
440 — ՄԻՋՈՑ ԵՒ ՈՉ` ՆՊԱՏԱԿ (ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒՒԹԻՒՆԸ ԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ը)
Աշխարհը կ’ապրի արագ զարգացող արհեստագիտական ժամանակի մը մէջ։ Ամէն օր կը ստեղծուին նոր միջոցներ եւ կարելիութիւններ, որոնք կը փոխեն մեր կեանքին ձեւը, աշխատանքին ընթացքը եւ հաղորդակցութեան եղանակը։ Նորութիւններու շարքին լայն տեղ կը գրաւէ արհեստական բանականութիւնը՝ AI-ը, որ մեծ ազդեցութիւն ունի կրթութեան, գիտութեան, քարոզչութեան եւ հասարակական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։ Հայ կեանքը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւս հեռու չեն,- չե՛ն կրնար ըլլալ,- այս նորութիւններէն, մանաւանդ՝ AI-էն։ Իբրեւ հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան նուիրուած համահայկական կառոյց, Հ.Մ.Ը.Մ. աւելի քան մէկ դար զանազան միջոցներով կար…
→












































































































































































































































































































































