ՏԻՐՈՒՀԻ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանի վերջին քառորդ դարու պատմութեան ամէնէն տիրական եւ հեղինակաւոր դէմքն է քոյր Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոֆիայի մասնաճիւղի վերականգնումէն ետք (1991), ամէնէն ժրաջան պատասխանատուն եւ գործունեայ վարչականը։

Քոյր Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան ծնած է 23 Օգոստոս 1944-ին։ Ան դուստրն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն եղբ․ Տիգրան Պարտիզպանեանին, որ համայնավար իշխանութեան օրերուն, իր եւ իր ընտանիքին ապահովութիւնը վտանգելով՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Պուլկարիոյ դրօշակը, արխիւները եւ գոյքերը պահած է տունը՝ մինչեւ այն օրը, երբ ստիպուած է այրել զանոնք, համայնավար իշխանութիւններուն չյանձնելու համար։

Քոյր Տիրուհի Գրիգորեան Հ․Մ․Ը․Մ․ին կ’անդամակցի 1992 թուականին, Պուլկարիոյ համայնավար իշխանութեան տապալումէն ետք, թէեւ մանուկ տարիքէն ան միշտ Հ․Մ․Ը․Մ․ական նկատած է ինքզինք։ Քոյր Գրիգորեան միութենական դաստիարակութիւնը կը ստանայ հօրմէն՝ Տիգրան Պարտիզպանեանէն եւ անոր անմիջական գործակից ու գաղափարակից՝ եղբ. Խորէն Քիրազեանէն, որոնք երկար տարիներ, մինչեւ իրենց մահը եղած են հաւատաւոր ու գործօն միութենականներ։

2006 թուականէն մինչեւ անողոք հիւանդութիւնը քոյր Տիրուհի եղած է Պուլկարիոյ շրջանին կապը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ։ Նոյն թուականէն ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ ատենապետներու խորհուրդին ատենապետը։ 1992-էն սկսեալ ան վարչական պաշտօններ վարած է Սոֆիայի մեկուսի շրջանէն ներս։ Իբրեւ ատենապետներու խորհուրդի ատենապետ, աւելի քան տասնամեակ մը ան հանդիսացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ աշխատանքները վարողն ու համադրողը։ Իր ջանքերուն շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանը տարեկան դրութեամբ կազմակերպած է ընդհանուր բանակումներ, որոնց Կեդրոնական Վարչութիւնը գործուղած է խմբապետ-խմբապետուհիներ, աշխատանքներուն օժանդակելու եւ խմբապետական վերաորակաւորման ծրագիրներուն մղում տալու համար։

Քոյր Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան մասնակցած է Հ․Մ․Ը․Մ․ի Թ. եւ Ժ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն (2007 եւ 2011, Ծաղկաձոր), միջ-դիւանական Է. եւ Ը. ժողովներուն (2009 Փարիզ, 2013 Նիկոսիա)։ Քոյրը գլխաւորած է համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական Է. եւ Թ. մարզախաղերուն Պուլկարիոյ պատուիրակութիւնները (2005 Աթէնք եւ 2013 Երեւան)։

Առ ի գնահատանք իր երկարամեայ վաստակին, քոյր Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան 25 Յունիս 2022-ին արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արտակարգ» շքանշանին։

Քոյր Տիրուհի Պարտիզպանեան-Գրիգորեան անողոք հիւանդութեան դէմ երկար պայքարէ ետք, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ 9 Հոկտեմբեր 2025-ին։

ՏԻՐՈՒՀԻ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՏԻՐՈՒՀԻ ՊԱՐՏԻԶՊԱՆԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Privacy Preferences

When you visit any website, it may store or retrieve information through your browser, usually in the form of cookies. Since we respect your right to privacy, you can choose not to permit data collection from certain types of services. However, not allowing these services may impact your experience.