ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

 

 

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին ներկայութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2020-ին, յատուկ արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական պաշտօններու տուչութիւն:

Տուչութեան ներկայ եղան նաեւ մասնաճիւղերու Սկաուտ. Խորհուրդներու եւ վարչութիւններու անդամներ։ Այսպէս՝

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը ստանձնեց եղբ. Ռուբէն Պապէեան։

- Միաւորի խմբապետի պաշտօն ստանձնեցին եղբայրներ Սագօ Եագուպեան եւ Սիմոն Տէրտէրեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը ստանձնեց քոյր Արեւիկ Փափազեան։

- Միաւորի խմբապետի պաշտօնի ստանձնեց քոյր Անի Սարեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԺԸՏԷՅՏԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Միաւորի խմբապետի պաշտօն ստանձնեցին քոյր Արազ Չերչեան եւ եղբ. Վիգէն Չանկուլեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԶԱՀԼԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Միաւորի խմբապետի պաշտօն ստանձնեց քոյր Սարին Բալուլեան, փաղանգապետի աստիճան՝ եղբ. Խաժակ Բալուլեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՈՒՇՐԻԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

- Խմբապետի աստիճան ստացաւ քոյր Սանահին Թովմասեան:

Տարածենք