This page is not available in this language. You can view it in: Հայերէն

«ԱՐԺԱՆԵԱՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեայ պատմութեան դարբիններուն ծանօթանալու համար կը բաւէ արագ աչք մը նետել միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին արժանացած անուններու ցանկին վրայ, երեւան հանելու համար անոնք, որոնք կեանք մը ամբողջ սպառեցին միութենական ծառայութեան ճամբով հայ ժողովուրդի մատղաշ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան ի խնդիր։

Միութիւնը երախտամոռ չգտնուեցաւ նմաններուն հանդէպ եւ Պատգամաւորական իր Առաջին Ժողովին իսկ թելադրանքով (Դեկտեմբեր, 1974) եւ իր անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ (22 Փետրուար 1976) հաստատեց «Արժանեաց» շքանշանի դրութիւն, «ոսկի» եւ «արծաթ» տարբերակներով։

1995-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով, երկու տարբերակները միացուեցան եւ ճանչցուեցան պարզապէս իբրեւ «Արժանեաց» շքանշան, որուն կրնայ արժանանալ՝ «Երախտապարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ միութենէն ներս ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն, սատարած է միութեան ամրապնդման, զարգացման կամ իր սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական բեղուն գործունէութեան ընթացքին հանդիսացած է տիպար եւ օրինակելի» («Արժանեաց» շքանշանի կանոնագրութիւն, յօդուած թիւ 4)։

Ստորեւ՝ ցանկը շքանշանակիր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն։

ՇքանշանակիրՇրջան. Մեկուսի կամ մասնաճիւղՏուչութեան թուական
Լուտեր ՄասպանաճեանՀալէպ-ԹորոնթօՅետ մահու, 30 Յունուար 1977
Թորոս ԽաչատուրեանԳահիրէ6 Սեպտեմբեր 1977
Յովհաննէս ՇահինեանՊէյրութ13 Նոյեմբեր 1977
Լեւոն ԳայեանԱթէնք25 Յուլիս 1978
Գէորգ ՅաբէթեանԱթէնք25 Յուլիս 1978
Խաչիկ ԲարթեմեանՍելանիկ7 Օգոստոս 1978
Տիգրան Ա. Քհնյ. ԽոյեանՈւաշինկթըն13 Օգոստոս 1978
Վահան ԳաւուքճեանԱղեքսանտրիա10 Փետրուար 1979
Դանիէլ ԴանիէլեանԱթէնք-Մոնթրէալ26 Հոկտեմբեր 1980
Ալպէր ՅակոբեանՊէյրութ17 Դեկտեմբեր 1980
Քերոբ ԱռաքելեանԼոս Անճելըս28 Նոյեմբեր 1982
Հրանդ ՄուրատեանՊէյրութ2 Յունուար 1983
Գարեգին ՇամլեանԳահիրէ - Նիւ Ճըրզի31 Յուլիս 1983
Տիգրան ՈսկերիչեանԴամասկոս11 Դեկտեմբեր 1983
Սարգիս ՊապիկեանԴամասկոս11 Դեկտեմբեր 1983
Պետրոս ԿարապետեանՊոսթըն25 Նոյեմբեր 1984
Շաւարշ Ա. Քհնյ. ՄեհրապեանՊուէնոս Այրէս22 Նոյեմբեր 1985
Պարգեւ ՄիսիրեանՀալէպՄարտ 1987
Յովհաննէս ՍթամպուլեանՆիւ Ճըրզի10 Սեպտեմբեր 1988
Տոքթ. Ժոզէֆ ՄելիքեանՖիլատելֆիա10 Սեպտեմբեր 1988
Ճորճ ՏաքէսեանԱմման24 Նոյեմբեր 1988
Զաւէն ՍապունճեանՀալէպ27 Նոյեմբեր 1988
Սուրէն ՆազարեանՀալէպ27 Նոյեմբեր 1988
Եղիշէ ՄանուկեանՊէյրութ - Լոս Անճելըս14 Մայիս 1992
Յովհաննէս ՊայթարեանՊէյրութ25 Դեկտեմբեր 1992
Վարուժան ԳազանճեանԳահիրէ26 Նոյեմբեր 1993
Յարութիւն ԲարսեղեանԼոս Անճելըս9 Հոկտեմբեր 1993
Ճորճ ՏաղլեանՊուէնոս Այրէս18 Դեկտեմբեր 1993
Պարգեւ ՊարսամեանՊուէյնոս Այրէս18 Դեկտեմբեր 1993
Վարդգէս ԱլահայտոյեանՊէյրութ - Լոս Անճելըս1994
Սեւակ ՍագինեանԿլէնտէյլ1994
Կարպիս ԳույումճեանԱթէնք1994
Ատոմ ԹնճուկեանՊէյրութ11 Ապրիլ 1995
Գրիգոր ՄղձաւետիքեանՊէյրութ11 Ապրիլ 1995
Տոքթ. Յարութիւն ԳազանճեանՊէյրութ - Փարիզ.............
Երուանդ ՏէմիրճեանՀալէպ - Պուրճ Համուտ11 Փետրուար 1996
Յովհաննէս Տէր ՅարութիւնեանՊուրճ Համուտ - Անթիլիաս11 Փետրուար 1996
Սամուէլ ՄկրտիչեանԼոս Անճելըս3 Հոկտեմբեր 1998
Վարուժան ՍերոբեանՄոնթրէալ22 Յունիս 1999
Ժիրայր ԽաչատուրեանՊէյրութ18 Յունուար 2000
Տոքթ. Միսաք ԱրզումանեանՊ. Համուտ - Սան Ֆրանսիսքօ8 Յուլիս 2001
Արշակ ԳոլըստընՍիտնի12 Դեկտեմբեր 2002
Պերճ ԳրիգորեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Պօղոս ՊօղոսեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Յարութիւն ԹագւորեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Օննիկ ՇանկայեանԱթէնք2 Փետրուար 2003
Երուանդ ՇահինեանԹորոնթօ16 Փետրուար 2004
Բիւզանդ ԹորիկեանՊէյրութ21 Մարտ 2004
Ժիրայր ՍարգիսեանՊէյրութ - Սան Ֆրանսիսքօ26 Յունիս 2004
Գօգօ ՊալեանՊոսթըն - Լոս Անճելըս26 Յունիս 2004
Վահէ ՉոքկարեանՀալէպ - Պէյրութ11 Մայիս 2006
Կարօ ԹիւթիւնճեանԱնթիլիասՅետ մահու, 17 Յունուար 2006
Պետրոս ՇեմմեսեանԱյնճար - ԺըտէյտէՅետ մահու, 5 Նոյեմբեր 2006
Յովհաննէս ՄարտոյեանՍիտնի3 Մարտ 2007
Զաւէն ԲրուտեանՍիտնի3 Մարտ 2007
Մանուէլ ՀալլաճեանՀալէպ - Թորոնթօ19 Սեպտեմբեր 2007
Միհրան ՇիմշիրեանՊէյրութ19 Սեպտեմբեր 2007
Զոհրապ ՊոսնոյեանՊէյրութՅետ մահու, 10 Յուլիս 2008
Վարդգէս Տէր ԿարապետեանՊէյրութՅետ մահու, 14 Նոյեմբեր 2008
Պատրիկ ԿիւլպէնկեանՊէյրութ14 Նոյեմբեր 2008
Յովհաննէս ԾատուրեանԼիբանան14 Նոյեմբեր 2008
Վարդգէս ՀայրապետեանԼիբանան14 Նոյեմբեր 2008
Յարութիւն ՄարկարոսեանԼիբանան14 Նոյեմբեր 2008
Ժագ ՊոյաճեանԼիբանան14 Նոյեմբեր 2008
Հրաչ Տէր ՍարգիսեանԳանատա26 Մայիս 2012
Գէորգ ԿարապետեանՍուրիա9 Օգոստոս 2012
Սարգիս Տէր ՊետրոսեանԱւստրալիա12 Հոկտեմբեր 2013
Վահրամ ԴանիէլեանԱրեւելտեան Մ. Ն.11 Յունուար 2014
Յակոբ ՀամամճեանԼիբանան8 Մարտ 2015
Աբրահամ ԱհարոնեանՀարաւային Ամերիկա7 Սեպտեմբեր 2015
Արա ՅակոբեանԼիբանան28 Նոյեմբեր 2015
Սարգիս ՍտեփանեանԱրեւելեան Մ. Ն.28 Հոկտեմբեր 2018
Պօղոս ՉոլաքեանՅունաստան17 Նոյեմբեր 2018
Կարօ ՅովակիմեանՅունաստան17 Նոյեմբեր 2018
Վարդան ԲախշեանՀայաստանՅետ մահու, 18 Նոյեմբեր 2018
Լեւոն ՊաղտասարեանՖրանսա22 Նոյեմբեր 2018
Արմէն ԿէտիկեանԹորոնթօ24 Նոյեմբեր 2018
Գէորգ ՄանկելեանՄոնթրէալՅետ մահու, 25 Նոյեմբեր 2018
Սեդրակ ՊուրսալեանՄոնթրէալ25 Նոյեմբեր 2018
Լեւոն ՊէնկեանՄոնթրէալ25 Նոյեմբեր 2018
Գրիգորիս ՊողարեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Ստեփան Տէր ՊետրոսեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Կարպիս ԳապասագալեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Յարութ ՉէքիճեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Պետիկ ՍապունճեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Յակոբ ԽաչերեանԼիբանան10 Մարտ 2019
Համլէթ ՉրախճեանԱրեւմտեան Մ. Ն.11 Ապրիլ 2019
Հրաչ ՍիսեռեանՖրանսա14 Հոկտեմբեր 2019
Մանուկ ՔէօշկերեանՍուրիա14 Հոկտեմբեր 2019
Գարլոս ՍէֆէրեանՀարաւային Ամերիկա14 Հոկտեմբեր 2019
Գառնիկ ՄկրտիչեանԼիբանանՅետ մահու, 8 Յունուար 2021
Արմանտօ ԹորգոմեանՀարաւային ԱմերիկաՅետ մահու, 24 Օգոստոս 2021
Արթուրօ ՕհաննէսեանՊուէնոս Այրէս14 Դեկտեմբեր 2022
Յակոբ ԵթիմեանՅունաստան16 Սեպտեմբեր 2023
Շահէ ԵնիգոմշեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ4 Հոկտեմբեր 2023
Մարօ ՔէշիշեանԱրեւմտեան Մ. Նահանգներ4 Հոկտեմբեր 2023
Յակոբ ԽաչատուրեանԱրեւելեան Մ. Նահանգներ6 Յուլիս 2024
Օշին ՓիրումեանՀայաստան16 Նոյեմբեր 2024
Սիմոն ԵահնիեանԼիբանանւՅետ մահու, 16 Նոյեմբեր 2025
Վիգէն ԶաքարեանԼիբանանՅետ մահու, 16 Նոյեմբեր 2025

Համաձայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Ընդհանուր Ժողովի թելադրանքին (Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ) եւ Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին (29-րդ նիստ, 22 Փետրուար 1976), կը հաստատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանի դրութիւն։

ՅՕԴ. 1 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը վերապահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշան տալու որոշումը եւ շքանշանը կը յանձնուի իր կամ լիազօր անձի մը կողմէ։

ՅՕԴ. 2 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին հետ կը յանձնուի համապատասխան լամբակի պէճ եւ հաստատագիր, որ կը կրէ Կեդրոնական Վարչութեան կնիքը, ատենապետին եւ ատենադպիրին ստորագրութիւնները, պարգեւատրման որոշումի թուականը։

ՅՕԴ. 3 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ ոսկեմատեանի մէջ կþարձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին արժանացած անձերուն անունները, նկարները եւ պարգեւատրման որոշումի թուականը։

ՅՕԴ. 4 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց շքանշանին կրնայ արժանանալ երախտապարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը, որ միութենէն ներս ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն, սատարած է միութեան ամրապնդման, զարգացման կամ իր սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական բեղուն գործունէութեան ընթացքին հանդիսացած է տիպար եւ օրինակելի։

ՅՕԴ. 5 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշան կրնայ պարգեւատրել.-

   ա) Իր նախաձեռնութեամբ. այս պարագային անհրաժեշտ է նախապէս տեղեակ պահել պարգեւատրեալին բնակած երկրին Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութիւնը։

   բ) Շրջանային կամ Մեկուսի Վարչութեան դիմումով. այս պարագային անհրաժեշտ է որ առաջարկին կցուած ըլլան ենթակային կենսագրութիւնը եւ «Արժանեաց» շքանշանին պարգեւատրումին յատուկ դիմումնագիրը, որ իբրեւ «Յաւելուած» մաս կը կազմէ այս կանոնագրութեան։

ՅՕԴ. 6 - Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրուած անձին անունը կը հրատարակէ իր պաշտօնաթերթին մէջ, հայ մամուլով, նաեւ յատուկ շրջաբերականով կը յայտնէ Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը փոխանցեն մասնաճիւղերուն եւ շարքերուն։

ՅՕԴ. 7 - Կարելի է յետ մահու պարգեւատրել երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամրապնդման, զարգացման ու վերելքին սատար հանդիսացած միութենական մը։