Թիւ 190 - ԵՐՐՈ՛ՐԴ ՊԱՏԻՒ

 

Աշխարհի մը մէջ, ուր հաղորդակցութեան գերարդիական միջոցները օրական քիչ մը աւելի կը փոքրացնեն զայն մեր դիմաց, որպէսզի մեր երազները քիչ մը աւելի մեծնան իրեն դիմաց։

Ընկերութեան մը մէջ, ուր նիւթական խաբուսիկ արժէքները հետզհետէ մեր կեանքը կը պարպեն գաղափարական-բարոյական էութենէ։ Մեր շուրջը կը զարգանան նիւթի, ուժի եւ հաճոյքի պաշտամունքները, երբ անդին՝ ուսում, աւանդութիւններ, ընտանեկան-ազգային սրբութիւններ եթէ ամբողջովին չեն ոտնակոխուիր, գէթ՝ հարցականի կþենթարկուին։

Ժամանակի մը մէջ, ուր անհատական շահերու դիմաց տեղի կու տան հաւաքական մտածողութեան եւ աշխատանքի ըմբռնումները։ Փոխարէնը, եսակեդրոն շահախնդրութիւնը, ինքնագովութիւնը, անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը աւերներ կը գործեն գրեթէ ամէնուրեք։

Երեւութապաշտ առօրեայի մը մէջ, ուր մարդոց ուշադրութիւնը աւելի շատ կը կեդրոնանայ սննդառութեան հաւասարակշռումի եւ արտաքին տեսքի կարեւորութեան, քան՝ մտքի՛ առողջութեան վրայ։ Ու երբ, հաւատքի եւ դաստիարակութեան պակասի հետեւանքով մէկ կողմէ, իսկ յոգնածութեան պատճառով միւս կողմէ՝ շատեր կը խուսափին միութենական-ժողովական աշխատանքներէ, զանոնք նկատելով ձեւական ու ձանձրացուցիչ…

…Իսկապէս դժուա՛ր է Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալ, վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնել եւ միութեան նշանաբանին ծառայութիւնը՝ բարձրանալու եւ բարձրացնելու իմաստութիւնը գտնել Հայրենիքին, Ազգին ու Միութեան նուիրաբերումին մէջ։ Հետեւաբար, 80-ամեակի մեր խմբագրականներու շարքին, միութեան սկաուտական եւ մարզական շարժումները առանձին-առանձին ողջունելէ ետք, պարտք կը զգանք արժանաւոր մեր երրորդ պատիւը ընծայել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած այն բոլոր միութենականներուն, որոնք դրօշարշաւի արագութեամբ, կանոնաւորութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, ազգային մեր իտէալներուն դրօշը սերունդէ սերունդ փոխանցած են ի փառս Հայաստանին, ի պատի՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, պարծա՛նք հայութեան։

Արդարեւ, անցնող 80 տարիներուն, վարչական պատասխանատուութիւններու քաղցր ու ծանր լուծին տակ, 80 անգամ 80 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կեանք ու աւիւն տուին։ Մինչ կրկնապատիկ ու բազմապատիկ ուրիշներ աչքի ու մտքի լոյս մաշեցուցին, մազ ու մօրուք ճերմկցուցին անշահախնդրօրէ՛ն եւ առանց որեւէ ակնկալութեան, քանի անոնք վարձատրութեան իրենց լաւագոյն գոհացումը գտան պարտականութիւններու գործադրութեան հոգեկան բաւարարութեան մէջ։

Այսպէ՛ս է, որ ժամանակի ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչական պատասխանատուները գոյացուցին այն հաստատ համոզումը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր անդամ, եթէ համոզումով եւ հաւատքով իր պարտականութիւններուն գիտակցութիւնը ունենայ, աշխատի զանոնք լիուլի իրագործել, միութեան նիւթական եւ բարոյական ուժը կþաւելնայ օրէ օր։ Անդամները իրենց պարտականութիւնները կատարելով՝ նկարագիրով եւ հոգիով կը բարձրանան, իրենց հետ բարձրացնելով նաեւ իրենց միութիւնը, որ կոչուած է արթուն պահակը ըլլալու անկորնչելի մեր արժէքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչական պատասխանատուներու հետ, անցնող 80 տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը առաջնորդուեցաւ այս համոզումով ու տեսիլքով, քանի իրերայաջորդ մարմիններ ուխտեցին առաքինի ու հաւատաւոր սերունդներու պատրաստութեամբ ընդդիմանա՛լ արդի աշխարհակարգի բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ տագնապներուն, քաջ գիտակցելով որ հաւատքն ու կեանքը կ’ընթանան զուգահեռ։

Կը կրկնենք՝ քաջ գիտակցելով, որովհետեւ մեզի համար հաւատքին ամէնէն մեծ բարեկամը ժամանակն է, իսկ ամէնէն մեծ թշնամին՝ յուսալքումը։ Հաւատքը ոյժ մըն է՝ առանց որուն կարողութիւնը ուժաթափ կþըլլայ, մարդիկ, միութիւններ եւ ազգեր կը մաշին ու կը ծերանան։ Իսկ մենք, իբրեւ 80-ամեայ միութիւն, տոկալու, զարգանալու, կեանքի նորանոր փորձութիւններուն դիմանալու համար, կը զգանք թէ այսուհետեւ ամէնէն աւելի պէտք ունինք անխախտ հաւատքի եւ յարատեւելու կամքի, որովհետեւ մեզի ծերացնողը այլեւս տարիքը չէ, այլ՝ հաւատքի պակա՛սը։

 

Տարածենք