Թիւ 343-345 - «ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ…»

 

Պարզ թելադրանքէ մը շատ աւելին է «Մարմնամարզ»ի էջերէն, դար մը առաջ, Շաւարշ Քրիսեանի արձակած կոչը. «Մարդ պատրաստել… մարդեր են որ մեզի կը պակսին»։ Հայ երիտասարդութիւնը մարզանքի միջոցով ազգային-քաղաքացիական գիտակցութեան առաջնորդելու հրաւէր մըն է ան, ազգապահպանման ծրագիր մը, որուն առջեւ կ’արժէ կանգ առնել այսօր, «Մարմնամարզ»ի հիմնադրութեան 100ամեակի ոգեկոչման առիթով։

«Մարմնամարզ» հայ մարզական առաջին թերթն է, Քրիսեան՝ անոր գլխաւոր խմբագիրն ու հրատարակիչը, որ համազգային շարժում մը ստեղծելու ճիգով, 1911ին կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան։ «Մարմնամարզ» նոր աւիշ կը ներարկէ հայ երիտասարդութեան, իր շուրջ կը համախմբէ բոլորը եւ իր գաղափարներով հրատապ պահանջ կը դարձնէ ֆիզիքական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայութեան մէջ։

«Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան չորս տարիները բաւարար կ’ըլլան, որ դարերու ստրկութեան տակ կքած հայը անդրադառնայ իր երիտասարդութեան ապրած մտային, բարոյական եւ հոգեկան նահանջին եւ վերակենդանացնէ հին յոյներու իտէալը. «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ»։ Թերթը կը յաջողի հաճոյքի եւ ժամանցի նպատակով կատարուած գործի մը տալ կենսական եւ համազգային հանգամանք։

«Մարմնամարզ» կ’ըլլայ այն հիմնաքարը, որուն վրայ կը կառուցուի հայ մարզական եւ սկաուտական շէնքը։ «Մարմնամարզ»ի էջերը թղթատելով՝ հիացմունքով կարելի է տեսնել Շաւարշ Քրիսեանի եւ իր գործակիցներուն քաջութիւնը, հեռատեսութիւնը եւ հաւատքը նոր կազմաւորուող սկաուտական եւ մարզական շարժումներուն հանդէպ։

Մեծ կ’ըլլայ «Մարմնամարզ»ի նպաստը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծման երկունքին։ Թէեւ թերթն ու հիմնադիրը չեն տեսներ իրենց երազած միութեան ծնունդը, սակայն անոնք ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանան Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերայաջորդ սերունդներու, որոնք ահա, 93 տարիէ, կառչած կը մնան «մարդ պատրաստել»ու անոնց կոչին, միութենական խոր հաւատքով եւ ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։

Այսօր, դարու մը կեանք ունի Քրիսեանի կոչը։ Հին է, բայց ոչ՝ հինցած։ Աւելի քան երբեք այժմէական կը հնչէ ան, որովհետեւ բոլորս կը զգանք ու կ’անդրադառնանք, որ քիչ մը ամէն տեղ մենք կարիքը ունինք Քրիսեանի տեսլականով մարդոց, որոնք նկարագի՛ր ունենան, պատի՛ւ ունենան, բարոյակա՛ն ունենան։

Կ’ապրինք փորձութեան ժամանակներու մէջ. անհոգութիւն, թմրամոլութիւն, անբարոյութիւն, վայրագութիւն, խարդախութիւն, ընկերային վարակիչ ու քանդիչ տեսակաւոր իրավիճակներ կը պարզուին մեր դիմաց եւ կը շեշտեն միութենական պատրաստութեամբ կորովի, առողջ ու յանձնառու երիտասարդութեան մը ներկայութիւնը մեր շուրջ։

Քրիսեանի կոչը անարձագանգ չի կրնար մնալ. հարկ է հոգեկան եւ մարմնական դաստիարակութեամբ պատրաստել մարդիկ, որոնք բարոյական պատնէշ ըլլան այս անտարբեր եւ նիւթապաշտ աշխարհին մէջ, եղբայրական սիրով, հասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ, պարզութեամբ, քաղաքավարութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ հասունութեամբ։

Հարկ է պատրաստել մարդիկ, որոնք գիտնան սուտին եւ ճշմարիտին, չարին եւ բարիին, սեւին եւ սպիտակին տարբերութիւնը, տէր ըլլան անձնական համոզումի, եւ ի՛նչ վնասներու ալ հանդիպին, ունենան կեանքի փիլիսոփայութիւն մը, որ ըլլայ վարքի եւ նկարագիրի փիլիսոփայութիւն։

«Մարդ պատրաստել»ու մարտահրաւէրը մեր օրերու ամենասուր պահանջն է, որուն պէտք է ընդառաջել անվարան, ի խնդիր մեր նորահաս սերունդներու փրկութեան, ի նպաստ ազգային մեր ինքնագիտակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման։

«Մարմնամարզ»ի պատգամն է այս, երէկ, այսօր եւ վաղը։

Տարածենք