ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի երախտաշատ դէմքերէն մէկն է բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եղբ. Յարութ Չէքիճեան։
Եղբ. Յարութ Չէքիճեան ծնած է 1949-ին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին, իսկ համալսարանական կրթութիւնը՝ Հայկազեան Համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով բնագիտութեան ելեկտրոնային ճիւղին մէջ (Physics major, Electronics minor)։ Հետագային, երկու տարի` 1971-1973 ան մասնագիտութիւնը կատարելագործած է Մ. Նահանգներու մէջ։
Եղբ. Յարութ Չէքիճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1958-ին, իբրեւ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտ եւ շարունակած է սկաուտական շարքերու մէջ գործել մինչեւ 1971։ Եղած է Աքելլա, ապա՝ Խմբապետ։ 1964-ին, եղբ. Յարութ մասնակցած է արաբական 6-րդ ճէմպորիին, Ապուքիր, Եգիպտոս, հանդիսանալով Լիբանանի պատուիրակութեան լաւագոյն սկաուտը:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եղբ. Յարութ Չէքիճեան երկար տարիներ ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ։ 1973-1977, Յորդանան կեցութեան շրջանին, ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ երիտասարդականի պատասխանատու։ 1982-1984, ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ: 1988-1993, երկու շրջան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ:
1985-1988 եւ 1993-1995, երեք անգամ ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ:
1999-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթներորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին (Ատմա, Լիբանան), ան ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, վարելով ատենադպրութեան եւ սկաուտական ներկայացուցչութեան պատասխանատուութիւնները։
Իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եղբ. Յարութ Չէքիճեան 1999-2003 մաս կազմած է Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եռանդամ պատուիրակութեան, յատկապէս զբաղելով Կոմիտէի կանոնագրութեան մշակումով։
Միութենական իր գործունէութեան առընթեր, եղբ. Յարութ Չէքիճեան 1992-1998 մաս կազմած է Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, 1996-1998 վարելով Խորհուրդին ատենապետութիւնը։
Երկարամեայ իր վաստակին առ ի գնահատանք, եղբ. Յարութ Չէքիճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առիթով, 10 Մարտ 2019-ին, պարգեւատարուած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։
Գիրի եւ գրականութեան մարդ, եղբ. Յարութ Չէքիճեան երկար տարիներ աշխատակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին՝ լոյս ընծայելով ուսումնասիրական-փաստագրական արժէքաւոր յօդուածաշարքեր եւ հրապարակագրական ակնարկներ։ «Մարզիկ»ի մէջ հրապարակած գրութիւններէն յատկապէս կ’արժէ յիշել հետեւեալները.- «Անվեհերները» (2000), «Ամրապնդենք բարոյական արժէքները» (2000-2001), «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր Հայաստանի մէջ, 1918-1927» (2021-2022) եւ Սկաուտական յուշեր (2024-2025)։
2024-ին, ազգային-քաղաքական իր յօդուածներէն մաս մը, հաւաքուեցաւ եւ «Ազդակ»ի մատենաշարով լոյս տեսաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» խորագրեալ հատորով։ Ան մէկտեղած եւ ցանցային տարբերակով հրատարակութեան պատրաստած է երկու այլ աշխատասիրութիւն եւս. «Հայկական Սփիւռքը» եւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. 1918-1927»։ Երկրորդ աշխատասիրութիւնը եղբ. Աբրահամ Ահարոնեանի կողմէ Արժանթինի մէջ թարգմանուած է սպաներէնի։
Եղբ. Յարութ Չէքիճեան ստեղծած է ազգային-միութենական իր յօդուածները մէկտեղող անձնական կայքէջը՝ haroutchekijian.wordpress.com
Եղբ. Յարութ Չէքիճեան ամուսնացած է Շողիկ Զաքարեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու զաւակով` Ռազմիկ եւ Արին։
Յետ-կարճատեւ հիւանդութեան, եղբ. Յարութ Չէքիճեան մահացաւ 22 Օգոստոս 2025-ին։