Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 103-ԱՄԵԱԿԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 103-ամեակին առիթով կազմակերպուած լուսանկարչական մրցանքը անցնող ամիսներուն իր շուրջ ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն։ Մրցանքին կազմակերպիչ յանձնախումբը 23 մասնակիցներէ ստացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առօրեան ցոլացնող 93 լուսանկարներ։

Այս առիթով յառաջացած դատական կազմը, որուն մաս կազմեցին լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք աշխատանքներու մասնագէտներ Դալար Մազլումեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան, յետ բազմակողմանի քննութեան, մրցանակակիրներ ճշդեց հետեւեալները.-

Ա. ՄՐՑԱՆԱԿ

Թալին Մանուէլեան, Լոնտոնէն, «Իրարու օգնել» խորագրեալ նկարին համար։

Մրցանակ՝ 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ «CANON» վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը։

Բ. ՄՐՑԱՆԱԿ

Շուշի Հեղինեան, Հայաստանէն, «Աշխարհը մանկան աչքերով» խորագրեալ նկարին համար։

Մրցանակ՝ 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը։

Գ. ՄՐՑԱՆԱԿ

Ժիւլի Մանոյեան, Յունաստանէն, «Հ.Մ.Ը.Մ.ական երջանկութիւն» խորագրեալ նկարին համար։

Մրցանակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը՝ յատուկ հաստատագիրով։

Երեք մրցանակակիրները կ’արժանանան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութեան։

Մրցանքի կազմակերպիչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը այս առիթով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ մրցանքի դատական կազմին, մրցանքին յաջողութեան նպաստած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց ոսպնեակներով յաւերժացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքէն ակնթարթ մը, ձեռնարկ մը կամ դէմք մը։

Մրցանակակիրներու լուսանկարները կը հրապարակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթով։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Տարածենք