Թիւ 368 - ՈԳԻԻ՛ ՎԵՐԱԾԵԼ

 

Շինարարական աշխատանքները անպակաս են ազգային մեր կեանքին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ն ալ իր բաժինը ունի այդ աշխատանքներուն մէջ։ Կը կերտուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոններ, կը շինուին նոր մարզադաշտեր, կը կառուցուին արդիական բանակավայրեր։

Երեւոյթը խրախուսական է եւ խոր գոհունակութեամբ մը կը հաստատէ, որ զոհողութեան եւ նուիրաբերումի տրամադրութիւնները ոչ միայն չեն ցամքած մեր ժողովուրդին մօտ, այլեւ՝ մնայուն կենսունակութեամբ մը կը յորդին, հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին։

Քիչ մը ամէն տեղ կը գտնուին ազգային բարերարներ, որոնք պատկառելի գումարներ կը նուիրեն ազգօգուտ ծրագիրներու իրականացման համար։ Ժողովուրդն ալ իր կարգին, յարատեւ ու ամէնօրեայ զոհաբերութեամբ, լայն մասնակցութիւն կը բերէ ազգային կառոյցներու շինութեան գործին։ Գաղութէ գաղութ ձեռնարկներու անվերջանալի շարքը բաւարար է գաղափար մը տալու համար, թէ ազգը ի՛նչ կու տայ հաւաքաբար, առանց ծափ ու պատիւ պահանջելու։

Բայց երանի՜ ընդհանրական ըլլար այս երեւոյթը։ Այդպէս չէ եւ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր մէջ կան մեզի ծանօթ բարերարներուն չափ եւ անոնցմէ շատ աւելի հարուստներ, որոնք անտարբեր նստած են իրենց հարստութեան վրայ եւ իրենց մտքէն չեն անցըներ ո՛չ իրենց ողջութեան, ո՛չ ալ յետ մահու կտակով իրենց ունեցածէն բաժին մը հանել հայութեան։ Դիւրին չէ բաժնուիլ նիւթէն։ Դիւրին չէ մէկ անգամէն ընծայաբերել մեծ գումար մը, որուն իւրաքանչիւր մասնիկին համար կեանք ու հոգի մաշեցուցած է տէրը։ Եւ դժուար ըլլալու համար է, որ բարեգործութիւնը գովաբանուած առաքինութիւն մըն է։

Մարդիկ առհասարակ նիւթապաշտ կը ծնին։ Դաստիարակութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը, միութենական պարտականութեան ըմբռնումներն են, որ հոգեփոխութեան կ’ենթարկեն մարդը ու կը մղեն զայն նիւթական կարելիութիւնները ոգեղէն արժէքներու ի սպաս դնելու, նիւթը ոգիի՛ վերածելու։

Արուեստ է անհատները զոհաբերութեան մղելու կարողութիւնը։ Մեր մէջ «բան մը ըլլալու» մարմաջը ունեցողներ շատ կան, «բան մը ընելու» տարտամ ծրագիրներ ունեցողներ ալ կան, որոնք կը փափաքին ձեւով մը օգտակար դառնալ, բայց կ’ապրին տեւական վարանումի մը մէջ. տա՞լ թէ չտալ։ Ու տակաւին կան անոնք, որոնք առանց բարերարութիւն մը ընելու կը մեկնին այս աշխարհէն՝ իրենց հարստութիւնը յումպէտս վատնելով։ Շատ անգամ հայուն վաստակը օտար պետութեան մը բաժինը դարձնելով։

Հին է այս ցաւը։ Ժամանակը եկած է ու քիչ մըն ալ անցած է, որպէսզի լուրջ մտահոգութեան առարկայ դառնայ հայուն հարստութիւնը հայո՛ւն վերադարձնելու կենսական կարեւորութիւնը։ Հեռատես ու սրտցաւ անձերու թափած առանձին ճիգերը կարեւոր են այս ուղղութեամբ, բայց անբաւարար են։ Կազմակերպուած աշխատանք մը կրնայ աւելի լաւ արդիւնք տալ։

Ազգային-միութենական կեանքին զարգացումը պայմանաւորուած է նիւթական լայն կարողութիւններով։ Ճիշդ է, «հոգին գերազանց է քան նիւթը», սակայն առանց նիւթին անդամալուծութեան կը մատնուին մեր բազմաթիւ ծրագիրները։

Դժուարութիւնը մեծ է, սակայն լուծելի է։

Կը բաւէ, որ մարդիկ անդրադառնան, որ հինէն ի վեր, իբրեւ մնայուն արժէք մնացած են ու կը մնան միայն այն հարստութիւնները, որոնք բարեգործութեամբ դարձած են մեր կեանքը շնչաւորող բերդ ու ամրոց, վանք ու դպրոց, հայապահպանման մէկական հնոց։

Մնացեալին ճակատագիրը եղած է հող ու փոշի…

Տարածենք