«ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ» ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

 

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 1.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրի մուտքին տեղի ունեցաւ անուանակոչութեան արարողութիւն, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Բագրատ Եսայեան, իրենց լիագումար նիստերը Երեւանի մէջ կատարող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի ընտանիքի անդամներ եւ եղբ. Գառնիկին յիշատակին հաւատարիմ բարեկամներ եւ ծանօթներ։

Արարողութեան խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքին կողմէ եղբ. Նժդեհ Մկրտիչեան։ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին անունը կրող յուշաքարին օրհնութիւնը կատարեց եւ եղբօր յիշատակին աղօթք արտասանեց Բիւրականի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վրթանէս Քհնյ. Պաղալեան։

Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգումով։

Տարածենք