Թիւ 13 - ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ՀՈՒՆՁՔԸ

 

Հազարաւոր կանաչ, երկնուղէշ ծառեր կը տապալին ամէն օր, սպիտակ թուղթի թեւով հոգիի հաղորդութիւն եւ մտքի լոյս բաշխելու համար մարդկութեան։ Այս առաքելութենէն շեղած թերթն ու գիրքը կþարձանագրուին Չարիքի տոմարին մէջ, ափսոսալ տալով անտառին կորսուած գեղեցկութիւնը։

Տարի մը առաջ, ՄԱՐԶԻԿը մամուլին յանձնուած պահուն, գիտակից էինք սպիտակ թուղթի երկսայրի հանգամանքին, եւ վճռակամ՝ յանձնառու եղանք մեր առաքելութեան։

Մարզական այս ամսագրին համար, առաջին օրէն, մենք մեծ ծառերը կտրեցինք Սօսեաց անտառէն, որպէսզի արեւորդի մեր պապերուն, նետաձիգ մեր քաջազուններուն կենարար շունչն ու պատգամը սօսափեն անոր էջերը։

Բերինք ատաղձը Սօսեաց դալար անտառէն՝ անոր ծառերուն սլացիկ կերպարով կերտելու համար երիտասարդ իրանները եւ այդ ծառերուն թա՛րմ, կենսաբաշխ աւիւնով ոռոգելու համար ծլարձակ հոգիները։

Ամէն ամիս մատուցինք ինչ որ մարմնապէս գեղեցիկ էր, ուժե՛ղ եւ հոգեպէս վերացնող՝ մարզական ու երիտասարդական աշխարհին մէջ, սեւ գիծ քաշելով տխուր երեւոյթներուն տակէն։

Հպարտութեամբ հիւրընկալեցինք Հայաստանի մէջ, Արարատի շուքին յայտնագործուող մերօրեայ քաջամարտիկները՝ միջազգային մրցանիշներ եւ յաղթանակներ խլած արմենազարմ ախոյեանները, հայ դնդերի ազնիւ ուժով վարակելու համար նոր սերունդը։

Հաղորդեցինք ի սփիւռս աշխարհի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն յաղթական արշաւները, մարզական խումբերուն եւ մարզիկներուն յարանորոգ շարժումներն ու յաջողութիւնները, մասնաճիւղերու եւ վարչութիւններու նպատակասլաց ոգորումները՝ գօտեպնդելու համար տարասփիւռ մեր ժողովուրդը «ձուլում» կոչուող դեւին դէմ եւ բաց պահելու համար անոր դիմաց ապագայի լուսաշող հեռանկարները։

Խանդավառուեցանք ազնիւ մրցակցութեան նոր դրօշակակիրներով, չմոռցանք, սակայն, վաստակն ու գաղափարականը անոնց, որոնք հինուց աստի ակօսը բացին նորածիլ ուժերուն։

Վերջապէս, քառասուն աղբիւրէ ջուր բերինք, քառասուն բովանդակալից եւ պատկերազարդ էջերուն ակնահաճոյ տեսք մը տալու, ամսօրեայ այս հանդէսը հասցնելու համար եւրոպական նման հրատարակութիւններու մակարդակին։

Եւ ահա հունձքը՝ 12 ամսուան մէջ 12 թիւ։

Երկրորդ տարին կը դիմաւորենք նոր ծրագիրներով, նոր խանդավառութիւններով, ակնաղբիւրը պահելով միշտ լաւագոյնին սլացքն ու ձգտումը։

Հաւատարիմ ու հաւատաւոր աշխատակիցներ ունեցանք. կը հաւատանք որ պիտի կրկնապատկուի անոնց թիւը։

Բաժանորդներու, նուիրատուներու, ընթերցողներու բանակ մը թիկունք կանգնեցաւ մեզի. կը հաւատանք որ պիտի քառապատկուի (պէ՛տք է քառապատկուին) անոնց շարքերը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի վեհազօր ոգին եւ գաղափարական անսպառ հարստութիւնն էին մեր միակ դրամագլուխը, երբ ծնունդ տուինք ՄԱՐԶԻԿին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոյն այդ դրամագլուխն է մեր այսօրուան ու վաղուան յաջողութիւններուն եւ իրագործումներուն գրաւականը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոյն այդ ոգիին ու գաղափարականին եղջերափողն է այս ամսագիրը։ Անոր կանչը, առողջ ու մաքուր կեանքի եւ անշահախնդիր ու անբասիր վայելքի հրաւէր մը, պէտք է հասնի աշխարհի չորս ծագերուն, ուր հայ կայ։ Հա՛յ, որ օտարութեան մշուշին մէջ ջերմացնէ հոգին, ջերմացնէ հայու յաղթանակներով, տոգորուի Վահագնեան ուժով ու մնայ պատրաստ ծառայելու Աստուծոյն եւ Հայրենիքին։

Տարածենք