8 եւ 15 Մայիս 2021-ին գումարուած մարզական առցանց Ա. համագումարը 22 Յուլիսը հռչակեց «Հայ մարզիկի օր» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններու պատասխանատու մարմիններու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալները.-

ա) Այսուհետեւ 22 Յուլիսը Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրացոյցներուն եւ տարեկան ծրագիրներուն մէջ նկատի ունենալ իբրեւ «Հայ մարզիկի օր», այնպէս ինչպէս Վարդանանցը նկատի առնուած է «Հայ սկաուտի օր»։

բ) 22 Յուլիսին կամ անոր նախորդող եւ յաջորդող օրերուն, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ քարոզչական նախաձեռնութիւններով պատշաճ կերպով նշել «Հայ մարզիկի օր»ը եւ այս առիթով լուսարձակի տակ առնել շրջանին վերջին տարիներու մարզական յաջողութիւնները, փայլուն արդիւնքներ արձանագրած խումբերը, մարզիկներն ու մարզիկուհիները։

գ) «Հայ մարզիկի օր»ուան առիթով գնահատել եւ պատուել վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք իբրեւ մարզիկ, մարզիչ, իրաւարար կամ մարզական պատասխանատու կարեւոր դեր ունեցած են իրենց շրջանի եւ երկրի մարզական կեանքի զարգացման մէջ։

դ) Գնահատել եւ պատուել անցնող տարեշրջանին «Մարզական լաւագոյն ոգին ցուցաբերած», «Մարզական կեանքի լաւագոյն յառաջդիմութիւնը արձանագրած» եւ «Մարզական առաւելագոյն մրցանակները շահած» մարզիկները, խումբերը եւ մասնաճիւղերը։

ե) Հրապարակային հանդիսութիւններու առընթեր, «Հայ մարզիկի օր»ուան առիթով կազմակերպել շրջանի մարզիկներու, մարզիչներու, իրաւարարներու եւ մարզական պատասխանատուներու ներքին սեմինարներ եւ հանդիպում-զրոյցներ, ուր արծարծուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական արժէքները եւ զանոնք պահպանելու եւ հարստացնելու մերօրեայ միջոցները։

զ) «Հայ մարզիկի օր»ուան առիթով կազմակերպել մեզմէ յաւէտ հեռացած վաստակաշատ մարզիկ-մարզիկուհիներու յիշատակին յուշ-երեկոներ եւ կամ մարզական մրցաշարքեր, այս առթիւ յատուկ յիշատակութեան արժանացնելով միութեան հիմնադիր, հայ մարզական առաջին թերթի ստեղծիչ Շաւարշ Քրիսեանը, որուն ծննդեան թուականն է 22 Յուլիսը։ Քրիսեան ծնած է 1886-ին։

է) «Հայ մարզիկի օր»ուան առիթով կազմակերպել ընկերային երեկոներ եւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսներ, որոնց հասոյթը յատկացնել շրջանի մարզական խումբերու կարիքներուն։

ը) «Հայ մարզիկի օր»ը յատուկ կերպով նշել մեր կրտսեր մարզիկներուն համար, փոքր տարիքէն անոնց փոխանցելով օրուան կարեւորութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի տասնաբանեային նշանակութիւնը։ Այս աշխատանքին հրաւիրել վեթերան մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք կրնան այցելել կրտսերներու խումբեր եւ իրենց փորձառութիւններն ու յուշերը փոխանցել անոնց։

Բնականաբար, վերոյիշեալ նախաձեռնութիւններէն անկախ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններ կրնան դիմել նաեւ այլ նախաձեռնութիւններու, որոնք «Հայ մարզիկի օր»ը աւելիով կ’արժեւորեն եւ տարուէ տարի զայն կը վերածեն մարզական շրջանակներու կողմէ սպասուած եւ գնահատուած տօնի։