Թիւ 44 - ՔՈՅՐ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐ

 

Նոյն որովայնէն, նոյն նոյնութեան ծնունդ քոյր-եղբայրներ թերեւս աւելի քոյր ու եղբայր չեն, որքան ճակատագրին կապուած, նոյն անցեալէն նո՛յն ապագային ճակատագրուած այս արիներու փաղանգն է։

Առնուազն այդ է ձգտո՛ւմը, որուն դաստիարակութիւն կ’ըսենք, կամ Ծրագի՛ր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելը վերանորոգ երդում է։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելը յիշեցում է այն մասին, որ գաղափարականի նոյնութիւն կայ, աշխատանքի գումար կայ, կապ կայ, եւ բռունցքուելու պատրաստակամութի՛ւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելէն ետք, ի՜նչ քէն, ի՜նչ վէճ, ի՜նչ յամեցող տարակարծութիւն։

Քրոջ կամ եղբօր առջեւ կը հալին բոլո՛ր խոչընդոտները։

Այդ երդումէն կամ յիշեցումէն ետք կարգ ու կանոնի կը մտնէ ամէն ինչ, մեծ եղբօր առջեւ փոքր եղբայրը հնազանդութիւն կը ցուցաբերէ, ու փոքր եղբօր նկատմամբ մեծ եղբայրը միայն գուրգուրանք կ’արձանագրէ։

Ա՛յդ է։

Հ.Մ.Ը.Մ. միութիւն ըլլալէն բարձրացած է ընտանիք հասկացողութեան, որուն անդամները անոնք են, քոյր եւ եղբայր, եւ որոնց արիւնակցութիւնը շատոնց դադրեցուցած է քոյր եղբօր ընտրանքը՝ վերածուելով նկարագրային բնականութեան։

Այնքան,

Որ Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցութիւնն անգամ պայման չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նկատուելու համար. կը բաւէ որ մարդիկ տրամադիր ըլլան քոյր ու եղբայր նկատուելու, արդէն կը դառնան ընտանիքի անդամ...։

Ցեղի կանչին պէս Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ոչ միայն քոյր ու եղբայր է Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար, այլեւ իւրաքանչիւր հայո՛ւ։

Պարզապէս այդ է ձգտո՛ւմը,

Ծրագի՛րը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կանոնագրի ամէնէն անմշակ բաժինը կարգապահական տրամադրութեանց յատկացուած յօդուածներն են, ուր պատիժներու շարքը կեղծ յաջորդականութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու, եւ կանոնագրի ոգիի պրիսմակէն յստակ կ’երեւի, որ պատիժներու սահմանումը կայ պարզապէս անոր համար, որ սովորութիւն մըն է, եւ աշխատանք պիտի տարուի որ անոնց գործադրութիւնը... չըլլայ։

Սխալներն ու յանցանքները վրէպներ են այս միութեան մէջ, եւ միութիւնը կայ, որ վրէպներ գոյութիւն ունենալէ դադրին։

Մանկավարժական վերջին տեսութիւններէն շատ առաջ Հ.Մ.Ը.Մ. ժխտած է պատիժի դրական ազդեցութիւնը կրթական արդիւնքին մէջ եւ, հաւանական սխալներու պարագային, հաւասարակշռութեան նժարը հիմնած է յիշեցումին, վերանորոգ երդումին, սիրոյ, ներողամտութեան, հարազատութեան եւ զգաստութեան միեւնոյն ճիչին մէջ. քոյր կամ եղբայր։

Ի՜նչ անոյշ կը հնչէ սեփական անուան առջեւ դրուած ընդհանրական քոյր ու եղբայրը, որ կը ստեղծէ հարազատութեան անկրկնելի մթնոլորտ, ինչպէս բուրվառներու խնկարկումին ընկերակցող հրաշափառ ալելուիա։

Ի՜նչ աւելի սրտառուչ, անմիջական, սրտաբուխ, պարտադիր եւ բնական կապ, քան ա՛յս. Քոյր կամ եղբայր։

Իսկ այս յարաբերութեան վրայ իր հիմքը նետած հսկան, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը կոչուի եւ որ քոյր կամ եղբայր կը կոչէ,

Ինքնին ժպտադէմ բարեւ մըն է, որուն առջեւ սերունդներ միեւնոյն խանդաղատանքով պատուի պիտի կենան եւ պիտի կրկնեն, աղօթելու պէս.

Քոյր եւ եղբա՜յր Հ.Մ.Ը.Մ.։

Տարածենք