Թիւ 51 - Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

 

Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր ուրոյն նկարագիրը եւ ազգերու ընկերութեան մէջ իւրաքանչիւրը անոնցմէ իր այդ գիծերուն համար բնորոշումի ենթակայ է։

Անգլիացի՞ն - պաղարիւն է, ֆրանսացի՞ն, ռո՞ւսը, միւսնե՞րը։

Իւրաքանչիւր ազգի իւրաքանչիւր նահանգ անգամ իրարմէ տարբեր հասարակաց գիծերով կը ճանչցուի։ Այս անգամ օրինակները բերենք մեզմէ. այնթապցին այսպէս, մարաշցին այդպէս, տիգրանակերտցին ու միւսները։

Իւրաքանչիւր միութիւն այս կարգով ունի իր գիծը, նկարագիրը, կնիքը։ Եւ իւրաքանչիւր միութենական ունի իր միութեան որոշ յատկանիշները։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը տիպար մըն է եւ երեւակայութիւններու մէջ ստեղծած է պատկեր մը իր հաշուոյն, որ եթէ չերեւի՝ զինք կը վերածէ ինչ որ ի լինելութեան վստահուած յոյսի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը նախ ժպտերես է, հաճոյակատար, ծառայասէր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը խոստմնապահ է ու վստահելի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը անաղմուկ հայրենասէր մըն է, անմեղ պատանի մը, որ պատրաստ է ձեզի օգնելու, ձեզի հետեւելու, ձեզի հաւատալու։

Մռայլ դէմքով Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հանդիպա՞ծ էք։ Եթէ այո, սխալ բան կայ հոն. կա՛մ ենթական անհանգիստ է, կա՛մ... Հ.Մ.Ը.Մ.ական չէ։

Հանդիպա՞ծ էք ծոյլ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի։ Եթէ այո, վստահ կրնաք ըլլալ որ անդամատետր չունի. իսկ եթէ ունի՝ զայն իրեն չեն պահեր պատասխանատուները։ Ծոյլը Հ.Մ.Ը.Մ.ական չի կրնար մնալ։

Հանդիպա՞ծ էք հայրենիքով ու ազգով չհետաքրքրուող Հ.Մ.Ը.Մ.ականի։ Անկասկած որ ոչ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալ արդէն կը նշանակէ հաւատալ դրօշի մը, քայլերգի մը, նուիրական հողի մը, դատի մը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը չի կրնար խառնակիչ ըլլալ եւ ոչ ալ եսակեդրոն արարած մը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ անանձնական մարդ. բաժնուելու պատրաստ հաց։

Այլապէս, եսասէր ու եսակեդրոն մարդուն տեղը հոս չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը բոլորին կը պատկանի. հետեւաբար Հ.Մ.Ը.Մ.ականը պէտք է բոլորին ըլլալու գիծը ունենայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը նմանի ծովուն։ Կա՛մ ինք իր մէջ կը լուծէ իրեն եկողը, կա՛մ զայն ափ կը նետէ, որպէս խորթ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը երդումի տակ գործող մարդ է։ Ան ոչ թէ իր միութենական գործունէութեան շրջագիծին մէջ միայն կը գործէ այդ գիտակցութեամբ, այլեւ իր կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ կը տարածէ երդումի ճառագայթումը՝ հաւատարմութիւն Աստուծոյ, ծառայութիւն հայրենիքի եւ մարդկութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ծերութիւն չի ճանչնար։ Անոր քալուածքին մէջ ազնուականութիւն մը ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ ու անոր խօսելաձեւը պատշաճ ու զուարթ է։

Երանի անոր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական բարեկամ ունի։

Երանի մանաւանդ անոր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական է։

Յիշեալ բարենիշները վարժութեամբ եւ հետեւողականութեամբ միայն ձեռք կը բերուին։

Անդամատետր ունենալով կարելի չէ այդ արժանիքները ժառանգել, ինչպէս օդաչուին տարազը ունենալ չի բաւեր... կարենալ օդանաւ քշելու համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինք տուն է, ընտանիք է, դպրոց է, եկեղեցի առաջնորդող միջոց է, մաքրամաքուր ու անսահման դաշտ է։

Կը բաւէ որ հոն ինկող հունտը փուճ չըլլայ։

Ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը ծլի ու կ’աճի, ինչպէս բարտի, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արեւուն տակ ազգի ներկան կը խմորուի, եւ ապագան աւիշ կը ծծէ հողէն, պատմութենէ՛ն։

Տարածենք