ Արլէն Տաւուտեան յայտնեց, որ այսուհետեւ ընկերութեան օդանաւներէն մէկը պիտի կրէ անունը 19-ամեայ հայ զինուոր Գրիգոր Ղազարեանին, որ իր կեանքը հերոսաբար նուիրեց հայրենիքին։

Տաւուտեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ունեցանք բազմաթիւ զոհեր, որոնց միակ երազանքն ու նպատակը հզօր ու պաշտպանուած հայրենիք ունենալն էր։ Նման հայրենիք կ’ուզէր ունենալ նաեւ մեր 19-ամեայ Գրիգորը։

«Գրիգը, որ ազգային մշակոյթի կրողն ու քարոզիչներէն մէկն էր, ձիարշաւի մեծ սիրահար էր, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարժումի աշխոյժ մասնակից։ Անոր համակարգիչին մէջ գտնուեցան ազգային ոճով բազմաթիւ նկարներ, հայ ազատամարտիկներու նուիրուած նիւթեր եւ ինչ որ ամէնէն կարեւորն է այս երկտողը.

«Սիրոյ բոլոր դրսեւորումները, որոնց մենք կրնանք հանդիպիլ մեր կեանքին մէջ, միայն հայրենիքն է, որ կրնայ ներառնել իր մէջ։

«Թո՛ղ մեր այս օդանաւը ճախրէ հայոց կապոյտ եւ ջինջ երկինքին մէջ՝ մեր զինուորներու անմահացած հոգիներուն պէս` պարտաւորեցնելով մեզ ապրիլ եւ արարել իրենց երազներուն համահունչ։  

«Խաղաղութիւն հայոց աշխարհին»։

Յայտնենք, որ Արցախեան պատերազմի նահատակ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի սկաուտ եղբ. Գրիգոր Ղազարեան ծնած է 2001-ին, Երեւան: Ապրիլ 2012-ին ան կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Շաւարշ Քրիսեան» մասնաճիւղի սկաուտական «Աղթամար» խումբին:

2019-ին եղբ. Գրիգոր կը զօրակոչուի հայկական բանակ: Ծառայութիւնը կը կատարէ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքին մէջ: 2020-ի Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն ան կը մեկնի առաջնագիծ:

Սկաուտական իր երդումին հաւատարիմ, եղբ. Գրիգոր իր ամէնէն թանկագինը՝ իր սեփական կեանքը կ’ընծայաբերէ հայրենիքի բագինին եւ կ’երթայ միանալու անմահներու փաղանգին։ Իր օրինակելի կեանքով եւ սրբազան նահատակութեամբ ան կը դառնայ ներշնչման աղբիւր՝ գալիք սերունդներուն։

Եղբ. Գրիգոր Ղազարեան կը նահատակուի 30 Սեպտեմբեր 2020-ի բուռն մարտերուն ընթացքին: Յետ-մահու ան կը պարգեւատրուի «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։

Տարածենք