ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ՝ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՈՒ ՀԱՍՏԱՏ ՔԱՅԼԵՐՈՎ

 

Այսօր, հաւաքուած ենք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն հանդիսաւոր փակումը կատարելու:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած այս մարզախաղերը տարբեր էին իրենց տարողութեամբ եւ որակով:

21 շրջաններէ ժամանած մարզիկներու եւ պատասխանատուներու աննախընթաց 1250 թիւը, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ցուցաբերած լայն աջակցութիւնը, տեղական թէ այլ մամուլի եւ պատկերասփիւռի կայաններու ցուցաբերած մեծ հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայրենի պետական ու պաշտօնական մարմիններու եւ բազմաթիւ նախարարութիւններու ցուցաբերած գործակցութիւնը ցոյց կու տան բոլորին գուրգուրանքը, սէրն ու յարգանքը 100 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հանդէպ:

Մարզախաղերու իրականացման յաղթանակը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ կարգ մը Հ.Մ..Ը.Մ.ականներու անձնուէր աջակցութեան:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել մարզախաղերուն նախագահութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին եղբ. Սարգիս եւ քոյր Ալիս Տէր Պետրոսեաններուն, որոնք իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ կարելի դարձուցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն իրականացումը այս մեծ տարողութեամբ:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը նաեւ այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք ստանձնեցին մեր գլխաւոր բաժակներուն հովանաւորութիւնը՝
- Եղբ. Հրաչ եւ քոյր Էլիզապէթ Սիսեռեանին,
- Տէր եւ տիկին Արա եւ Վերա Տէօլէթեանին,
- Եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանին,
- Եղբ. Ալպէրթ եւ քոյր Սոնա Շահինեանին,
- Եղբ. Վիգէն եւ քոյր Տորին Տագէսեանին,
- Եղբ. Ատոմ եւ քոյր Սելլա Թնճուկեանին,
- Եղբ. Յարութիւն Ստամպուլիին եւ տղոց՝ Յակոբին, Րաֆֆիին եւ Շանթին,
- Տէր եւ տիկին Ալէն եւ Հուրի Ուքարին,
- Եղբ. Ժան եւ քոյր Գարմէն Աբգարեանին,
Մեր շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել նաեւ այն անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք օժանդակեցին կամ ծանուցումներ տրամադրեցին այս մարզախաղերուն:

Այս մարզախաղերը չէին յաջողեր, եթէ անոնց ետին չըլլային մեծ թիւով կամաւորներ։ Այդ կամաւորները մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբն են, պատասխանատուներն են, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտներն ու վարչութեան անդամներն են, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր խումբերու եւ պատուիրակութիւններու պատասխանատուներն են:

Սիրելինե՛ր,

Այս մարզախաղերը իրարու մօտեցուցին հարիւրաւոր երիտասարդներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկ-մարզիկուհիներ: 10 օրերու ընթացքին բոլորը իրարու մօտեցան եւ, աւելի՛ն, անոնք հայրենիքին մօտեցան, հայրենիքի օդը շնչեցին եւ հողը զգացին:

Այս մարզախաղերը ինքնանպատակ չէին եւ պիտի չըլլան:

100 տարիներ առաջ, Հայաստանի կրթութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան Պոլիսէն Հայաստան հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան պատասխանատուները, որպէսզի միութենական գործունէութիւն ունենան անոնք: Այսօր, նոյն գործը կը շարունակուի, աւելի մեծ, աւելի լայնածաւալ թափով եւ հաւատքով:

100 տարիներ առաջ, ազգային հերոս, անզուգական ղեկավար՝ Գարեգին Նժդեհ նորանկախ հայրենիքի երիտասարդութեան իր արտասանած խօսքին մէջ կ’ըսէր. «Քանի դեռ կայ հայրենիքի պաշտպանութեան հարկադրանքը, մարմնամարզը կը մնայ զօրաւոր եւ թրծուած սերունդների գոյութեան անհրաժեշտութիւնը... նրա միջոցով ազգերը ճգնում են ստեղծել կորովի, քաջ եւ հայրենասէր երիտասարդութիւն»:

Ահա այդ կորովի, քաջ, պարկեշտ եւ հայրենասէր երիտասարդութեան պահապան Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, որ այսօր հոս կը տեսնէք։ Այդ նոյն սկզբունքներով է, որ նոր հարիւրամեակ կ’ուղղուինք աւելի խանդավառ, աւելի հաստատ, միշտ հաւատալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին:

 

Տարածենք