ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՂԱՐԴ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՂԱՐԴ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳԵՂԱՐԴ

Եղբ. Յարութիւն Գեղարդ, բուն անունով Յարութիւն Գազանճեան, ծնած է 1928-ին, Գոնիա։ Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կարճ շրջան մը մնալէ ետք՝ 1932-ին կը հաստատուի Պէյրութ։

Եղբ. Յարութիւն Գեղարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ՚անդամակցի 1936-ին, մաս կազմելով Պէյրութի մասնաճիւղի գայլիկական շարքերուն։ Կ՚ըլլայ բազմաշնորհ մարզիկ։ Կը կիրարկէ պասքէթ, ֆութպոլ, գօտեմարտ, փինկ-փոնկ, թենիս, ձողի վրայ մարմնամարզ, հեծիկ եւ լող։ Շրջան մը կը վարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետութիւնը։ 1971-1974, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։ Կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Պատգամաւորական 19-րդ եւ 20-րդ ժողովներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին 6 Պատգամաւորական Ժողովներուն։ Երեք շրջան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան (1979-1983, 1983-1987, 1991-1995)։ Կ՚արժանանայ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։ Յարութիւն Գեղարդ կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ի հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչներէն։ Ան կը հեղինակէ բազմաթիւ գիրքեր։ Կը մահանայ 14 Մարտ 2006-ին։

Տարածենք