Թիւ 230 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՒԺԸ

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերու ընդմէջէն ազգին դրօշարշաւը ողջունող մեր նախորդ խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, որ սերունդներու երթը պիտի շարունակուի եւ «նոր»երը պիտի յառաջանան «հին»երու ճամբով, դրօշը ձեռին, հաւատքի աչքը՝ հեռաւոր վերջակէտին.- Մասիսին, Վանին ու Մուշին։

«Նոր»երու հանդէպ մեր գրաւը այսօր շահած կը նկատենք, որովհետեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերը եկան ապացուցելու, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. իսկապէս ունի սքանչելի երիտասարդութիւն մը, որ համաշխարհայնացումի այս դարուն եւ նիւթապաշտութեան այս օրերուն, հաւատաւոր ու կամաւոր ձեւով լծուած է հայապահպանման մեծ երթին, միշտ բարձր բռնած գաղափարական այն դրօշը, որ հայութիւնը պիտի առաջնորդէ իր անկատար տենչերուն իրականացման։

Երիտասարդութիւնն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ ազգային, միութենական եւ մշակութային արժէքներ։ Ան է, որ իրեն յաջորդող սերունդին կը սորվեցնէ ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ Երիտասարդ սերունդն է, որ իր խանդով, ձգտումներով եւ իտէալներով անբասիր նկարագրի օրինակը կու տայ զինք ընդօրինակող պատանեկութեան։

Երիտասարդութիւնը յաւիտենական պայքարող ուժն է՝ ի խնդիր ճշմարիտին, գեղեցիկին եւ բարիին, որովհետեւ երիտասարդը բնախօսական իր կազմուածքով ուրիշներէն աւելի անկեղծ, աւելի անձնուէր, անշահախնդիր ու իտէալապաշտ է։

Յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ երիտասարդը բոլորէն աւելի ճկուն է, աւելի խիզախ ու պատրաստակամ, ինքզինք պատշաճեցնելու համար ստեղծուած նոր պայմաններուն եւ միջավայրին։

Երիտասարդը տարեցներու ճամբուն վրայ սպասող պահակն է, անոնց ծանր բեռը իր ուսերուն վրայ առնելու մեծ պատրաստակամութեամբ, եւ անոնց կիսաւարտ գործերը աւելի մեծ թափով շարունակելու անխորտակելի վճռականութեամբ։

Իր բոլոր առաւելութիւններով հանդերձ երիտասարդութիւնը տարիք մըն է, որ իր վտանգաւոր կողմերն ալ ունի միջավայրի ազդեցութիւններու դիւրընկալութեամբ։ Եւ յստակ է, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «միջավայր» այսօրուան կեանքին մէջ…

Քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ ազգեր ունին բազմատեսակ կազմակերպութիւններ, առիթ տալու համար իրենց երիտասարդութեան՝ ընկերային առողջ միջավայրի մէջ կազմաւորուելու, զարգանալու եւ իբրեւ տիպար ու օգտակար քաղաքացիներ պատրաստուելու։

Այսօր աշխարհ կþապրի նիւթի եւ ոգիի պայքարը։ Կա՛մ պէտք է նիւթին հաւատալ եւ ապրիլ իբրեւ խոտ, քար ու կենդանի եւ կամ ոգեկան ուժի թելադրականութեամբ պէտք է ապրիլ իբրեւ տրամաբանութեան, հոգիի եւ բանականութեան տէր ազատ մարդիկ։ Հ.Մ.Ը.Մ. կատարած է երկրորդ ընտրանքը՝ հայոց պատմութեան եւ աւանդութեանց ուղին։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. հայ իրականութեան յարմարագոյն վայրերէն մէկն է, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ հասակ առնել հաւատքի, հայրենիքի, պատիւի եւ ոգեկան արժէքներու պաշտպանութեան ի խնդիր՝ ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առնելով։

Հայ Դատի եւ հայութեան իտէալներուն ջահը վեր բռնած ղեկավարութիւնը իր ջահը սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ վառ պահելու համար այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք ունի երիտասարդութեան։

Երիտասարդութիւնը հայութեան մեծագոյն ուժն է։ Պէտք է օգտագործել գիտնալ զայն, առաւելագոյն արդիւնքը ստանալու համար անկէ։

Պէտք է վստահիլ երիտասարդութեան՝ տեսնելու համար թէ ի՜նչ հրաշքներ կրնայ գործել ան։

 

Տարածենք