Թիւ 439 - «Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԿԵԱՆՔՍ Է…»
Կեանքը ծնունդէն մինչեւ մահ երկարող ժամանակը չէ միայն։ Կեանքը մնայուն կատարելագործում է, պայքար է, մարդոց հետ յարաբերութիւն է եւ շարունակականութիւն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ն ալ կեանք է, որովհետեւ ան կը սկսի մարդու մը փոքր տարիքէն եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջալոյս։ Մանուկը առաջին անգամ սկաուտական հաւաքավայր կ’ուղղուի եւ կամ մարզադաշտ կ’իջնէ առանց գիտնալու, որ այդ պահուն ան կեանքի դպրոց մը կը մտնէ։ Ժամանակի ընթացքին ան կը սորվի ըլլալ ճշդապահ ու կարգապահ, պարկեշտ ու վեհանձն, նախաձեռնող, պատասխանատուութիւն ստանձնող, պարտութիւններէ չտկարացող եւ յաղթանակներէ չգինովցող մարդ։ Արժանիքներ, որոնք կեանքի հիմերն են եւ սկաուտական կամ մարզական կանոններ չեն միայն։
Կեանքը պայքար է եւ Հ.Մ.Ը.Մ. կը սորվեցնէ պայքարիլ ո՛չ միայն մրցակիցներու դէմ, այլեւ՝ սեփական եսի դէմ։ Մարզադաշտին վրայ կ’արժեւորուի ջանքը եւ ո՛չ միայն արդիւնքը։ Սկաուտական կեանքին մէջ կ’արժեւորուի ծառայութիւնը եւ ո՛չ միայն անհատական յաջողութիւնը։ Այս մօտեցումը կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կը ստեղծէ մարդիկ, որոնք պատրաստ են տեւաբար աշխատելու, չյուսահատելու եւ սկսուած գործ մը ամէն գնով շարունակելու։ Մարդիկ, որոնք քաջութիւնը ունին կեանքի փոթորիկներուն դէմ ի հարկին առանձին, ուղի՛ղ կանգնելու։ Ունին պայքարելու կամք եւ համբերութիւն։
Կեանքը նաեւ յարաբերութիւն է։ Հ.Մ.Ը.Մ. յարաբերութիւններու լաւ միջավայր է։ Մարզական խումբի մը խմբակիցը միայն խաղընկեր չէ։ Սկաուտ քոյր մը կամ եղբայր մը միայն կիրակնօրեայ հաւաքի ընկեր չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը ստեղծուին ընկերային ամուր կապեր, որոնք ժամանակը կը դարձնեն աւելի գեղեցիկ, իսկ կեանքը՝ աւելի իմաստալից։ Այդ կապերը կ’երկարին տարիներու վրայ եւ կը դիմանան ժամանակի փորձութիւններուն, որովհետեւ ծնունդ կ’առնեն միասին ապրուած կեանքէ, աշխատանքէ եւ զոհողութենէ։
Կեանքը կը նշէ շարունակականութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ. եւս կը մարմնաւորէ շարունակականութեան գաղափարը։ Երէկուան սկաուտը այսօր կը դառնայ Առաջնորդ, մարզիկը՝ մարզիչ, իսկ անդամը՝ վարչական։ Շարունակական այս ընթացքը ցոյց կու տայ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կեանքը քարացած չի մնար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը մեծնայ, կը զարգանայ եւ իր փորձառութիւնը կը փոխանցէ յաջորդներուն՝ ապահովելով միութեան յարատեւութիւնը, մնայուն շարժումը։
Ի վերջոյ, կեանքը շարժում է, շարժումը կեանք է։ Շունչ է՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուող։ Դաստիարակութիւն է՝ մարմինի, միտքի եւ հոգիի։ Ուխտ է՝ ծառայասիրութեան, մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան։ Որեւէ շարժում, սակայն, պարտաւոր է ընդառաջել իր ժամանակի պահանջներուն։
Ժամանակները կը փոխուին, մօտեցումները եւս կը փոխուին եւ անհրաժեշտ կը դարձնեն գործունէութեան նոր ձեւերու որգեգրում, արդիականացում, պահելով հանդերձ շարժումի մը հիմնական սկզբունքները։ Հ.Մ.Ը.Մ. լաւագոյն փաստը կու տայ այս իրականութեան, իր 107-ամեայ պատմութեամբ եւ մնայուն կենսունակութեամբ։
Ուրեմն, պատահականութիւն չէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը կեանքս է» արտայայտութիւնը, որ կարգախօսի ձեւով կը տեսնուի միութեան ցամաքամասային բանակումներէն մէկուն ձեռային աշխատանքին վրայ, իբրեւ վկայութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի արժէքին ու կարեւորութեան, եւ իբրեւ անկեղծ խոստովանութիւն մէկու մը, որ կ’ապրի ու կը մեծնայ այս միութեան մէջ։ Իր մեծ ընտանիքը կը գտնէ հոն։ Իր ներկան ու ապագան կը կապէ անոր, հաւատալով որ եթէ կեանքը մարդ կը կերտէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ լա՛ւ մարդ։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը կեանքս է» արտայայտութիւնը նաեւ վկայութիւն մըն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շատերուն համար յիշողութիւն է՝ առաջին տարազը, առաջին երդումը, առաջին պարտութիւնն ու յաղթանակը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ապրուած տարիները կուտակում են յիշողութիւններու եւ փորձառութիւններու, որոնք կը ձեւաւորեն մարդու մը մտածումները, համոզումներն ու կեցուածքները։
Տարիները կրնան թաւալիլ, կեանքի բեռը կրնայ ծանրանալ, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ը չի դադրիր ներկայ ըլլալէ մարդու մը հոգիին մէջ, ո՛չ իբրեւ վայր, այլ՝ իբրեւ զգացում։ Մարդ կրնայ հեռանալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաշտերէն, ակումբներէն, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած կեանքը չի կրնար հեռանալ իրմէ։
Հետեւաբար, երբ մէկը կ’ըսէ թէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը կեանքս է», ան չի յիշեր միայն անցեալը, այլ՝ ներկան ու ապագան։ Ան կը խօսի իր արմատներուն մասին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սիրտի զարկին մասին։ Կ’արտայայտուի իր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան մասին ու կը խոստովանի, որ այսօր ի՛նչ որ է, ո՛ւր որ է, ան կը պարտի նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, միութեան ակումբներուն, դաշտերուն եւ հաւաքավայրերուն մէջ իր անցուցած ժամանակին։
Եւ որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը միայն վայր չէ։ Ժամանակ չէ։ Վիճակ է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կեա՛նք է։
Սիրտերու մէջ դրոշմուա՛ծ կեանք։
Անցեալէն եկող ու ապագայի՜ն գացող կեանք։