Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ը Ի ՍՊԱՍ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

 

Արցախեան ցաւալի իրադարձութիւններէն ետք, Արցախի բնակիչներուն բռնի տեղահանութեան առաջին իսկ ժամերէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան որոշումով եւ անդամներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. լծուեցաւ մեր հայրենակիցներու անմիջական պահանջներու՝ տաք հագուստի եւ մաքրութեան իրերու հաւաքման եւ տրամադրման գործին: Սկսաւ արցախցիներու մեծ հոսք դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի գրասենեակ, ուր անոնք ստացան տաք հագուստ, անկողնային պարագաներ եւ մաքրութեան իրեր:  Շար...

2023-11-07 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

2-7 Հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց.-


Ա. ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է։ Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը  Շար...

2023-10-22 |

ՔՈՅՐ ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԵՒ ԵՂԲ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի «ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց վաստակաշատ երկու միութենական։

Սկզբունքով, պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենար Պատգամաւորական Ժողովի բացման հրապարակային պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, սակայն պայմաններու բերումով, բացման հանդիսութեան ջնջումէն ետք, կատարուեցաւ ներքին հանդիպումով մը, Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցներու ներկայութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց երկարամեայ վաստակին եւ անմնացորդ  Շար...

2023-10-16 |

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 13-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

 

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ 2-7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան։ Ժողովին մասնակցեցան միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը՝ 103 մասնակիցներ։

Ժողովին բացման ներկայ գտնուեցաւ  Շար...

2023-10-08 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՔԱՏՐԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութամբ, Շաբաթ, 10 Յունիսին ընթացք առին միութեան քարոզչական քատրերու պատրաստութեան առցանց դասընթացքները, մասնակցութեամբ Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններէ 60 մասնակիցներու։
Դասընթացքին բացումը կատարեց եւ նպատակը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ քարոզչական աշխատանքներու պատասխանատու եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան ըսաւ, որ քարոզչութիւնը լայն տեղ եւ դեր ունի  Շար...

2023-06-12 |

ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԵՏԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ Ա. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Կիրակի, 4 Յունիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումի խմբապետական կազմը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ բանակումի մասնակից շրջաններու պատուիրակութիւններու պետերուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան, Օշին Փիրումեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Բանակումի ընդհանուր  Շար...

2023-06-05 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանացոյցով), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց երկրորդ հանդիպումը, որ քննեց միութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ հինգ ամիսներուն նախատեսուած աշխատանքները՝ թղթակցութեան առցանց դասընթացք, առցանց երկրորդ մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակում եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 13-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր  Շար...

2023-05-20 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 43-րդ տարի, Թիւ 428

 

Խմբագրական- Լայնախոհութիւն

6 Փետրուարի երկրաշարժին առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններուն կողմէ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան յղուած զօրակցական գիրեր

Հակառակ շրջափակման դժուարին պայմաններուն՝ Արցախի Մեկուսի շրջանը կը շարունակէ միութենական իր աշխոյժ գործունէութիւնը

Համա-արաբական սկաուտական առաջին ճամբարի մասնակցութիւն- Յարութ Չէքիճեան

Վկայութիւններ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի փառաւոր անցեալէն (Բ.)- Ճորճիկ Ռաստկելէնեան

Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտը ներկայ է ամէնուրեք- Րաֆֆի Կէօվօղլանեան

Յառա՜ջ, մի՛շտ յառաջ, թէկուզ խելագարած…- Սերոբ  Շար...

2023-05-04 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Բ. համագումարը իր աշխատանքները յաջողութեամբ աւարտեց Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։

Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին, համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքներուն եւ տեսանիւթով լսեց վկայութիւնները երիտասարդական Ա. համագումարին (Աթէնք, Մայիս 2019) խումբ մը մասնակիցներու։ Ապա, կազմեց իր դիւանը եւ աշխատանքային յանձնախումբերը։

Այնուհետեւ,  Շար...

2023-05-01 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՍԿՍԱՒ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՄԷՋ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը՝ քննելու համար միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները։

Համագումարը ընթացք առաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի  Շար...

2023-04-28 |

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

 

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած՝ Միջին Արևելքի Վկայեալ Կարգի վերջին հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Ամմանի մէջ, իր աւարտին հասաւ Կիրակի, 23 Ապրիլին։

Եռօրեայ աշխատանքներուն ընթացքին, Քուէյթէն, Պաղտատէն և Ամմանէն 15 խմբապետ-խմբապետուհիներ կիրարկեցին խտացուած ծրագիրով յայտագիր մը, որ կ`ընդգրկէր սկաուտական, միութենական, ընկերային նիւթեր, գործնական կիրարկումներ, ինչպէս նաև` շրջապտոյտ Ամմանի մօտակայ տեսարժան վայրերը։ Կիրակի  Շար...

2023-04-25 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

 

28-29 Ապրիլ 2023-ին, Կիպրոսի մէջ տեղի կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Առաջին համագումարը կատարուած էր չորս տարի առաջ, 10-11 Մայիս 2019-ին, Աթէնք, Յունաստան։

Երիտասարդական համագումարները նորութիւն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար։ Անոնք կը քննեն միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու  Շար...

2023-04-19 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

 

17-19 Մարտ 2023-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ժամպվիլի բանակավայրին մէջ, Փարիզ, տեղի ունեցան միութեան Եւրոպայի խմբապետներու Վկայեալ կարգի երկրորդ եւ երրորդ բաժինները՝ գործնական դասընթացքը եւ անհատական ծրագիրներու ներկայացումը։ Առաջին բաժինը՝ տեսական դասընթացքը ընթացք առած էր 22 Մայիս 2022-ին եւ ամիսներ շարունակ կատարուած էր առցանց, իբրեւ դասախօսներ ունենալով Շաղիկ Խիւտավերտեանը, Յակոբ  Շար...

2023-03-20 |

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՄԱՐԶԻԿ 42-րդ տարի, Թիւ 427

 

-Խմբագրական- Ի՞նչ կ’ընենք… (Իրապէ՛ս յաղթելու համար)

-Միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը

-Կազմակերպական եւ գաղափարական ուժի մեր աղբիւրներուն պէտք է գուրգուրալ ամէն գնով, կարելի բոլոր միջոցներով- Վաչէ Նաճարեան

-Միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովը շեշտեց միութենական բնականոն կեանքի վերադարձի հրամայականը

-Սկաուտական Երկաստղ, Ա. կարգ եւ Բ. կարգ գիրքերու վերամշակուած օրինակները՝ պատրաստ

-Վկայութիւններ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի փառաւոր անցեալէն (Ա.)- Ճորճիկ  Շար...

2023-02-03 |

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ԱՏՈՄ ԵՒ ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆՆԵՐԸ

 

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2022-ին, «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի դաշտին վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի մրցումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրով պատուեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական վերջին մարզախաղերուն նիւթական իր աջակցութիւնը ցուցաբերած, միութեան երկար տարիներու բարերար, Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը։

Այս առիթով եղբ. Ատոմ եւ քոյր Սելլա Թնճուկեաններուն յանձնուեցաւ մարզախաղերուն նշանակը կրող  Շար...

2022-12-12 |
Displaying 1 to 15 (of 382 news)

Տարածենք