Թիւ 356 - ՔԱՆԱԿԸ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ

 

Քանակի եւ որակի խնդիրը նոր չէ։ Յաւիտենական պայքարի մէջ են երկուքը։ Քանա՞կն է, որ որակ կը ծնի, թէ որակն է, որ իր շուրջ քանակ կը համախմբէ։

Երկու պարագային ալ քանակը կարեւոր է, իբրեւ թիւ ու կշիռ։ Ի զուր չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրը ամբողջ գլուխ մը կը յատկացնէ այս մտահոգութեան՝ «Անդամակցութեան թիւի աճ եւ անդամներու պահպանման բարելաւում» վերնագրով։

Քանակի մտահոգութիւնը համահայկական է եւ ունի կենսական նշանակութիւն, որովհետեւ Սփիւռքի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու 96 առ հարիւրը՝ աւելի քան 600 հազար հայորդիներ, այսօր կը յաճախեն ոչ-հայկական վարժարաններ եւ, հետեւաբար, անհասանելի են Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ընդհանրապէս հայկական միութիւններուն։

Ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որպէսզի հայերէնին եւ հայոց պատմութեան անծանօթ այս տղաքը քաջալերուին Հ.Մ.Ը.Մ.ին միանալու։ Ահա՛ առաջնահերթ խնդիրը, որուն լուծում մը պէտք է գտնել շատ արագ՝ համապատասխան ծրագիրներու մշակումով եւ ոչ-հայկական վարժարաններ թափանցումի համարձակ քայլերով։

Վաղուան հայութիւնն են այս տղաքը, եւ կարելի չէ զանոնք անպաշտպան ձգել օտար վարժարաններու երդիքին տակ, ուր ազգային ինքնութիւն, դիմագիծ եւ արժանապատուութիւն բառարանային բառեր են միայն եւ ոչ՝ ապրուող իրականութիւններ։

Կայ նաեւ աշխատանքի անտեսուած այլ դաշտ մը. հայկական նորակազմ գաղութներու միջավայրը։ Պէտք է հասնիլ Եւրոպայի եւ նախկին Խ. Միութեան երկիրներու տարածքին տարտղնուած հազարաւոր հայ երիտասարդներու, որոնք հայապահպանման ո՛չ մէկ կռուան ունին այսօր իրենց շուրջ, զուրկ են վարժարանէ, եկեղեցիէ եւ գաղութային կազմակերպ կեանքէ։ Հսկայ թիւ մըն են անոնք, որոնք մարդկային իրենց ներուժով «օտարին ջաղացքին ջուր կը լեցնեն» միայն։

Իսկ ի՞նչ ըսել այն «ներքին» քանակին մասին, որ յաճախ մեր մէջն է, մեր շուրջն է, սակայն, մեզմէ հեռու է։ Երիտասարդներու կարեւոր թիւ մը այսօր կռնակ դարձուցած է մեր միութիւններուն, որովհետեւ կեանքի ծանր պայմաններու բերումով այլեւս ի վիճակի չէ կամաւոր աշխատանք տանելու։

Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք նոր աշխարհի ազատութիւններէն տարուած՝ չեն կրնար կամ չեն ուզեր յարմարիլ միութենական անդամակցութեան խիստ պայմաններուն եւ կը նախընտրեն համակիր մնալ՝ քան երդուեալ միութենական ըլլալ։

Ու դեռ, սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ, նկատելի է, որ մեծաթիւ երիտասարդութիւն մը դարձած է դժուարահաճ։ Երիտասարդներ չեն բաւարարուիր այլեւս փոքր յաջողութիւններով, դուրսի նուաճումները տեսնելով՝ կը փափաքին նաեւ միութիւններու ներսը կրկնել զանոնք, ու երբ չեն յաջողիր, յուսախաբութիւններ կ’ապրին, դառնութիւններ կ’ունենան եւ ընդմիշտ կը հեռանան։

Ասոնք բոլորը լուրջ մտահոգութիւններ են, որոնց հետ կարելի չէ հաշտ ապրիլ։ Կացութեան չհամակերպիլը հարցերու լուծման առաջին քայլն է, որուն կը հետեւի նորութիւններու փնտռտուքի հանգրուանը։ Նորութիւն՝ ծրագիրներու, նորութիւն՝ անոնց ներկայացման ձեւերու, նորութիւն՝ կառուցային մօտեցումներու մէջ։

Իսկ այս բոլորէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ մտածել քանակը որակի վերածող դաստիարակչական հսկայ աշխատանքին մասին։

Տարածենք